ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
Երեւան եւ Թեհրան կ՚ընթանան իրենց յարաբերութիւնները ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու ճանապարհով։ Կը նախատեսուի, որ այս ուղղութեամբ մօտաւոր ապագային ստորագրուի փաստաթուղթ մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Սպիտակ տան մէջ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու համայնապատկերին վրայ՝ այս այցելութիւնը բացառիկ նշանակութիւն ստացաւ, որովհետեւ Իրան արդէն չէր թաքցներ իր մտահոգութիւններն ու անհանգստութիւնները։ Փաշինեան եւ Փեզեշքիան երէկ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Երկու ղեկավարներուն ընկերակից պատուիրակութիւններու անդամներն ալ առանձին քննարկումներ ծաւալեցին Երեւանի մէջ։ Նախագահի եւ վարչապետի ներկայութեամբ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրուեցան՝ զանազան ոլորտներու նախարարներուն կողմէ։ Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան եւ Փեզեշքիան սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեանի եւ Փեզեշքիանի բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ արձանագրուեցաւ, որ հաշուի առնելով երկու երկիրներու ընդհանուր շահերը Պարսից ծոց-Սեւ ծով երթուղիի ամրապնդման հարցին մէջ՝ կողմերը շեշտեցին համապարփակ փոխադրութեան համագործակցութեան խթանման, փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու եւ տարանցիկ ուղիներու զարգացման անհրաժեշտութիւնը՝ ներառեալ արագացնելով երկու երկիրներու սահմանին Արաքս գետի վրայ երկրորդ կամուրջի մը կառուցումը, նոր սահմանային անցակէտերու զարգացումն ու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ կնքուած համաձայնագրերու շրջանակներէն ներս ճանապարհային վճարներու նուազեցումը։
Հաստատուեցաւ Հայաստանէն Իրան ելեկտրական ուժանիւթի փոխանցման երրորդ գծի կառուցման նախագծի կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով նշեալ նախագիծը արագ աւարտելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ կողմերը աջակցութիւն յայտնեցին կազի եւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակման մասին համաձայնագրի շրջանակներէն ներս երկու երկիրներու միջեւ կազի եւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակման աւելացումը։
Ընդգծուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցային ենթակառուցուածքներու զարգացման կարեւորութիւնը՝ ներառեալ միջազգային փոխադրութեան ուղիներու, ենթակառուցուածքներու, ճանապարհներու ամբողջականացումն ու տարանցիկ ուղիներու զարգացումը, ինչ որ պիտի ապահովէ երկու երկիրներու տարածաշրջանային դերակատարութեան բարձրացումը։ Կողմերը վերահաստատեցին Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը եւ ընդգծեցին փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակումը պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ազգային ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան շրջանակներէն ներս՝ փոխադարձութեան հիման վրայ։
Աջակցելով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի վերաբերեալ զգալի զարգացումներուն՝ Իրան ընդգծեց տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար ինքնիշխանութեան, քաղաքական անկախութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան նկատմամբ յարգանքի անհրաժեշտութիւնը։
Համատեղ յայտարարութեան մէջ կողմերը աջակցութիւն յայտնեցին տարածաշրջանային համագործակցութեան դրութիւններուն՝ ներառեալ «3+3» խորհրդակցական հարթակի ձեւաչափի խթանումը։ Կողմերը ընդգծեցին համաշխարհային եւ տարածաշրջանային կարեւոր հարցերու նկատմամբ մօտեցումներու մերձեցման միտուած շարունակական խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին սերտօրէն համագործակցելու տարածշրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ մանաւանդ ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս։
Փեզեշքիանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութիւնն ու անխափան հաղորդակցութիւնը երկու կողմերուն տեսակէտէ ունին կենսական նշանակութիւն։ Իր խօսքով, Երեւանի բանակցութիւններուն ժամանակ հանգամանօրէն քննարկուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցերը, որոնք Հայաստանի կառավարութեան առանցքային առաջնահերթութիւններու շարքին են։ «Այս հարցին շուրջ Հայաստանի պատկերացումները ամփոփուած են «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մէջ։ Բազմիցս բարձր մակարդակով ողջունուած է բարեկամ Իրանի ներկայացուցիչներու կողմէ։ Հայաստանն ու ողջ հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատեն Իրանի յստակ դիրքորոշումը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ։ Հայաստանի եւ Իրանի համար մեր պետութիւններու միջեւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութիւնն ու անխափան հաղորդակցութիւնը ունին կենսական նշանակութիւն», ըսաւ Փաշինեան։
Նոյն ամբողջին մէջ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ անցեալ օգոստոսի 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրին եւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնութեան։ Իր խօսքով՝ այս գործընթացը միտուած է մեծ հեռանկարներ բանալու ամբողջ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման համար։ Փաշինեան շարունակեց.
«Ես ուրախ եմ եւ շնորհակալ եմ նախագահ Փեզեշքիանին այս համաձայնութիւններու մասին առարկայական գնահատականներուն համար։ Ատրպէյճանի հետ մեր առանցքային համաձայնագրերէն մէկը տարածշրջանէն ներս հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման կը վերաբերի՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ լիակատար փոխադարձ յարգանքով։ Գործնականին մէջ սա նոր դռներ կը բանայ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկաթուղային համագործակցութեան համար՝ ներառեալ Նախիջեւան-Ջուղա երկաթուղիին միջոցաւ, ինչ որ կը նշանակէ Իրանի երկաթուղիին հասանելիութիւնը դէպի Հայաստան եւ ի վերջոյ դէպի Սեւ ծով»։ Վարչապետը աւելցուց, որ սա ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։ Հայաստան վստահ է, թէ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը պէտք է ծառայէ իր տարբեր գործընկերներու միջեւ երկխօսութեան խթանման։ «Կը փափաքիմ անգամ մը եւս յստակ ընդգծել, որ Հայաստանով անցնելիք հաղորդակցութեան ուղիները պիտի գտնուին բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան ներքեւ, անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ Հայաստանը եւ ոչ թէ որեւէ երրորդ երկիր», վստահեցուց Փաշինեան։
Այս կապակցութեամբ Մեսուտ Փեզեշքիանն ալ շեշտեց, որ Թեհրանի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։ Ան ըսաւ. «Իրան դէմ է տարածաշրջանէ ներս սահմաններու փոփոխութեան»։ Վարչապետ Փաշինեանի հետ նեղ եւ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններէն վերջ, Փեզեշքիան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց. «Իրանի դիրքորոշումը սահմաններու անփոփոխութեան մասին է ու համոզուած ենք, թէ այդ փոփոխութիւնը աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան պատճառ կրնայ դառնալ։ Կովկասէ ներս կառավարումը պէտք է ըլլայ կովկասեան երկիրներու կողմէ»։ Փեզեշքիան հերթական անգամ ընդգծեց, որ դէմ են տարածաշրջանի հարցերու արտապատուիրակման՝ արտատարածաշրջանային երկիրներու։ «Համոզուած ենք, թէ տարածաշրջանէն ներս ղեկավարումը պէտք է ըլլայ Կովկասի երկիրներուն ձեռքը եւ խնդիրներու արտայանձնումը տարածաշրջանէն դուրս երկիրներու պիտի բարդացնէ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է Իրանի տեսակէտէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։ «Մեր համատեղ սահմանին երրորդ ուժերու ներկայութեան վերաբերեալ մեր մտահոգութիւնը պէտք է փարատուի», շեշտեց Մեսուտ Փեզեշքիան։
Փաշինեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հնչած յայտարարութիւններուն առընթեր, Իրանի նախագահը իր երկրի մտահոգութիւններու փարատման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ գրառում մըն ալ ըրաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Կարգ մը վերլուծաբաններ այս հանգամանքի լոյսին տակ յառաջ քշեցին այն տեսակէտը, թէ Թեհրանի մտահոգութիւնները չեն յաղթահարուած։
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր երկրի լրատուամիջոցներուն հետ զրուցելու ընթացքին դիտել տուաւ, որ Հայաստան հաւաստիացուցած է, թէ իր տարածքէն Իրանի դէմ երբեք որեւէ սպառնալիքի թոյլ պիտի չտայ։ «Հայկական կողմը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Ուաշինկթընի մէջ վերջերս տեղի ունեցած քննարկումներուն վերաբերեալ եւ վստահեցուց, թէ տեղեակ է Իրանի կողմէ գծուած կարմիր գիծերուն եւ միշտ ուշադրութիւն կը դարձնէ անոնց նկատմամբ։ Այս հաւաստիացման հիման վրայ Հայաստան երբեք թոյլ չի տար Իրանի դէմ իր տարածքէն որեւէ սպառնալիքի», ըսաւ Արաղչի։
Փաշինեանի եւ Փեզեշքիանի քննարկումներուն առընթեր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ Ապպաս Արաղչիի հետ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարները կարեւորեցին երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման համատեսքին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ քննարկեցին այս ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքները։ Անոնք եւս անդրադարձան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման միջոցաւ ընձեռուելիք հնարաւորութիւններուն եւ այս հարցին շուրջ ձեւաւորուած փոխադարձ ըմբռնման։