ՎՇՏԻ ԾԻԾԱՂԸ
Նախապէս յօդուածով մը բացատրեցինք, թէ տխրութիւնը իր ծայրայեղ վիճակին հասնելով ինչպէս կրնայ յեղաշրջուիլ եւ դառնալ ծիծաղի ու պարի. կայ տխրութեան մակարդակ մը, ուր մարդ իր տխրութենէն կը սկսի ծիծաղիլ, պարել ու խնդալ, որոնք հակադիր ազդեցութիւնն են տխրութեան ու վիշտին: Նման բան միայն հեքիաթներու եւ ժապաւէններու մէջ չի կատարուիր. մարդկային պատմութիւնը լեցուն է նման պարագաներով:
Մի քանի օրեր առաջ կը կարդայի մոռցուած հայ մտաւորականի մը պատմուածքները, որոնցմէ մէկուն մէջ՝ «Վշտի ծիծաղը» կը ներկայացնէր նոյն երեւոյթը, ուր մարդիկ իրենց նեղութենէն կը սկսին ծիծաղիլ ու պարել։ Մոռցուած մտաւորական կ՚ըսեմ, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, մեր գրականութեան պատմութեան մէջ ամէն գրող չէ՛ արժանացած անհամանալու փառքին՝ հակառակ անոր, որ անոնք նուազ մտաւորականներ չեն քան անոնք՝ որոնք արժանացած են այդ փառքին: Մտաւորականը, որուն պատմուածքները կը կարդայի, վստահաբար, շատերուն ծանօթ չէ. Առանձար. հեղինակ՝ որ ապրած է ընդամէնը 36 տարիներ ու այդ կարճ ժամանակուան մէջ յաջողած է ստեղծագործել մի քանի աշխատութիւններ. ինչպէս օրինակ՝ «Փրկիչներ» թատերախաղը, «Երկու պատկեր», «Հագուս համար» պատմուածքները եւ ուրիշներ: Առանձար անուն մըն է, որ լսուած չէ նոյնիսկ սփիւռքի մէջ։ Այո՛, կ՚ընդունինք, որ իր գրական վաստակը այնքան ալ մեծ չէ ինչպէս այլ գրողներ, սակայն, այս անունը եւս պէտք է յիշել, մանաւանդ նկատի ունենալով եղած է ուսուցիչ, տնօրէն եւ մօտաւորապէս տասներկու տարի աշխատակցած Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսած «Մուրճ» ամսագիրին՝ ուր հրատարակուած է անոր բոլոր պատմուածքներն ու գործերը:
Վերադառնանք մեր նիւթին.
Առանձար «Վշտի ծիծաղ» աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ Լենկթիմուրի յարձակումներն ու մարդոց չարչարանքը. Լենկթիմուր իր օգնականին՝ Խալիլին հետ՝ որ ծանօթ էր «Դժոխքի կրակ» անունով, կը յարձակի Սեբաստիոյ վրայ: Լենկթիմուր իր մօտ կանչելով օգնականը կ՚ըսէ. «Վաղը արեւի ծագումէն մինչեւ մուտքը քեզի ժամանակ. քաղաքը պէտք չէ հիմնայատակ կործանես եւ բնակիչները պէտք չէ բնաջինջ ընես։ Այլ այնպիսի դաս մը պէտք է տաս, որ մնացողները այլ եւս բան մը չունենան այս աշխարհի վրայ եւ ապրելու ախորժակը կորսնցնեն»։ Իրականութեան մէջ այս նկարագրութիւնը կը կարեւորենք, որովհետեւ ապրելու ախորժակը կորսնցնելը շատ անգամ մահանալէն ալ գէշ է, որովհետեւ մահացողը իր տառապանքին գիտակցութիւնը չ՚ունենար, սակայն, կենդանի մահացածը իր մեռելութեան մէջ կը զգայ ցաւը այդ բոլորին: Լենկթիմուր չէր ուզեր սպաննել, այլ կ՚ուզէր տառապանքի նոր մակարդակ մը ստեղծել։ Ըստ Առանձարի պատմուածքին՝ յաջորդ օր օգնականը Խալիլ վերադառնալով կը նկարագրէ վիճակը. «Ո՜վ մեծազօր, հրամանդ գործադրուած է: Այսօր արեւծագէն մինչեւ արեւպատք մեր զօրքը արձակեցի անօրէն քաղաքին վրայ. սպանութիւն, թալան, բռնաբարում հաշիւ չունէին։ Բոլոր իշխանները սաստիկ տանջանքներով սպաննել տուի եւ պահակազօրքէն 40 ընտիր կտրիճներ ողջ ողջ թաղել տուի»:
Այս մէկը չ՚ուրախացներ Լենկ-թիմուրը, որովհետեւ այդ սարսափը եւ հոգեվիճակը, ինչ որ ան կ՚ուզէր ստեղծել, այս մէկը չէր. շնորհակալ ըլլալու փոխարէն կը զայրանայ իր օգնականին վրայ. «Ուրեմն հրամանս դեռ գործադրուած չէ՛» ըսելով կ՚աւելցնէ. «գնա՛ եւ վաղը արեւի ծագումէն մինչեւ մուտքը շարունակէ վրէժի գործը»: Նոյն վայրագութեամբ դարձեալ Խալիլ կը կոտորէ ժողովուրդը, կը բռնաբարէ երիտասարդ աղջիկները, կը սպաննէ երիտասարդներ, սակայն Լեկնթիմուր դարձեալ գոհ չ՚ըլլար: Խալիլ չհասկնալով այս բոլորը երրորդ օր դարձեալ կրկնապատիկ չարչարանք կը թափէ ժողովուրդի գլխուն եւ նոյն գիշեր շուարած կու գայ Լենկթիմուրին տալու օրուան տեղեկութիւնը եւ կ՚ըսէ հետեւեալը.
«Ո՛վ տէր, ներէ ինծի, այլեւս իմ ուժէս վեր է այս անօրէն քաղաքը պատժել: Այսօր աննկարագրելի մոլեգնութեամբ շարունակել տուի աւերումի եւ սպանութեան գործը, անհաւատներու գանկերէն հսկայական բուրգ մը կանգնել տուի եւ վիթխարի յիշատակարան մը անոնց ոսկորներէն: Կողոպտելու, թալանելու ալ բան չմնաց: Բայց… բայց հիմա… ողջ մնացածները… փողերով ու թմբուկներով փողոցները ինկած կ՚երգեն, կը պարեն ու կը խնդան»: Այս տեղեկութիւնը ուրախ կը պահէ Լենկթիմուրը եւ այս անգամ իր հրամանը գործադրուած կը համարէ:
Յատկանշական է, որ այս գրութիւնը գրուած է ցեղասպանութենէն տարիներ առաջ եւ իր երեւակայական տեսակին մէջ նոյնիսկ շատ մը հայկական գաւառներու պատկերը կը ներկայացնէ: Այս բոլորը յստակ պատկերն է քաղաքականութեան ինչութեան, որովհետեւ մարդկային պատմութեան մէջ ղեկավարներ հակառակելով իրարու՝ միայն հասարակ ժողովուրդն է, որ տուժած է: Այսօր նոյն այդ սեբաստացիներուն վիճակին մէջ կը գտնուին աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր ազգութիւններ. ինչպէս՝ արցախահայութիւնը, պաղեստինցիները եւ այլն: Այսօր կան բազմաթի՜ւներ, որոնք ապրելու համար ո՛չ մէկ պատճառ եւ նպատակ ունին. անոնց կեանքին մէջ կայ միայն զոհ, թալան, անարդարութիւն եւ ցաւ. սակայն, անոնց նկարները տեսէ՛ք. ժպիտը հոն է, որովհետեւ մարմինը կտրելը դիւրին է, սակայն հոգին դժուար։ Մերօրեայ պատերազմները մարմինէն աւելի հոգի՛ն քանդել կը փորձեն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ եղած է աշխարհի ամենէն անխիղճ ջարդարարը:
Պատասխան. Որպէս աշխարհի ամենէն անխիղճ ջարդարար յիշուած են Ստալինն ու Հիթլերը, սակայն, եթէ նկատի ունենանք սպանութիւնները՝ ապա ամենէն անխիղճը կարելի է նկատել Ստալինը: Անոր իշխանութեան տարիներուն միլիոնաւոր մարդիկ տառապեցան եւ բազմաթի՜ւ մարդիկ սպաննուեցան: Ստալին մարդկային պատմութեան մէջ կը ներկայանայ ամենէն դաժան ու անխիղճ օրինակը, որ ունէր մարդկային կեանքի նկատմամբ ամբողջական անհանդուրժողութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան