ՏԽՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԻԼ ԵՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

Տխրութիւնը մարդկային զգացումներու շարքին ամենէն բնական եւ տարածուած զգացումն է, որ կրնայ յառաջանալ զանազան պատճառներով. կորուստ, մերժում, ձախողութիւն, յուսախաբութիւն, յարաբերութիւններու փլուզում կամ նոյնիսկ անյայտ զգացումի մը մէջէն։ Անգամ մը որ ան կը սկսի տարածուիլ հոգիին մէջ, մարդ կը զգայ, թէ կը խեղդուի, իբրեւ թէ մութ ամպ մը իջած է իր վրայ։ Սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ տխրութիւնը ապրիլը թուլութիւն մը չէ, այլ՝ մարդկային կենսափորձի կարեւոր մէկ մասը։

Տխրութեան առաջին փուլը ընդունիլն է։ Շատեր կը փորձեն խուսափիլ կամ դրդել այդ զգացումը, կարծես ան վտանգաւոր բան մը ըլլայ։ Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ տխրութիւնը ինքզինք կ՚ուզէ արտայայտել՝ լռութեան մէջ, արցունքով, մտատանջութեամբ։ Երբ մենք զայն չենք ընդունիր, ան կ՚աճի մեր մէջ, լուռ ու խոր եւ աւելի ծանր կը դառնայ։ Ընդունիլ՝ կը նշանակէ մենք մեզի արտօնել զգալ առանց դատելու։

Տխրութեան մէջ կայ նաեւ ներքին ուժ։ Երբ մարդը լիովին կ՚ապրի իր տխրութիւնը, ան կը սկսի ինքն իրեն աւելի լաւ ճանչնալ։ Ի՞նչն է, որ կորսուած է, ինչո՞ւ այսքան ցաւոտ է, ի՞նչ կը նշանակէ այդ կորուստը կամ իրավիճակը ինծի համար։ Այս հարցումները մեզ կը մղեն ինքնաքննութեան եւ յաճախ այս ընթացքին կը հասնինք նոր գիտակցումներու։

Յաղթահարելը կը սկսի այն ատեն, երբ մենք որոշում կ՚առնենք յառաջ շարժելու։ Այդ որոշումը չ՚ենթադրեր մոռնալ, անտեսել կամ ժխտել անցածը։ Այլ՝ ընդունիլը եւ միեւնոյն ժամանակ որոշել, որ մեր կեանքը շարունակուելու արժէք ունի։ Այդ որոշումը կրնայ գալ դանդաղ, օր ըստ օրի, ակնթարթ առ ակնթարթ։ Երբեմն մէկ ժպիտ, մէկ հին երգ, կամ ընկերոջ մը հետ խօսակցութիւն կրնայ դառնալ այդ փոփոխութեան նշանը։

Կարեւոր է նաեւ մեր զգացումները բաժնել։ Տխրութիւնը երբեմն մեկուսացում կը յառաջացնէ, բայց կեանքի խաւարը կը մարի, երբ լոյսը կը մտնէ։ Խօսիլ սիրելիներու հետ, գրել, ստեղծագործել, աղօթել կամ բնութեան մէջ ժամանակ անցընել՝ բոլոր այս միջոցները կրնան դառնալ մեր բուժման մասը։

Յաճախ կը վախնանք մեր զգացումները բաժնելէ՝ մտածելով, որ պիտի չհասկցուինք կամ պիտի դատուինք։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ մեր շուրջը կան մարդիկ, որոնք իրենց սեփական տխրութիւնները ապրած են եւ կրնան ըմբռնում ցոյց տալ։ Խօսիլ վստահելի բարեկամի, ընտանիքի անդամի կամ հոգեբանի հետ՝ մեր ծանրութիւնը կը մեղմէ։ Խօսքը գործիք մըն է, զոր մարդուն կը նուիրէ ներքին խաղաղութիւն։

Եւ, պէտք է մենք մեզի ժամանակ յատկացնենք։ Տխրութեան յստակ ժամկէտ մը գոյութիւն չունի։ Ամէն մարդ տարբեր կերպով կը զգայ եւ կը բուժուի։ Համբերութիւն ունենալ մենք մեզի հետ, ներում՝ մեր զգացումներուն եւ հաւատք՝ ապագային. այդ բոլորը միասին կ՚օգնեն վերագտնելու մեր ներքին խաղաղութիւնը։

Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշեցինք, տխրութեան դէմ առաջին քայլը՝ կռուելու փոխարէն զայն ընդունիլն է։ Տխրիլը թոյլ ըլլալու նշան մը չէ։ Մարդկային հոգին պէտք ունի ժամանակ առ ժամանակ կսկիծ ապրելու՝ վերամշակելու իր փորձառութիւնները։ Զանոնք ընդունելով է, որ կը սկսինք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ կ՚ենթարկուինք այս զգացումին։ 

Բազմաթիւ մարդիկ կը դիմեն ժամանակաւոր փախուստներու՝ վատ սովորութիւններու կամ աշխատանքի մէջ կորսուելու։ Այս բաները միայն կարճ ժամանակով թեթեւութիւն կու տան եւ աւելի վերջ նոր ցաւ մը կ՚աւելցնեն։ Իրական զգացական վերականգնումը միայն խորքին մէջ բան մը փոխելն է։

Երբեմն մութ պահերուն միակ լոյսը մարդուն ներքին ձայնն է։ Այն ձայնը՝ որ կը յիշեցնէ, թէ անցեալին ալ դժուար պահերու մէջ եղած ես ու դուրս եկած։ Բան մը պարզ է՝ տխրութիւնը քեզ չի սահմաներ։ Ան անցում մըն է, փուլ մը, բայց ոչ վերջնական նկարագիր։ Ինքզինք սիրելը ամենաուժեղ գործիքն է տխրութեան դէմ։

Արդարեւ, տխրութիւնը մշտական չէ։ Ան ալ, ինչպէս ամէն բան կեանքին մէջ, կու գայ եւ կ՚անցնի։ Բայց երբ անցնի, ան մեր մէջ դրոշմ մը կը թողու՝ աւելի խոր հասկացողութիւն, աւելի մեծ համակրական հասկացողութիւն եւ աւելի ուժեղ հոգի։

Ոչ մէկ զգացում կ՚անցնի ստիպմամբ։ Տխրութիւնը ժամանակ կ՚ուզէ։ Կարեւորն է չհամոզուիլ, որ «ամէն ինչ անմիջապէս լաւ պիտի ըլլայ», այլ ըմբռնել, որ պահ մը պէտք է տրուի զգացումներուն։ Տակաւին կան օրեր, երբ կրկին պիտի վերադառնայ տխրութիւնը, բայց արդէն գիտես՝ ան չի մնար յաւիտեան։

Տխրութիւնը ապրիլը կեանքի մասն է։ Ան կը դարձնէ մեզ աւելի խոցելի, բայց նաեւ աւելի մարդ։ Երբ ընդունինք, ուսումնասիրենք զայն եւ աշխատինք մենք մեր վրայ, մեզի համար նոր սկիզբ մը կը բացուի։ Ճիշդ այդ ընթացքն է, որ մեզ կը դարձնէ աւելի հասուն, զգացականօրէն աւելի կայուն եւ ի վերջոյ՝ աւելի խաղաղ։

Տխրութիւնը ցաւ մըն է, բայց նաեւ ուսուցիչ մը՝ եթէ ունիս համբերութիւն լսելու զայն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 22, 2025