ԼԵՒՈՆ ՄՈԶԵԱՆ (1890 - 1958)
Լեւոն Մոզեան, հայ գրող, ծնած է Շապին Գարահիսար, 5 ապրիլ 1890 թուականին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սվասի մէջ, ապա Պոլսոյ Կեդրոնականի հայկական բարձրագոյն դպրոցէն ներս:
Երիտասարդ հասակին, Պոլսոյ մէջ միացած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ): 1912 թուականին խմբագրած է «Երկունք» թերթը (1912-1914), իսկ աւելի ետք միացած է «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրութեան:
Մեծ արհաւիրքի տարիներուն սկիզբը յաջողած է խուսափիլ ձերբակալուելէ, սակայն ետքը բռնած է աքսորի ճամբան: Այդ ճամբու փորձառութեան մասին յետագային ան պատմած է իր «Աքսորի ոդիսականը» գիրքին մէջ:
1915 թուականին երկու ոստիկաններու ուղեկցութեամբ անցած է Քոնիա, ուր օգտուած է Գարեգին Խաչատուրեան սրբազանի եւ ազգային վարժարանի տնօրէն՝ Մկրտիչ Պարսամեանի օգնութենէն: Քոնիայէն յաջողած է անցնիլ Էրէղլի ու Բոզանթի: Մերսինի մէջ ձերբակալուած է եւ տարուած է Տարսոն ու բանտարկուած: 1916-ին յաջողած է անցնիլ Համա, ուր որոշ ժամանակ մը ապաստան գտնած է: Համայի մէջ Մոզեանը ստացած է Ալի Նուրէտտին անունը եւ պաշտօնավարած է որպէս թուաբանութեան ուսուցիչ1։ 1919 թուականին անցած է Հալէպ եւ անյտեղէն ալ Ատանա, ուր եւ ամուսնացած է: Ատանայի մէջ սկսած է հրատարակել «Guiliguia» (Կիլիկիա) թերթը, որ լոյս տեսած է երկու տարի, 1919-1921: 1920 թուականին, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Պոլիս եւ աշխատակցած է «Ճակատամարտ» թերթին:
Քեմալականներուն Պոլիս ներխուժումին պատճառով դարձեալ աքսորի ճամբան բռնած է: Սկիզբը անցած է Յունաստան (Թեսաղոնիկէ), ուր 1923-ին, հրատարակած է «Ալիք» թերթը:
Լեւոն Մոզեան 1925-ին ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած է Ֆրանսա, Փարիզ, ուր մնացած է մինչեւ մահը:
1929-ին, Սիմոն Վրացեանին, Մկրտիչ Պարսամեանին, Լ. Գրիգորեանին, Վազգէն Շուշանեանին, Կ. Սասունիին, Շաւարշ Նարդունիին եւ Օհան Կարոյին հետ, հիմնած են «Նահատակ գրողներու ընկերները» միութիւնը, որու նպատակը եղած է հրատարակել ցեղասպանութեան տարիներուն զոհածուած հայ գրողներուն ստեղծագործութիւնները:
1930-ին Ֆրանսայի քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է: Նոյն տարին «Արփի» գրախանութին կողմէ պատասխանատուութիւն ստանձնած է կազմելու «Ամենուն հասցէն» տեղեկատուական գիրքը: Երկու յաջորդական տարիներ 1931 եւ 1932 Մոզեան պատրաստած է «Ամենուն Հասցէն»:
1932-1933 տարիներուն Վազգէն Շուշանեանին եւ Մեսրոպ Գույումճեանին հետ հիմնած եւ հրատարակած են «Մարկտոց» թերթը: Այս թերթը հարտարակած են՝ իրենց դժգոհութիւնը յայտնելով ՀՅԴ-ի Ֆրանսայի թեւին որդեգրած ուղղութեան համար, ինչ բանի պատճառով ալ հեռացուած է կուսակցութենէն:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք Բիւզանդ Թօփալեանի եւ Լեւոն Չորմիսեանի հետ Փարիզի մէջ կը հրատարակեն ու կը խմբագրեն «Արեւմուտք» շաբաթաթերը (1945-1952): Մոզեան աշխատակացած է բազմաթիւ պարբերականներու. ինչպէս՝ «Յառաջ», «Ազատ Խօսք», «Ազդարար», «Պայքար», եւ այլն: Ան նաեւ կատարած է թարգմանութիւններ Տոսթոեւսքիէն, Գաբրիէլ տ՚Աննունցիոյէն եւ ուրիշներէն: Ան հեղինակած է նաեւ գիրքեր. Ինչպէս՝ «Աքսորի ոդիսականը», «Հայ գաղթաշխարհը իր գոյութեան հարցականին առջեւ», եւ այլն:
Լեւոն Մոզեան մահացած է 9 դեկտեմբեր 1958 թուականին եւ թաղուած է Փարիզի Պանիոյի գերեզմանատան մէջ:
«Հայ գաղթաշխարհը իր գոյութեան հարցականին առջեւ» գիրքին մասին, Սեզան (Սիրան Տաճատ Զարիֆեան) լայնօրէն անդրադարձած է իր հրատարակած «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերականին մէջ: Նիւթը այժմէական ըլլալուն այդ գրութիւնը կը ներկայացնենք այստեղ.
* Որովհետեւ, կը հաստատէ Մոզեան՝ անհատի մը հոգեկան անարգել ու ամբողջական զարգացման բնական մթնոլորտը իր ազզին մեջ է եւ «լեզուն ա՛զգն է. ինչպէս ոճը մա՛րդն է»: Անիկա կրնար սքանչելի օրինակը տալ ամերիկացի ազգին, որ անգլիերէնը պատշաճեցնելով իր նոր երկրին նոր պահանջներուն, եւ այլազան ցեղերէ կազմուած հաւաքականութիւնը վերածելով ընդհանուր յայտարարի մը իր հանրային վարժարաններու միջոցաւ, յաջողեցաւ կազմել «Ամերիկացի ազֆը»ը, որ քիչ ժամանակէն առանց այլեւայլի պիտի ըսէ, թէ կը խօսի «ամերիկերէն»: Հնչիւնը (ռնգային), բառերու եւ բացատրութիւններու ինքնատպութիւնը (ռամկերէն), լեզուին առընթեր ստեղծուած հոգեբանութենէն բխած բոլորովին նոր ձեւ կազմութիւնը նախադասութիւններուն կը զատորոշեն անգլիացին եւ ամերիկացին: «Ամերիկերէն»ը բարբառ չէ, ինչպէս Եորքշայրին կամ Լանքէշայրինը, այլ է՛ լեզու մը, ինչպէս սկովտերէնը, իրլանտերէնը, թէեւ դեռ չհասած իր ամբողջական տիրացումին:
Բացառիկ կերպով շեշտելէ վերջ, թէ հրեաները «ազգային միութիւն առաջ բերելու եւ միացեալ ու մէկ հոգեբանութիւն ստեղծելու համար, Պաղեստինի տիրելէ վերջ կենդանացուցին լեզու մը, որ Քրիստոսէ հինգ դար առաջ մեռած էր»՝ ան կ՚եզրակացնէ. «Լեզուն կա՛յ ու կը մնա՛յ մեր գլխաւոր զէնքը, մնացեալ բոլոր ազդակներէն շատ առաջ, հայը հայ պահելու մեր պայքարին մէջ»:
Խիստ հետաքրքրական բաղդատութիւն մը ընելէ վերջ հրեաներու եւ հայերու ներքին թէ արտաքին «ենթադրեալ» նմանութիւններուն, (էջ 128-155), մանաւանդ, շեշտելէ վերջ անոնց ցեղային հեռատեսութեան աչքառու հետեւողականութիւնը «աղջիկ տալու բայց աղջիկ չառնելու», կ՚անցնի (էջ 156) մեր մայր հայրենիքին եւ գաղութներուն փոխյարաբերութեան, որ «սերտ ու շարունակական» ըլլալու պարագային միայն կրնայ «զարթուցիչ ժամացոյցի նման» հոգեկան վերանորոգումի կանչել շրջապատի ազդեցութենէն ընդարմացած հայութիւնը: Այդ առթիւ Մոզեան կը թելադրէ երկրի ղեկավարներուն աչքի առջեւ ունենալ գաղութներու երիտասարդ սերունդին ուծացման պատճառները, թէեւ, անոնց պտղութեան մեջ դեր ունին նաեւ այն հայերը, որոնք դեռ «քաղաքականութիւն» կը փորձեն անթիւ ձախորդութիւններէ վերջ: Մոզեան խորապէս հաւատք չունի հայրենիքի եւ գաղութներու յարաբերութեան դրական արդիւնքին մասին, անոր ազդեցութիւնը «համեմատական» կը գտնէ եւ կը կարծէ, թէ «ներկայ հակումներ»ն իսկ կրնան անհետիլ, երբ չքանայ զանոնք արգասաւորող «զգացական աշխարհը» երէց սերունդին:
Իսկ «ներգա՞ղթ»ը:
Յուսահատութեան շեշտը ակներեւ է հոս, որովհետեւ Լեւոն Մոզեան մէկ կողմ հրելով զգացականը, կը մտնէ դրականին մէջ, պիտի ըսեմ կը մխրճուի՜, ուրկէ ան դուրս պիտի գայ ժխտելով ներգաղթի յաջողութիւնը: «40 տարեկանին հասած ծնողքը պիտի չուզէ ներգաղթել դէպի «սիրելի՜» բայց «օտար» հայրենիքը. իսկ անոնց 10-12 տարեկան տղաքը պիտի հետեւին ծնողքին, բնականաբար (էջ 159-161). իսկ, եթէ երբեք խանդավառութեան մթնոլորտ մը ստեղծուելով, այդ տարիքին սերունդը ուզէ՛ մեկնիլ, կա՛ն՝ խոշոր զանգուած մը Հայաստանի սահմաններեն ներս մէկ անգամէն ընդունելու եւ մեծ ծախսի՝ խնդիրները»: Հոս պէտք է նշել սակայն որ այդ տեսակ զանգուածային զաղթ կարելի՛ է միմիայն Հայաստանի ներկայ սահմանները ընդլայնուած ըլլալու պարագային (…), Այդ պարագային Բարեգործականի միլիոնները 250,000էն շատ աւելի հայեր կարող են փոխադրել եւ նոյն իսկ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել: Մեծ դիւանագէտ Նուպար Փաշայի ծրագիրը կրնայ սեղանի վրայ գալ օր մը, երբ ՄԱԿ-ը այնքան ազդեցութիւն ունենայ, որ կարենայ խաղաղ միջոցներով տեսնել արդարութեան դատը: Երիտասարդ Թուրքիա ալ գուցէ համոզուի, թէ կովկասեան երեք անկախ պետութիւններու գոյութիւնը իր սահմանագլուխին վրայ, աւելի քաղաքական արժէք կը ներկայացնէ քան «այդ հողերը մեր սի՛րտն են, մեր թոքե՛րն են» ջղաձգական ճիչերը:
«Քաղաքական քոմփլեքս»ի ենթակայ զանգուածը գաղութահայութեան կամ «արմատներ խրած»ները ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ չե՛ն: Լեւոն Մոզեան կը մոռնայ, թէ Թրանսիլվանիոյ կամ Լիբանանի եւ կամ այլ ներգաղթող ու կորսուեալ հայութիւնը չունէր միջոցներու այն բազամազանութիւնը, զոր մենք ունինք այժմ: Անոնք մեկուսացա՜ծ էին…: Ու ճիշդ հրեաներու օրինակով, լեզուն եւ բարքերը կորսնցուցած հայը մէկ օրէն միւսը կրնայ ե՛տ գալ, որովհետեւ, հայրենիքին մէջ կրնայ միայն ԴԻՄԱԳԻԾ ունենալ:
Լեւոն Մոզեան կը ժխտէ նաեւ Մխիթարեաններու օրինակը (օտար հողի վրայ հայ մնալ եւ հոգեւին կապուած մնալ հայ ժողովուրդին) տալով անոնց պայմաններուն տարբերութիւնը գաղթաշխարհի ներկայ սերունդներու պայմաններէն:
«Հինգշաբթիներու ցնորքը» - հայերէն դասեր շաբաթը անգամ մը - կ՚ընդունի նոյն յոռետեսութեան նշդրակը. «Երէց սերունդը իր խիղճն է, որ կը փրկէ», կ՚ըսէ Մոզեան:
Փշոտ հարց մը (էջ 168), որ այս առիթով ալ գլուխը կը ցցէ, այդ գաղութներու հայութեան ճշգրիտ թիւը չգիտնալն է: Բազմազան ընկերութիւնները, եկեղեցիները չեն կրցած կազմակերպուած արձանագրութիւն մը պահել: Լեւոն Մոզեան ինքն ալ ստիպուած է ենթադրութիւններու վրայ յենլով գտնել թիւը անոնց, որոնք «հայերէն» կը սորվին Փարիզի մեջ: Ողբալի՜ է այդ թիւը: «9000-էն հազիւ 20 հոգիի պիտի կրնայինք կանոնաւոր հայերէն սորվեցնել» կ՚եզրակացնէ, զանազան հաշիւներ ընելէ վերջ: Եւ այդ քսանն իսկ ապարդիւն աշխատանքի վճիռով կը նետէ մէկ կողմ ու կը ցաւի անոնց վրայ, որոնք ահագին զոհողութիւններու գնով կը կազմակերպեն այդ դասընթացքները: Կեանքի ասպարէզին, այդ քսանն ալ միջոց չունի գործածելու հայերէնը (էջ 175):
Այսքան յոռետեսութենէ վերջ բնական է ուզենք գիտնալ, թէ ո՞ւր պիտի յանգին Լեւոն Մոզեանի դրական, չըսենք անողոք վճիռները:
Ուրեմն ձե՞ռք քաշենք «վտանգուած» սերունդներէն: Եւ ո՞ր երկրին սերունդները չեն վտանգուած…:
Երբ կը կարդանք ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ խորագիրը՝ պահ մը շունչ կ՚առնենք.- Ա.- դպրոցական քաղաքականութիւն ստորաբաժանումը յոյս մը կը ներշնչէ: Նոյն միտքը կը գտնենք - առաջին եւ հիմնական միջոցը կը հանդիսանայ մեր լեզուն: Բայց չէ՞ որ նախորդ էջերուն մէջ փաստեց, թէ ատոր տիրանալու միջոցները ապարդիւն կամ «ցնորական» են: Ուրեմն, ի՞նչ է սա «դպրոցական քաղաքականութիւն» ըսուածը:
«Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ պէտք է ունենանք մեր դպրոցները՝ նախապատրաստականով եւ միջնակարգով միասին»: Մոզեան կը պահանջէ, նաեւ, որ «մեր մտածումը, ամբողջ գործունէութիւնը, նիւթական բոլոր կարելիութիւնը» կեդրոնանան ա՛յդտեղ:
Մոզեան օրինակ կը բերէ այլ ազգեր եւ մեր եկեղեցաշինութիւնը: Միայն թէ կը մոռնայ, որ հսկայ արգելք մը կայ - Պետութիւնը: Լայիք ըլլալով կրնայ արտօնել, որ եկեղեցի մը շինենք ու հոն մեր ձեւով աղօթենք ու երգենք - վերջապէս Աստուած մէ՛կ է. մզկիթ իսկ շինուեցաւ միսիոնարական Ամերիկայի մէջ… բայց… ա՛յլ է դպրոցը: Որպէս ազատամիտ եւ Քրիստոնեայ պետութիւն կրնայ արտօնել մէկ կամ երկու դպրոց, բայց, կարելի՞ է յուսալ, որ դպրոցներու շարք մը ուշադրութենէ զերծ պիտի մնայ:
Արեւելքի երկիրներն իսկ սկսած են ուշադրութեան առարկայ դարձնել հայ վարժարանները:
Համեստ է Լեւոն Մոզեան. կ՚ուզէ, որ փրկուին գէթ «մէկ մասը կորստեան դատապարտուած»ներուն, բայց իր դպրոցական քաղաքականութեան մէջ ինչո՞ւ նկատի չ՚առներ Սէվրի եւ Ռենսիի վարժարաններուն օրինակր: Հակառակ ուսուցչական կազմին եւ այնքան հոգածութեան քանի՞ աշակերտ-աշակերտուհի ունեցան անոնք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ նիւթականը աւելնայ:
Մոզեան պէտք է ընդունի, թէ վէրքը ուրի՛շ տեղ է: Եթէ ուշադրութեամբ հետեւի նոր սերունդի տղոց եւ աղջիկներու անուններուն՝ պիտի հասկնայ, թէ «դպրոցական քաղաքականութիւն»ը կը յաջողի ա՛յն պարագային, երբ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ զգացումը զօրանայ գաղթաշխարհին մէջ: Եւ այդ կ՚ըլլայ միմիայն «մտաւորականներու խումբ»ով: Կուսակցականներու ստեղծած լաբիւրիւնթոսը անկարելի դարձուցած է մտաւորականներու խումբին ստեղծումը եւ մէջտեղ բերած միջակութիւններու, կիսակիրթներու քառուսել մը: Նոր սերնդականը կը խրտչի՛ հայ շրջանակներէ, եթէ կուսակցական հաշիշամոլ մը չէ դարձած: Ամէն անգամ որ հպարտութեան զգացումը կարելի եղաւ ժայթքեցնել հասնող սերունդին մէջ, արդիւնքը եղաւ զարմանահրա՜շ: Կոմիտաս, Գիրերու Գիւտին պատմական մեծութիւնը, ՀՄԸՄ-ը Պոլսոյ, Վարդանանցի Քրիստոնէական արժէքը («Վարդանանցի ասպետ»ները Ամերիկայի մէջ երիտասարդներ են), Բ. պատերազմի հայկական զօրաբաժինները եւ անոնց արշաւը մինչեւ Պերլին, Բագրամեանը, Արամ Խաչատուրեանը, Ներգաղթը…:
Դիւրազգած ջիղեր ունեցող երիտասարդութիւնը գաղթաշխարհի՝ հոգեկան սնունդի պէտք ունի եւ եթէ կարենանք գրաւել անոր սիրտը ու երեւակայութիւնը ամէն րոպէ ազգային մեծութիւններ դնելով անոր աչքերուն առջեւ, հոգ չէ թէ ի՛ր հասկցած լեզուով, ան իր կապը ամուր կը պահէ մայր հայրենիքին հետ. բայց, երբ կասկած, վախ, ապարդիւն խոստումներ ներարկենք ու ան յեղակարծ դէմ առ դէմ գայ օտար առաւելութիւններու հետ, մարդկային է՛ որ ան հեռանայ անվերադարձ:
Մոզեան ըմբռնած կը թուի ըլլալ խիստ աղիտալի կացութիւնը գաղթաշխարհի հայութեան ներկայ գոյավիճակին, քանի որ իր յոռետես տեսակէտներուն իբրեւ վերջին գլուխ - Բ. ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԸ - կը կեդրոնացնէ համազգային գործունէութեան գետին մը ունենալու նուիրականութեան վրայ:
ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ Ի ՍՊԱՌ ԿՈՐՍՏԵԱՆ ՎՏԱՆԳԸ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԱՂԷՏ կը նկատէ, քան որեւէ ուրիշ դժբախտ պատահար, որովհետեւ, հո՛ն ՓՐԿՈԻԱԾՆԵՐ չկա՛ն այլեւս, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ է, որ պիտի երթայ կորսուի առանց հետք մը ձգելու: Հոն ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ չկա՛յ, կը ճշդէ:
Որով, Մոզեան կ՚առաջարկէ եկեղեցաշինութեան եռանդը փոխադրել դպրոցաշինութեան եւ կանգ առնելով մեր անցեալ փառքերու շուքին ետեւէն վազելէն, նը-ւիրուիլ ներկային, գէթ մասամբ փրկելու ա՛յն, որ կորսնցնելու վրայ ենք մեր շատախօսութեան, թեթեւսոլիկութեան եւ «կեղծ հանճար»ներու երեսէն:
Մոզեան ի՛նքն ալ կը հասնի ա՛յն կէտին, ուր կանգ առին բոլոր տառապող ազգասէրները - ՅԱԳԵՑՆԵԼ ԾԱՐԱՒԻ ՀՈԳԻՆ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ՈՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒՆ:
Գոռոզ հայ ցեղը իր պատմութեան բո՜լոր շրջաններուն ճակատագրական վազք մը ունեցած է հոգեկան յագեցումներու ետեւէն… ցեղապետ Հայկ, աշխարհակալ Տիգրան Մեծ, Ս. Մեսրոպ, թարգմանիչները, Տրդատ ճարտարապետը, Ռոսլին, Բիւզանդական գահին կայսրերը, Սասունցի Դաւիթ, Զօրավար Անդրանիկ, Բագրամեան:
Այդ ծարաւը յագեցուց Րաֆֆի, ինչպէս կը ճշդէ Մոզեան «կէս դար ապրեցուց մեր ժողովուրդը» ցնցելով անոր ստրկութեան թմբիրը:
Ու հիմա հայրենիք մը ունինք, որ իր միակտուր ժողովուրդով, կը տքնի ու պատմութիւն կը կերտէ: Ան մեր առաջնորդ աստղն է, մեր առաջին ու յետին ապաւէնը…»: Մոզեան մարգարէի մը նման կը զգուշացնէ մեզ, որ «մեր նայուածքը չմթագնենք», որպէսզի չըլլայ թէ մեր զաւակներուն նայուածքն ալ մթագնի ու յառի ա՜յլ աստղերու:
Ու հայ մարդու հոգեկան յուզումով կը տաքնայ… «ո՞վ գիտէ, մեր պատրաստելիք վաղուան սերունդին մէջէն ի՜նչ թաքուն տաղանդներ կրնան ծնիլ վաղը, որոնք Րաֆֆիի, Վարուժանի եւ Կոմիտասի նման կրնան յիսուն տարուան կեանքի նոր պայմանաժամ մը եւս ապահովել մեր մահամերձ գաղութներուն, սպասելով որ քաղաքական դէպքերը եւ պատմութեան անիւը՝ մեր ճակատագիրը աւելի տաք արեւներու ջերմութեան տանին, մե՛ր իսկ երկնքին տակ եւ մեր հայրենակա՛ն հողերուն վը-րայ»:
Ու այս բոլորը (185 էջեր) ըսուած են պարզ, ըմբռնելի հայերէնով մը. դրական, շօշափելի փաստերով. տառապած ու երկա՜ր մտածած հայու մը ամէն մէկ տողէն կաթկթող վիշտով: Վարակիչ վերջին էջերուն յուսահատ, բայց, յամառ կառչումը «կարելիութիւններ»ուն՝ որ ցեղային բնազդէն կու գայ, ամէն անգամ որ մահացնող վտանգին առջեւ իր ուժերը չափելու ստիպուած ըլլայ հայը:
Իսկ ԼԵՒՈՆ ՄՈԶԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՀԱՅ ՄԸՆ Է:
Պիտի թելադրէինք մեր երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն կարդա՛լ Լեւոն Մոզեանի այս գիրքը, իրենց ներաշխարհին մէջ գտնելու համար մէկնումէկը այդ կարելիութիւններէն: Մոզեանի զօրակոչը ազգային հերոսութեան պատեհութիւններ կ՚ընծայէ իրենց… («Երիտասարդ հայուհի», Զ. տարի, թիւ 10, հոկտեմբեր 1953, էջ 28-32):
Մինաս Ճիհանեանը, Գահիրէ տպուող «Արեւ»ին մէջ, անոր մահուան առիթով գրած է գրութիւն մը, ուր ի միջի այլոց կը գրէ.
* …Լեւոն Մոզեանի ազնիւ հայու, վեհանձն հոգիին մէջ յաճախ կ՚արթննար վաղուան անստգութիւնը բազմաչարչար հայերուն ցան ու ցրիւ չորս ծագերուն մէջ:
Չէր խանդավառուեր հատուածական նուաճումներէն, երբ հայրենիքին հայու կանչը աւելի զօրաւոր կը մտրակէր իր խռովեալ հոգին ու մտատանջ առողջ ուղեղը, ու կը թաղուէր հայուն ապագային վերապահուած խորհուրդներուն մէջ: Փարիզը կ՚ենթադրէր սփիւռքի հայութեան ղեկավար կեդրոնը եւ կ՚ուզէր առաքելատիպ գործ ածել ի շահ օրուան ու վաղուան հայերուն: Սելանիկը նեղ կու գար իրեն, պէտք էր խօսք հասկցնել եւ լեզու գտնել տարահալած հայերուն իրական փրկութեամբ մտահոգ:
Փարիզի մէջ ալ, կ՚երեւի յուսախաբ եղաւ օրուան պահանջներուն դէմ նահանջող իր ընկերներուն քով, եւ պատահեցաւ անխուսափելին…
1932 օգոստոսին, ծայր տուաւ ու պար-զըւեցաւ Դաշնակցութեան դէմ մաքառումի դրօշը եւ այդ ապստամբութեան գլուխը անցած՝ Լեւոն Մոզեան, փորձեց ներգրաւել Դաշնակցութեան ուղեկորոյս դիրքը եւ նոր ուղիով՝ հաշտեցնել հայրենիքի եւ արտասահմանի հայերը, մէկ դրօշի եւ մէկ երդիքի տակ:
Ֆրանսահայերը գիտեն այդ շրջանին, թէ Լեւոն Մոզեան եւ իր ընկերները ինչպիսի յանդուգն արշաւ էին կազմակերպած, սակայն ինչպէս յաճախ, արդարատենչերը որքան ալ հաւատաւոր ու անընկճելի ըլլան՝ չեն դիմանար… սխալականներու մեծ ամբողխին ու կը պարտուին յաղթական…
Լեւոն Մոզեան, իսկական հայը, անաչառ ու հայերնիքով խանդավառ, մաքուր հայու իր սիրտը բացաւ դէպի իրականութիւնը, պատռեց խաւաքարտէ դղեակները ու դարձաւ հայրենասիրութեան ու հայկականութեան առաքեալ-քարոզիչը:
Անկաշառ ու մաքուր հայ հրապարակագիրը, վերջին 26 տարիներուն, գրիչը ձեռքին՝ շօշափելի մայր հայրենիքին գովքը հիւսեց, հակառակ վերջին տարիներու իր ֆիզիքական պարտութեան ընթացքին իսկ, բնա՛ւ չդադրեցաւ իր գաղափարականին նպաստը բերել, ուժգին հնչեցնելով սփիւռքի ազգապահպանման ճիգերուն, յումպէտս վատնուած ուժերուն նահանջողական զանգը:
Իր մահով, հայ հրապարակագրութիւնը կը կորսնցնէ հարազատ, արժէքաւոր ու հայրենասէր իր զաւակը («Արեւ», ԽԴ. տարի, թիւ 12.192, շաբաթ, 17 յունուար 1959, էջ 2):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օգոստոս 2025, Վաղարշապատ
1Այստեղ կ՚արժէ մէջբերել Մոզեանի եւ Օտեանի հանդիպումը Համայի մէջ, Ալի Նուրէտտին անունը ստանալն ու Համայի մէջ ուսուցիչ դառնալը, որ Օտեանը արձանագրած է իր «Անիծեալ տարիներ»ը գիրքին մէջ, տպուած Թեհրան: Կը կարդանք.
«Ճիշդ այդ տագնապալից օրերուն օր մը երբ տուն եկայ, պառաւ Մարիամը որ մեր կերակուրը կ՚եփէր, ըսաւ ինծի.
-Քեզի հիւր մը եկած է դուրսէն:
-Ուրկէ՞,- հարցուցի հետաքրքրուած:
-Կարծեմ Հալէպէն:
-Ո՛ւր է այդ հիւրը:
-Ներսի սենեակն է:
Իսկոյն վազեցի սենեակ եւ բազմոցին վրայ պառկած տեսայ մէկը, որ արդարի քունով կը խռկար բարձրաձայն:
Բազմոցին քով դրուած էին հոն ու մին մուճակները:
Գուլպաները եւ բանթալոնը պատռտած, առանց ժիլէի ու առանց ժաքէթի, կապոյտ հաստ ֆանէլա մը հագած այդ տարօրինակ հիւրը մէկէն ի մէկ վստահութիւն չներշնչեց ինծի:
Զգուշութեամբ մօտեցայ, մշտեցի ու դժուարաւ արթնցուցի:
Վերջապէս աչքերը բացաւ, երեսս նայեցաւ ու յանկարծ տեղէն ցատկելով ճիտս փաթթուեցաւ:
-Օտեան դո՞ւն ես,- գոչելով:
-Բայց դուն ո՞վ ես,- հարցուցի:
- Չճանչցա՞ր զիս… Լեւոն Մոզեանը չե՞մ:
Արդարեւ ինքն էր, բայց որչափ փոխուած Թարսուսէն ի վեր: Նիհարցեր, հալ ու մաշ եղեր էր: Յետոյ, իր ամբողջ էութեամբը ցնցուած կը թուէր:
-Ուսկի՞ց կու գաս,- հարցուցի:
-Վերջին անգամ Ատանայէն ճամբայ ելայ, բայց նախ պատմեմ գլխուս եկածները:
…
-Ահաւասիկ իմ պատմութիւնս,- ըսաւ Մոզեան,- խօսքը աւարտելով:
-Հիմա հետս եկուր տեսնեմ,- ըսի:
-Ի՞նչ կայ, ո՞ւր պիտի երթանք:
-Պիտի երթանք իսլամութիւնը ընդունելու,- պատասխանեցի:
Մոզեան կարծեց թէ կատակ կ՚ընէի:
Բացատրեցի իրեն կացութիւնը:
-Եթէ իսլամութիւնը չընդունիս՝ շատ դժուար կ՚ըլլայ հոս անվտանգ մնալդ,- ըսի:
-Ուրեմն երթանք արձանագրուելու:
Գացինք իթթիհատի քլիւպը եւ իսկոյն խնդրագիր մը պատրաստեց եւ կոչուեցաւ Ալի Նուրէտտին:
Քիչ ժամանակ ետքը յաջողեցաւ մաթէմաթիքի ուսուցիչ կարգուիլ Համայի միակ Իտատի վարժարանին մէջ: Այս կերպով ապահովեց իր կացութիւնը» (էջ 181-185):