«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿԵՑ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹՐԻՔՈՎ ՄԸ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուեցաւ բացօթեայ ընթրիք մը, որ եկաւ բնորոշել «Աւանդական» պարախումբի ամրան շրջանի աշխատանքներու եզրափակիչ փուլը։ Կղզիի զբօսարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած էր այս ընտանեկան հաւաքոյթը, որու ընթացքին սեղանը օրհնեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ հիւրընկալուեցան պարախումբի անդամները, որոնք ամրան տեւողութեան կղզիի բարձունքին իրենց նպաստը բերին ընկերամշակութային զանազան ծրագիրներու։ «Աւանդական» պարախումբը ամրան ամիսներուն իսկապէս կղզիի վրայ գետի նման վարարած ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերէն մին եղաւ՝ գլխաւորութեամբ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի։ Բացի կղզիի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն, պարախումբի համակիրներն ալ երէկուան ընթրիքին առթիւ շարժման անցած էին եւ այս համախումբ աշխատանքը ապահովեց, որ անմոռանալի ձեռնարկ մը ըլլայ թէ՛ պարախումբի ընտանիքին եւ թէ ամբողջ մշակութասէրներուն տեսակէտէ։

Ձեռնարկի ընթացքին Յակոբ Կիւլէչ արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Երեկոյթի յայտագիրը հիւսուած էր ժողովրդական պարերով ու երգերով, որոնք այնքան խանդավառեցին մթնոլորտը։ Երեկոյթի զանազան փուլերուն հանդէս եկան Քրիստին Վուրալ, Սեւան Ինեափան, Արի Հերկել, Սեւան Կարապետօղլու, Ալին Այլին Եաղճըօղլու, Մարալ Այվազ, Թաթիանա Պոստան, հայ կաթողիկէ հասարակութենէն Տ. Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան եւ այլ դէմքեր։ Բոլորը արժանացան ծափահարութիւններու՝ մանաւանդ, որ ընթրիքը թէեւ եղանակի եզրափակիչ փուլը կը բնորոշէր, սակայն, խորքին մէջ, տօնախմբութիւն մըն էր՝ անցեալ շաբաթներուն տարուած արդիւնաւէտ աշխատանքին տեսակէտէ։

Ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ բարձր գնահատեց «Աւանդական»ի կողմէ տարուած աշխատանքը։

Բոլորը հրաժեշտ առին՝ յաջորդ եղանակին վերստին զիրար ողջունելու մաղթանքով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025