ՉՈՐՐՈՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Գործարար Սամուէլ Կարապետեան, որ ապօրինաբար կը հետապնդուի, կը ստեղծէ կուսակցութիւն։ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները, որոնք տակաւին չեն կորսնցնուցած համաչափութիւնը, կ՚ենթադրեմ, որ այդ կուսակցութեան պէտք է յաջողութիւն մաղթեն՝ զերծ մնալով խանդէ եւ բամբասանքներէ։ Բայց, յաջողութիւն չըլլար, եթէ այդ նոր քաղաքական ուժը գործէ մեկուսացած եւ մաս չկազմէ լայն համախմբման։ Ի՞նչ պէտք է ասոր համար։ Հաւանաբար, կարեւոր նախապայմաններէն ըլլայ՝ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Սամուէլ Կարապետեանը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը հասկնան Փաշինեանի ապագայ կառավարման աղիտալի հետեւանքները, պէտք է մօտակայ մէկ տարուայ ընթացքին ի սպառ մոռնան իրենց գաղափարական, քաղաքական եւ անձնական հակասութիւնները։ Որեւէ բառ, որ կը հնչէ, կը գրուի՝ որպէս իրական ընդդիմութեան ներկայ եւ նախկին գործունէութեան քննադատութիւն, պիտի նպաստէ այն ազատ ակնման, որուն մէջ կը գտնուին ներկայիս։

Ո՞վ, ի՞նչ ըրած է անցեալին։ Ո՞վ, որո՞ւ նեղացուցած է։ Ո՞վ «ըլլալու» փափաք ունի կամ չունի՝ այդ ամէնը այսօր չորրորդական խնդիրներ են՝ համեմատած այն լուրջ սպառնալիքներուն հետ, որոնց առջեւ կանգնած է մեր պետութիւնը։ Եթէ ընդդիմադիրները շարունակեն իրարու հետ վիճիլ, ապա թող չզարմանան, որ յաջորդ խորհրդարանին մէջ պիտի յայտնուին միայն Քաղաքացիական պայմանագիրն ու անոր «Արեւմտամէտ» արբանեակները։

Այս առումով, Սամուէլ Կարապետեանի ստեղծուելիք կուսակցութիւնը ես կը պատկերացնեմ ո՛չ թէ հերթականներէն մին, այլ՝ որպէս ուժ մը, որ կը նպաստէ բոլորին համախմբման։ «Որո՞ւ շուրջ» կամ նոյնիսկ «ո՞ր գաղափարի շուրջ» հարցերը այս պահուն անիմաստ են։ Անոր շուրջ, որ պիտի կարողանայ սեղմել «սթոփ» կոճակը։ Ատկէ վերջ, երբ Գազանը (կամ Բանսարկուն) նահանջէ, հնարաւոր կ՚ըլլայ մտածել մնացեալ այլ հարցերու մասին։ Յամենայնդէպս, յստակեցնեմ, որ սատանան Հայաստանի ներկայ վարչապետը չէ՝ չարիքը, թշնամին մեր մէջ է, մեր մեկուսացուածութեան, ունայնութեան, յաւակնութիւններու։

Բնականաբար, երկխօսութեան մէջ պէտք է ներգրաւուին նաեւ Փաշինեանի մեղսունակ համակիրները։ Ընդգծեմ՝ մեղսունակ։ Եթէ անոնք պարզապէս աղանդաւորներ են, ապա բնական փաստարկները անոնց վրայ դժուար թէ ազդեն։ Օրինակ, եթէ մարդուն ըսես, որ կաթողիկոսը կը քանդէ մեր պետութիւնը կամ՝ որ 300 հազար ատրպէյճանցիներ կու գան Հայաստան, իսկ 500 հազար հայեր կ՚երթան Ատրպէյճան, նման մարդոց հետ երկխօսութիւնը դժուար թէ յաջողի։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2025