Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. Մարիամ Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի, նաեւ իւղաբեր կանանց յիշատակութեան տօնը երէկ նշուեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ուխտի Ս. Պատարագը բացառաբար մատուցուեցաւ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի ձօնուած խորանին վրայ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ ուրարակիր Պարգեւ Օհանեանի։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Օրուան քարոզին մէջ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան շեշտեց հաւատքը կենսունակ պահելու կարեւորութիւնը։ Ան շեշտը դրաւ հաւատքով եւ սրբազան յամառութեամբ անդադար աղօթելու վրայ։ «Աստուծոյ հաւատանք եւ աղօթքով դիմենք ու խնդրենք այն, ինչ որ կ՚ուզենք», դիտել տուաւ պատարագիչ հայր սուրբը։ Ան յորդորեց աշակերտիլ սուրբերու վարքին եւ բոլորին մաղթեց բարեխօսութիւնը՝ յատկապէս Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի, որոնց յիշատակութեան տօնն էր երէկ։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, տեղւոյն թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը հիւրասիրեց հոգեւոր հայրերն ու դպիրները։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի անուան տօնն էր՝ բոլորը զինքը շրջապատեցին սիրով եւ անկեղծութեամբ՝ մաղթելով արեւշատութիւն եւ եկեղեցական անդաստանէ ներս արգասաբեր ծառայութիւն։