ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին օրերուն Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցաւ վերապատրաստման դասընթացք մը։ Այսպէս, Հոլանտայի եւ Պելժիոյ ֆլամանախօս շրջանի ծխական համայնքներու խորանի սպասաւորները վերապատրաստութեան ենթարկուեցան՝ եռօրեայ հաւաքով մը։ 32 եկեղեցասէր երիտասարդ մասնակցեցաւ դասընթացքներուն։ Ծրագիրը վարելու համար Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն Հոլանտա մեկնած էին՝ Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Աւ. Քհնյ. Չեւեան եւ Ալեքս Սրկ. Չալիքեան։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցեցան նաեւ Տ. Տարօն Քհնյ. Թադէոսեան եւ Գրիգոր Սրկ. Այվազեան։
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Հոլանտայի Կելտերլանտ նահանգի Տոմինիքեան միաբանութեան վանքի համալիրէն ներս։ Եզրափակիչ փուլին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մատուցեց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Նորին Սրբազնութիւնը պատգամին մէջ բացատրեց, որ դարերու տեւողութեան հայոց կողմէ ամէնուրեք կառուցուած եկեղեցիները երաշխիք հանդիսացած են քրիստոնէական ինքնութեան յարատեւութեան համար։