ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Քաղաքիս մէջ այս տարի տօնակատարութիւններուն ժամադրավայրն էր Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, մանաւանդ, որ թաղի համանուն՝ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը այս տարի թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 230-ամեակը։
Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յարութիւն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը սաներ եւս մասնակցեցան Ս. Պատարագին։
Օրուան քարոզին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կանգ առաւ հայոց լեզուին, այբուբենին ու մշակոյթին վրայ։ Ան նշեց, թէ մերօրեայ պայմաններով պէտք է անպայման պահպանել այդ արժէքները։ Հասարակութեան համարկիլ չի նշանակեր նոյնանալ անոր հետ։ «Մենք ունինք մեր լեզուն», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը, որ ընդգծեց նաեւ հայատառ մամուլին կարեւորութիւնը։ Ան քննադատեց նաեւ մեր մամուլին նկատմամբ դրսեւորուած անտարբերութիւնը։
Քարոզէն վերջ շարունակուեցաւ արարողութիւնը, որ աւարտին հասաւ հոգեհանգստեան պաշտօնով։ Այս առթիւ ոգեկոչուեցան մեր անդարձ բաժնուած ուսուցչապետները, մանկավարժներն ու կրթական մշակները։ Վերյիշուեցան նաեւ Թարգմանչաց վարժարանի անցեալի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ վարժարանի ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ներկայ էին հոգեւոր հայրերը եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էին Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները, Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, տնօրէն Արաս Տելիճէ եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ։
Մեր հոգեւորականաց դասէն երկու երիտասարդ ներկայացուցիչներ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան հանդէս եկան սրտի խօսքերով։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թաղի վարժարանի փոքրիկներուն նուիրեց Աստուածաշունչներ։ Տնօրէն Արաս Տելիճէ, որպէս յուշանուէր խաչ մը ստացաւ ձեռամբ՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի։
Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Նորին Սրբազնութեան խօսքերով։
Աւելի վերջ, եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ կարկանդակ մը հատուեցաւ ի պատիւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին եւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանին, որոնց անուան տօնը կը զուգադիպի Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակութեան։