ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՃԱԲՈՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Չինաստան ուղեւորութեան աւարտին կ՚անցնի Ճաբոն։ Թիէնծինի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ, երէկ, Փաշինեան Փեքինի մէջ տեսակցեցաւ Ասիոյ ենթակառուցուածքային ներդրումներու դրամատան (ԱԵՆԴ) նախագահ Ծին Լիցզիւնի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի հաւանական անդամակցութիւնը ՇՀԿ-ին նոր հեռանկարներ կը բանայ՝ ներդրումային ծրագրերու իրականացման առումով։ Կողմերը շեշտեցին, որ համագործակցութիւնը կը նպաստէ ենթակառուցուածքներու զարգացման ոլորտէ ներս նախագծերու իրականացման։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համատեղ աշխատանքի հաւանական ուղղութիւնները՝ ներառեալ փոխադրութեան, ուժանիւթի, կապի ենթակառուցուածքներու զարգացման նախագծերը։ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ իր կառավարութեան կողմէ մշակուած «Ակադեմական քաղաք» նախագծին՝ կարեւորելով այս դրամատան հաւանական ներգրաւումը՝ որպէս ներդրող։
Իր կարգին, ԱԵՆԴ-ի նախագահը ընդգծեց, որ իր ղեկավարած կառոյցը պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանի տնտեսական եւ գիտակրթական ոլորտներու զարգացման՝ ներդրումներ կատարելով այնպիսի ծրագրերու համար, որոնք կը նպաստեն երկրի երկարաժամկէտ զարգացման եւ տարածաշրջանային կապերու խորացման։
Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել աշխատանքը՝ ուղղուած յստակ ներդրումային նախագծերու մշակման ու կեանքի կոչման։
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան Փեքինի մէջ մասնակցեցան՝ Մեծ յաղթանակի 80-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսաւոր տողանցքին։