ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Գերմանական նշանաւոր «Bild»ը հաղորդեց, որ Հայաստան կ՚օգնէ Ռուսաստանի «Ալռոսա» ընկերութեան Արեւմուտքի պատժամիջոցները շրջանցելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, գերմանական աղբիւրը տեղեկացուց, որ այսպէսով ռուսական ադամանդները կ՚արտածուին դէպի արեւմտեան շուկայ։ Այս բոլոր հրապարակումներու պարագային վկայակոչուած են՝ օրերս «Arctida» կայքին մէջ տեղ գտած տուեալները։ Հարկ է նշել, որ այս կայքը կը զբաղի լրագրական անկախ հետաքննութիւններով։
Ըստ հաղորդումներուն, Ռուսաստանի մէջ արդիւնահանուած ադամանդները նախ կ՚առաքուին Հայաստան, ուր որոշ մշակումէ մը անցնելէ վերջ կը վերարտածուին դէպի Հնդկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Չինաստան։ Այս դրութիւնով «Ալռոսա»ի հետ առընչակից ընկերութիւն մը շուրջ 250 միլիոն տոլար արժողութեամբ ադամանդ արտահանած է արեւմտեան շուկաներ՝ միայն 2023-ի յունուարէն մինչեւ 2024 թուականի մարտը։
Հետաքննող լրագրողներու տուեալներով՝ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման գործին մէջ յատկապէս աշխոյժ են հայկական «ADM Diamonds» եւ «Fancy Jewelery» ընկերութիւնները։
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ վերջին տարիներուն լուրջ տարակարծութիւններ խնդրոյ առարկան են, սակայն, Հայաստան կը շարունակէ արտաքին առեւտուրին գերակշիռ մասը ծաւալել Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ։