ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՔԱՅԼԵՐԸ
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման որոնումներուն տեսակէտէ այսօր կարեւոր հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս այս առաւօտ ընդունեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Օրուան տեւողութեան Եւրոպայի այլ ղեկավարներ ալ կը միանան այս հանդիպման։
Մինչ հակամարտութեան կարգաւորման համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աշխատանք կը տանի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւրոպացի ղեկավարները աւելի վճռականօրէն դիրք կը գրաւեն Ուքրայնայի կողքին։ AFP-ի հաղորդումներով՝ ներկայիս Ռուսաստան կը ձգտի դիւանագիտութենէ հետզհետէ հեռանալ, ուստի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ Եւրոպայի առաջնահերթութիւնը դարձած է Ուքրայնայի ի նպաստ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովումը։ Եւրոպացի ղեկավարներու օրակարգին վրայ է նաեւ՝ հեռանկարային առումով Ուքրայնայէ ներս խաղաղարար զօրքերու տեղակայումը։
Այսօրուան հաւաքին առթիւ Մաքրոն ընկերային ցանցերու վրայ գրեց հետեւեալը. «Ուքրայնայի անվտանգութիւնը մերն է»։ Ըստ իրեն՝ Եւրոպա պատրաստ է Ուքրայնայէ ներս տեւական խաղաղութեան հաստատման։