ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Չինաստանէն անցաւ Ճաբոն։ Թոքիոյի մէջ ան ընդունուեցաւ Ճաբոնի վարչապետ Շիկերու Իշիպայի կողմէ։ Երկու վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թոքիօ համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ քայլեր։ Իշիպա նշեց, որ Փաշինեանի այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն մըն է՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ համագործակցութեան խորացման համար։ Շիկերու Իշիպա նշեց, որ իր երկիրը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացումը զանազան ոլորտներէ ներս։ Ան ողջունեց նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման փաստը՝ յոյս յայտնելով, թէ տարածաշրջանէն ներս կը հաստատուի երկարատեւ կայունութիւն։

Վարչապետները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ ապագայ հաւանական քայլերու շուրջ։

Թոքիոյի մէջ Շիկերու Իշիպա պաշտօնական ճաշ մըն ալ սարքեց ի պատիկ Նիկոլ Փաշինեանին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025