ԷԼԻԶԷԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ԵՒ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԻՋԵՒ ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ. ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶԵԼԵՆՍՔԻԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու ամբողջին մէջ, երէկ, Փարիզի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց միջազգային կարեւոր հաւաք մը։ Այսպէս, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն օրուայ սկիզբին Էլիզէի պալատէն ներս հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Աւելի վերջ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ համանախագահութեամբ, հիպրիթ ձեւաչափով տեղի ունեցաւ Կամաւորներու համախոհութեան ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Էլիզէի պալատէն ներս տեղի ունեցած այս կարեւոր հաւաքէն վերջ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ՝ Մաքրոնի, Զելենսքիի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ։ Գագաթաժողովի աւարտին Մաքրոն եւ Զելենսքի մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Էլիզէի պալատէն ներս։

Այս փուլին Էմմանիւէլ Մաքրոն տեղեկացուց, որ ԱՄՆ, Ուքրայնա, Եւրոպայի երկիրները եւ Կամաւորներու համախոհութեան անդամները Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան պարագային խաղաղութեան կողմնակից են։ «Ռուսաստան 2022 թուականին պատերազմը նախընտրած միակ երկիրն էր՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս 2008-ին Վրաստանի եւ 2014-ին Խրիմի ու Թոմպասի մէջ պատահեցաւ։ Ռուսաստան այսօր ալ կը նախընտրէ շարունակել պատերազմը ու նոյնիսկ բազմաթիւ գործընկերներու քօղարկուած հաւանականութեամբ այդ բանը խտացնելու հետամուտ միակ երկիրն է», ըսաւ Մաքրոն եւ աւելցուց, որ Ուքրայնա պատերազմը չի նախընտրեր եւ Թրամփի կողմէ առաջարկուած՝ առանց նախապայմանի հրադադարը ընդունած է։

Նախագահ Մաքրոն ընդգծեց, որ Ռուսաստան շարունակ պատճառաբանութիւններ կ՚արտադրէ, ձգձգման մարտավարութեան կը հետեւի, ժամանակ շահելու կը ջանայ եւ պատերազմը տեւականացնել կը փափաքի։ 

Ֆրանսացի ղեկավարը յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց, որ յստակ տեղեակ չեն զոհերու թիւէն։ «Յամենայնդպէս, Ռուսաստան՝ Ուքրայնայի տարածքի մէկ տոկոսէն աւելին վերահսկելու համար իր ճակատին վրայ մէկ միլիոնէ աւելի զինուոր զոհ տուած է։ Ասոնք մահացած կամ վիրաւորուած են», ըսաւ ան։

Ի լրումն այս բոլորին, Մաքրոն ընդգծեց, որ բոլոր խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ՝ որպէս նախապայման, Ռուսաստան կը պահանջէ, որ Ուքրայնայի բանակը ետ քաշուի այն շրջաններէն, ուր ան մեծ կորուստներ տուած է։ Մաքրոնի բնորոշմամբ՝ սա թէ՛ անբարոյական է, թէ՛ խոտոր կը համեմատի իրաւունքին եւ թէ անկարելի առաջարկ մըն է։ Ի սկզբանէ այս բանակցութիւնները յառաջ կը տարուին հրադադարի եւ խաղաղութեան հաստատման զուգահեռ՝ Ուքրայնայի համար ամուր անվտանգութեան երաշխիքներ տալու տրամաբանութեամբ։ Արդարեւ, խաղաղութիւնը միայն այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Փարիզի երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Մաքրոն տեղեկացուց, որ Կամաւորներու համախոհութենէն քսանվեց երկիր խոստացած է՝ Ուքրայնայի մէջ երաշխաւորման զօրքեր տեղակայել եւ կամ ցամաքէն, օդէն ու ծովէն ներկայ գտնուիլ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ այս հաւանական զօրքը նպատակ պիտի չունենայ որեւէ ձեւով Ռուսաստանի դէմ պատերազմ մղելու։

Մաքրոնի խօսքով՝ Կամաւորներու համախոհութեան կը մասնակցի երեսունհինգ երկիր։ Բոլորն ալ Ուքրայնայի համար խաղաղութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման ուղղութեամբ ռազմական ու քաղաքական նպաստ մը բերելու խնդիրը սեղանի վրայ դնելով յստակ դիրքորոշման մը յանգած է։ Բանակցութիւններու ընթացքին յարմար կը դատուի Ուքրայնայի բանակի ներուժին տեսակէտէ որեւէ սահմանափակման խնդրոյ առարկայ չըլլալը։

Իր կարգին, Փարիզի երէկուան հաւաքի մասնակիցներէն Ֆինլանտիոյ նախագահ Ալեքսանտր Սթուպն ալ տեղեկացուց, որ Թրամփ Եւրոմիութեան առաջնորդներուն հետ քննարկած է ռուսական նաւթ գնելէ հարժարելու հարցը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ Ռուսաստանի լրատուամիջոցներուն մօտ։

Միւս կողմէ, Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ առանձնապէս անդրադարձած է Թուրքիոյ դերին՝ արտայայտելով իր շնորհակալութիւնը։ 

Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի համանախագահութեամբ տեղի ունեցան Փարիզի երէկուան բանակցութիւնները, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սթիւ Ուիթքոֆ, որ առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։ 

Հարկ է նշել, որ Կամաւորներու համախոհութեան մաս կը կազմէ նաեւ Թուրքիան։ Երէկուան գագաթաժողովին Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ մասնակցեցաւ տեսակապով՝ ինչպէս այլ ղեկավարներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2025