ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, երէկ Ֆրանսայի իշխանութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ձեռնարկեց հանդիպումներու։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին Արմէն Գրիգորեան տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Պրիս Ռոքֆոյի հետ։ Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, եղած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի վերջին ֆրանսացի համանախագահը։ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը արդէն լուծարուած է։ Յամենայնդէպս, Պրիս Ռոքֆոյ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն մօտէն ծանօթ ֆրանսացի դիւանագէտ մըն է, որու հետ Արմէն Գրիգորեան շօշափած է հայ-ֆրանսական համագործակցութեան օրակարգային հարցերը։ 

Հանդիպման ընթացքին Արմէն Գրիգորեանի կողքին էր Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Խաչատրեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2025