ԵՐԵՒԱՆԻ 8-ՐԴ ԳԻՐՔԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երեւանի 8-րդ գիրքի միջազգային փառատօնը այս շաբաթավերջին կը համախմբէ գրասէրները։ Գիրի եւ գիրքի նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը մայրաքաղաքի սրտին վրայ առիթ հանդիսացած է մեծ համախմբման մը։ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի կամարաշարին եւ Հանրապետութեան հրապարակի տարածքին վրայ կազմակերպուած է Երեւանի 8-րդ գիրքի միջազգային փառատօնը, որ այս շաբաթավերջին կը մագնիսացնէ գրասէրներու ուշադրութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի շրջանակներէն ներս նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի եւ Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ։ Բաց աստի, Կապանի եւ Կիւմրիի մէջ ալ ձեռնարկներ նախատեսուած են՝ նոյն փառատօնի շրջանակներէն ներս։
Այս փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարն է Արմէն Սարգսեան, ըստ որու՝ «Սարոյեան» հիմնադրամի հետ բացառիկ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս այս տարի առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ նաեւ «Ուիլիըմ Սարոյեան» կարճ պատմուածքներու միջազգային մրցոյթ մը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է անգլերէն գրուած կամ այդ լեզուով թարգմանուած կարճ պատմուածքներու գնահատումը։
Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ Երեւանի գիրքի միջազգային փառատօնը Հայաստանի մէջ գիրքի եւ հրատարակչութեան ոլորտի ամենամեծ նախագիծն է՝ որ 2017 թուականէն ի վեր ամէն տարի կեանքի կը կոչուի։ Այս տարի ծրագիրը ունի քանի մը բաղադրիչ. ինչպէս՝ շնորհանդէսներ, գրական քննարկումներ, մրցոյթներ, գիրքի տօնավաճառ՝ պարտադիր զեղչերով։
«Մենք Հայաստան հրաւիրած ենք զանազան երկիրներէ հրատարակչութիւններ՝ հանդիպումներ ունենալու, քննարկումներու իրենց գործընկերներու հետ, մասնակցելու ասուլիսներու։ Ի պատասխան մեր հրաւէրին, անոնք իրենց հետ պիտի տանին ժամանակակից ոեւէ հայ գրողի ստեղծագործական ձեռքբեռման գոյքային իրաւունքի պայմանագիր եւ իրենց երկրին մէջ, իրենց լեզուով պիտի հրատարակեն հայկական գրականութիւն՝ այդպէսով իսկ խթանելով հայ գրականութեան միջազգայնացումը», նշեց փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարը։
Այս փառատօնի շրջանակներէն ներս նախատեսուած գիրքի տօնավաճառին կը մասնակցին աւելի քան յիսուն հրատարակչութիւններ, տպարաններ, գրախանութներ, թանգարաններ, գրադարաններ, կրթամշակութային հաստատութիւններ։ Կազմակերպիչները կը մատնանշեն, որ փառատօնը շահոյթ չի հետապնդեր։ Ցուցահանդէս-տօնավաճառի բոլոր տաղաւարները տրամադրուած են անվճար՝ ստեղծելով միջավայր մը, ուր հրատարակչական դաշտի ներկայացուցիչները կը ներկայացուին եւ կը վաճառեն իրենց գիրքերը։
Երեւանի գիրքի փառատօնի հիմնադիրն է՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը։ Փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է Երեւանի քաղաքապետարանը։ Այս տարուան արդէն 8-րդ փառատօնի բացման ներկայ էին փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։
Փառատօնը կ՚իրականացուի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, «Գիրքի փառատօն» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութեան կողմէ, Ստեղծագործ Եւրոպայի «Վերֆոփոլիս» նախագծի աջակցութեամբ։