ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան շարունակեց Փարիզի շփումները։ Աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, ան հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի ղեկավարութենէն բարձրաստիճան շարք մը դիւանակալներու հետ։ Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ հերթական անգամ տեղի ունեցան ծաւալուն արժեւորումներ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արմէն Գրիգորեան Փարիզի մէջ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին հետախուզութեան ղեկավար Նիքոլա Լերների հետ՝ քննարկելով երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ հարցեր։
Արմէն Գրիգորեան այցելեց նաեւ Էլիզէի պալատը, ուր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի աշխատակազմէն՝ Մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ գծով խորհրդական Պերթրան Պուշվալթերի հետ մէկտեղուեցաւ։ Այս զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագրին։ Սոյն փաստաթուղթերու լոյսին տակ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ TRIPP անցուղիի ընձեռած հեռանկարներուն շուրջ։ Արդարեւ, TRIPP անցուղին կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ընդլայնման եւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման համատեսքին մէջ։ Արմէն Գրիգորեան եւ Պերթրան Պուշվալթեր քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական համագործակցութեան միտուած օրակարգը։ Անոնք նախանշեցին համագործակցութեան ապագայ հաւանական ուղիները՝ բարձր գնահատելով երկու երկիրներու միջեւ մշակուած քաղաքական երկխօսութեան մակարդակը։
Փարիզի մէջ, Արմէն Գրիգորեան այցելեց նաեւ Մաթինիոնի պալատը։ Ֆրանսայի կառավարութենէն ներս, ան ընդունուեցաւ վարչապետի աշխատակազմի պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան գծով ընդհանուր քարտուղար Նիքոլա Ռոշի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի օրակարգի հարցերը՝ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ անվտանգային համագործակցութեան եւ քննարկուեցան սիպեր անվտանգութեան ու տեղեկատուական միջավայրի ապականման հարցերու շրջանակներէ ներս համագործակցութեան։
Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց անցեալ օգոստոսի 8-ին Սպիտակ տան մէջ ապահովուած պայմանաւորուածութիւնները՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրներու ամբողջին մէջ։ Ան ընդգծեց, որ ստեղծուած են տնտեսական լայն հնարաւորութիւններ թէ՛ տարածաշրջանի եւ թէ արտատարածաշրջանային երկիրներու համար։
Գրիգորեան եւ Ռոշ պայմանաւորուեցան, որպէսզի աւելի հաստատութենական դառնան երկու երկիրներու համապատասխան գրասենեակներու միջեւ մշակուած կապերը։