«ԴՐԱԽՏ» ԵՒ «ԴԺՈԽՔ»՝ ՀԱԿԱԴԻՐՆԵՐ

Մա­նուկ տա­րի­քէն լսուած է «դրախտ» եւ «դժոխք» բա­ռե­րը, եւ ա­մէն մարդ նուա­զա­գոյն տե­ղե­կու­թիւն մը ու­նի ա­նոնց մա­սին։ Բայց ա­նոնք ու­նին ա­ւե­լի խոր նշա­նա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս կ՚ան­տե­սուի։ Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ ալ յա­ճախ կը գոր­ծա­ծենք այս բա­ռե­րը, եր­բեմն նոյ­նիսկ նոյ­նաց­նե­լով ա­նոնց նշա­նա­կու­թիւ­նը «կեանք»ի զա­նա­զան պա­րա­գա­նե­րուն եւ ե­րե­սակ­նե­րուն հետ։ Եր­բեմն դրախտ բա­ռը կը գոր­ծա­ծենք՝ ու­րա­խու­թեան, եր­ջան­կու­թեան ի­մաս­տով, իսկ դժոխ­քը՝ նե­ղու­թեան, չար­չա­րան­քի տեղ։

«Դրախտ» սկզբնա­կան ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ «պար­տէզ»։

­Բայց Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ կը նշա­նա­կէ՝ «եր­կինք» եւ կամ այն վայ­րը՝ ուր ար­դար­նե­րու, ան­մեղ­նե­րու հո­գի­նե­րը Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը կը վա­յե­լեն։

«Յի­սուս ը­սաւ ա­նոր.- Վստահ ե­ղիր, այ­սօր ին­ծի հետ պի­տի ըլ­լաս դրախ­տին մէջ» (ՂՈՒ­ԿԱՍ ԻԳ 43)։ Եւ դար­ձեալ, Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Մին­չեւ դրախտ յափըշ-տա­կուե­ցաւ, -կը կրկնեմ, մար­մի­նո՞վ թէ հո­գիով՝ չեմ գի­տեր…» (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 3-4)։­

Իսկ Յայտ­նու­թեան Գիր­քին մէջ «Աս­տու­ծոյ դրախտ»ը կը թուի, թէ կ՚ար­տա­յայ­տէ պար­տէ­զի մը ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը, կամ պատ­կե­րը՝ ուր «կեան­քի ծառ»ը կայ։

«Այն որ ա­կանջ ու­նի՝ թող լսէ թէ Հո­գին ի՛նչ կ՚ը­սէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն.- Ո՛վ որ յաղ­թա­նա­կէ՝ ա­նոր ի­րա­ւունք պի­տի տամ ճա­շա­կե­լու կեան­քի ծա­ռէն՝ որ կը գտնուի Աս­տու­ծոյ դրախ­տին մէջ» (ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ Բ 7)։­

Ու­րեմն ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը չի սխա­լիր, երբ «դրախտ»ի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կը նոյ­նաց­նէ եւ մեր­ձի­մաստ կը նկա­տէ՝ եր­ջան­կու­թեան, ու­րա­խու­թեան, լիու­թեան։

Ար­դա­րեւ «դրախտ»ի ըմբռ­նու­մին հա­կա­դիր ե­րե­ւոյթն է՝ «դժոխք»ը իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով։ Եւ դար­ձեալ, ժո­ղովր­դա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը, դժոխ­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը նոյ­նա­ցու­ցած է կեան­քի նե­ղու­թեան, չար­չա­րան­քի, եւ տհաճ ա­մէն վի­ճակ­նե­րու, երբ կ՚ը­սուի. «դժոխ­ի վե­րա­ծուե­ցաւ կեան­քը», եւ ա­սոր նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կը բա­ցատ­րէ իր նեղ վի­ճա­կը։ Եւ ինչ­պէս ը­սինք, դժոխ­քի ըմբռ­նու­մը հա­կա­դիր հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն է դրախ­տին։ Եւ ի՛նչ որ է դրախ­տը՝ այն չէ՛ դժոխ­քը։ Մին «եր­ջան­կու­թիւն»ը կը ներ­կա­յաց­նէ, իսկ միւ­սը՝ դժբախ­տու­թիւ­նը, ա­պեր­ջան­կու­թիւ­նը։

Այս ի­մաս­տով «դրախտ»ը լո՛յսն է, իսկ «դժոխք»ը՝ մու­թը, խա­ւա­րը։ Եւ բնա­կա­նա­բար մարդ կ՚ու­զէ դրախ­տան­ման, դրախ­տա­յին կեանք ապ­րիլ, բայց իր բո­լոր գոր­ծե­րով կը ստեղ­ծէ դժո­խան­ման, դժո­խա­յին կեանք մը…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ մարդ­կա­յին կեան­քի ան­հասկ­նա­լի հա­կադ­րու­թիւն­նե­րէն մին է այս մէ­կը՝ լոյ­սը կը փա­փա­քի, բայց մու­թին մէջ քա­լե­լը կը նա­խընտ­րէ։ Ա­ւե­լին՝ դրախտ կ՚ե­րա­զէ, բայց մա­հէն կը վախ­նայ։ Մինչ­դեռ մա­հը դրախ­տին դո՛ւռն է՝ դրախ­տի կեան­քին բա­ցուող՝ մէկ կող­մը մութ, միւս կող­մը լու­սա­ւոր դու­ռը…։ Ու­րեմն մարդ գիտ­նա­լու է, թէ ի՛նչ կ՚ու­զէ։ Երկմ­տու­թիւ­նը ինք­նին դժոխ­քը կը ստեղ­ծէ՝ ա­նո­րո­շու­թիւն, նե­ղու­թիւն, մութ ու խա­ւար վի՛­հը։

Դրախ­տի բա­ցուող դու­ռը նեղ է, բայց ա­պա­հո՛վ։

Ու­րեմն ե­թէ մարդ իր կեան­քով, ապ­րե­լա­կեր­պով դրախ­տը վա­յե­լե­լու ար­ժա­նա­ցած է, ա­պա ու­րեմն ին­չո՞ւ այդ վա­խը մա­հուան նկատ­մամբ։ Չէ՞ որ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին դրախ­տա­յին կեան­քի յոյ­սով կ՚ապ­րի մարդ։

Բայց դժոխ­քը, դժո­խա­յի­նը ապ­րե­լու հա­մար ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ մարդ։ Ա­սի­կա հասկնալ, մեկ­նա­բա­նել եւ կամ բա­ցատ­րել կա­րե­լի չէ։ Եր­ջան­կու­թիւ­նը կ՚ո­րո­նէ դժբախ­տու­թեան մութ ճամ­բա­նե­րուն մէջ։

Ու­րեմն ի՞նչ է սա «դժոխք» ը­սուա­ծը։

Ուս­տի դժոխ­քը ա­ւե­լի կը հրա­պու­րէ քան դրախ­տը։

Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նի մէջ «դժոխք» բա­ռը եր­կու տար­բեր բա­ներ, ի­րո­ղու­թիւն­ներ կը նշա­նա­կէ։

Ան, նախ կը նշա­նա­կէ՝ «մե­ռել­նե­րու աշ­խարհ»ը, կամ մե­ռեալ­նե­րու բնա­կա­վայ­րը՝ ուր ար­դար թէ մե­ղա­ւոր մար­դոց հո­գի­նե­րը կ՚եր­թան եւ կը սպա­սեն մին­չեւ դա­տաս­տա­նի օ­րուան. «Եւ ա­հա տե­սայ դեղ­նո­րակ ձի մը, ո­րուն հե­ծեա­լին ա­նու­նը Մահ էր։ Ա­նոր ե­տե­ւէն կ՚եր­թար դժոխ­քը՝ մե­ռեալ­նե­րու աշ­խար­հը» (ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ Զ 8), եւ. «քա­ղա­քը մեծ ու բարձր պա­րիսպ մը ու­նէր՝ տասներ­կու դռնե­րով, ո­րոնց վրայ կա­յին տասնե­րկու հրեշ­տակ­ներ։ Դռնե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին վրայ գրուած էր Իս­րա­յէ­լի տաս­ներ­կու տե­ղե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին ա­նու­նը։ Ա­րե­ւել­քէն ե­րեք դռներ կա­յին, հիւ­սի­սէն՝ ե­րեք, հա­րա­ւէն՝ ե­րեք եւ ա­րեւ­մուտ­քէն՝ ե­րեք։ Քա­ղա­քին պա­րիս­պը տաս­ներ­կու հի­մեր ու­նէր եւ ա­նոնց վրայ գրուած էին Գառ­նու­կին տաս­ներ­կու ա­ռա­քեալ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը» (ՅԱՅՏ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ ԻԱ 12-14)։ Ա­սոր հա­մա­պա­տաս­խան բա­ռերն են՝ յու­նա­րէն «Hades» եւ եբ­րա­յե­րէն «Sheol»։

«Իսկ դո՛ւն Կա­փառ­նաո՛ւմ, որ մին­չեւ եր­կինք բարձ­րա­ցեր ես, մին­չեւ դժոխք պի­տի իջ­նես…» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 23)։

­Յե­տոյ, երկ­րորդ, դժոխք կը նշա­նա­կէ՝ մե­ղա­ւոր հո­գի­նե­րու պա­տի­ժի վայ­րը։ «Դժոխ­քին մէջ, մինչ մե­ծա­հա­րուս­տը կը տանջուէր, աչ­քե­րը բարձ­րա­ցուց եւ հե­ռուն Աբ­րա­հա­մը տե­սաւ…» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 23)։

«Ուս­տի կան­խա­գի­տու­թեամբ խօ­սե­ցաւ Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան մա­սին, ը­սե­լով՝ թէ.- Ա­նոր ան­ձը մե­ռել­նե­րու աշ­խար­հին մէջ չմնաց, եւ ա­նոր մար­մի­նը փտու­թիւն չտե­սաւ» (ԳՈՐԾՔ. Բ 31)։ Ուս­տի ինչ­պէս ը­սինք, «դժոխք»ը կը բա­ցատ­րուի «տան­ջան­քի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք»ով։ Ուս­տի որ­պէս «պա­տի­ժի վայր», այս երկ­րորդ ի­մաս­տին հո­մա­նիշ­ներն են՝ «գե­հեն» կամ «գե­հէն», որ կը նշա­նա­կէ՝ սան­դա­րա­մետ, տար­տա­րոս, «Géhenne», «Enfer», «ան­դունդ», «գուբ», «կրա­կի լիճ», «գետ­նա­փոր՝ հո­ղի տակ փոս», «fosse», «puits»։­

Իսկ Մատ­թէո­սի վկա­յու­թեամբ «դժոխք» բա­ռը մարմ­նա­ցու­մը կամ անձ­նա­ւո­րումն է՝ մա­հուա՛ն։

«Քե­զի կ՚ը­սեմ՝ թէ ժա՛յռ ես դուն, եւ այդ ժայ­ռին վրայ պի­տի շի­նեմ իմ ե­կե­ղե­ցիս, զոր մահն ան­գամ ամ­բողջ զօ­րու­թեամբ պի­տի չկրնայ յաղ­թա­հա­րել» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 18)։ Իսկ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ. «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղ­թա­նակդ, ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայ­թոցդ» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։

Դ­րախ­տը՝ լո՛յս է եւ կեանք, իսկ դժոխ­քը՝ խա­ւար եւ ան­կեն­դա­նու­թիւն, մե­ռե­լայ­նու­թիւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 30, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2015