ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ քննարկումներ ծաւալուած են՝ Հայաստանի հարաւով անցնելիք TRIPP անցուղիին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Ալեքսէյ Օվերչուք ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ դիտել տուաւ, որ Մոսկուայի համոզմամբ այդ անցուղին պիտի նպաստէ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Օվերչուք այդ հարցազրոյցը տուաւ Արեւելեան տնտեսական համաժողովի շրջանակներէն ներս։ «Ի հարկէ, մենք այս հարցը քննարկած ենք Երեւան կատարած իմ այցելութեան եւ Աստրախանի մէջ Ատրպէյճանի գործընկերներու հետ հանդիպումներու ժամանակ։ Մենք ունինք պատկերացում, թէ սա ինչպէս պիտի ըլլայ։ Նման ճանապարհի մը կառուցումը պիտի նպաստէ Եւրոասիոյ համար ընդհանուր փոխադրութեան շրջանակի ձեւաւորման։ Եւ եթէ նման ճանապարհ մը ըլլայ, ապա այդ մէկը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կապին։ Մեր գնահատականներով՝ սա, հաւանաբար, ըլլայ մեր երկիրներու միջեւ ապրանքներու տեղափոխման հիմնական ճանապարհը», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Օվերչուք դիտել տուաւ, որ այժմու ընթացքով Ռուսաստան պիտի պարտաւորուի վերատեսութեան ենթարկելու Հայաստանի նկատմամբ իր որդեգրած տնտեսական քաղաքականութիւնը։ Ան այս հանգամանքը ընդգծեց՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններու հաւանական սերտացումը։

«Հայաստանի իրաւունքն է որոշել, թէ ո՞ւր պիտի ըլլայ։ Երեւանի մէջ, սակայն, կը հասկնան, որ այդ պարագային իրենց համար միանգամայն այլ մաքսատուրքերու դրութիւն պիտի գործէ, մեր երկիրներու միջեւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժ եւ առանց մաքսատուրքերու առեւտուր այլեւս պիտի չըլլայ», ըսաւ ռուս փոխ-վարչապետը, որու խօսքով՝ սա առաջին հերթին պիտի հարուածէ Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը։

«Շուկայի առանձնայատկութիւնը այնպէս մըն է, որ հայկական արտադրանքը Ռուսաստանի մէջ պահանջուած է։ Հայաստանի սահմանակից պետութիւններուն մէջ ո՛չ խաղողի, ո՛չ ծիրանի, ո՛չ ալ միւս միրգերու եւ բանջարեղէններու հետ խնդիրներ կան, անոնք իրենք ալ ունին այդ բոլորը։ Ռուսաստանն է Հայաստանի առաջին շուկան։ Այս գործօնը Երեւանի մէջ եւս պէտք է հաշուի առնեն եւ կ՚առնեն», համոզուած է Օվերչուք։

Յայտարարութիւններուն մէջ ռուս փոխ-վարչապետը դիտել տուաւ, որ Եւրոմիութեան միանալու պարագային այն ուժանիւթակիրներու եւ սննդամթերքի գիները, որոնք Հայաստանը՝ որպէս դաշնակից պետութիւն, Ռուսաստանէն կը ստանայ, եւս փոփոխութեան պիտի ենթարկուին։ «Բաց աստի, Հայաստան պիտի կորսնցնէ այն առաւելութիւնները, որոնցմէ կ՚օգտուի Իրանի հետ ազատ առեւտրային գօտիի շնորհիւ», զգուշացուց ան։ Հուսկ, ան յայտնեց, որ սա շատ վատ բեմագրութիւն մըն է։ Նախ եւ առաջ շարքային քաղաքացիներու համար։ «Մենք չէինք փափաքիր, որ սա իրականութիւն դառնայ, ուստի, անկեղծօրէն կը խօսինք այդ մասին», եզրափակեց Օվերչուք։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025