ԴԷՊԻ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ներկայ շաբթուան սկիզբի դրութեամբ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս կ՚ակնկալուի կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման որոնումներու ճանապարհին հերթական անգամ ժամադրուած են երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, բնականոնացման գործընթացէ ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան այս օրերուն կը նախատեսեն ունենալ հանդիպում մը, ինչ որ երկու մայրաքաղաքներու աղբիւրներուն կողմէ վերահաստատուած է։ Սերտար Քըլըչ Հայաստան պիտի մեկնի՝ ամենայն հաւանակութեամբ անցնելով Ալիճան-Մարգարա ցամաքային սահմանի անցակէտէն։ Ըստ լրատուամիջոցներու, դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցած են, թէ հանդիպումը կրնայ ներառել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղեալ որոշումներու կայացում եւ նախապէս համաձայնեցուած որոշումներու իրականացում։
Ծանօթ է, որ յատուկ բանագնացները 2022 թուականի յուլիսէն ի վեր աշխատանքի վրայ են։
Սերտար Քըլըչը եւ Ռուբէն Ռուբինեանի այս անգամուան հանդիպումը պիտի յաջորդէ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրման։ Այդ փաստաթուղթերու ստորագրուելէն վերջ, վերջին օրերուն, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցած էին Չինաստանի մէջ՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Այդ գերաստիճանի օրերուն հանդիպումներ տեղի ունեցած էին նաեւ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, նաեւ Փաշինեան եւ Ալիեւի միջեւ։
Հարկ է նշել, որ Անգարա ողջունած է Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ ի տարբերութիւն տարածաշրջանի միւս յառաջատար դերակատարներէն Ռուսաստանի եւ մանաւանդ՝ Իրանի։ Թուրքիա, որ ներկայիս Հարաւային Կովկասի գերակշիռ խաղացողը կը համարուի, Ռուսաստանի եւ Իրանի բաղդատմամբ աւելի տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Սպիտակ տան մէջ, TRIPP-ի մասին ստարոգրուած փաստաթուղթէն անմիջապէս վերջ տեղի ունեցած էր՝ Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Այս գիծը պիտի հասնի դէպի Նախիջեւան, որ TRIPP-ի շնորհիւ պիտի միանայ Ատրպէյճանի մայրտարածքին։ Թուրքիա այս երկաթուղին մատուցած է՝ որպէս «Զանգեզուրի միջանցք»ի մաս։ Հայաստան հակազդեցութիւն ցուցաբերած էր այդ կապակցութեամբ։ Աւելի վերջ, ՇՀԿ-ի գագաթաժողովին Իլհամ Ալիեւ խօսած էր «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին, իսկ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուած էր, որ այդ բառապաշարը խոտոր կը համեմատի Ուաշինկթընի մէջ գոյացած համաձայնութեան։