ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Գատըգիւղի ընտանիքը ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2025-2026 կրթական շրջանը։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ վերամուտի առթիւ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Առաջին զանգը հնչեց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, ուր համախմբուած էին Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակները, աշակերտութիւնն ու ծնողներ։ Բոլոր հիւրերը զիրար շնորհաւորեցին՝ մաղթելով, որ յառաջիկայ աշխատանքային շրջանը ըլլայ արգասաբեր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2025