Երկուշաբթի 15, Սեպտեմբեր 2025
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց օրուան Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Երբ եղանակը կը մօտենայ իր աւարտին, կղզեբնակ հաւատացեալները հերթական անգամ լեցուցած էին եկեղեցին՝ մանաւանդ, որ տաղաւարի օրով հոգեւոր ուրախութիւնը բազմապատկուած էր։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, տեղւոյն թաղային խորհուրդը հիւրասիրեց հաւատացեալները, որոնք անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ շրջապատեցին հայր սուրբը։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025