ՇԱՐՄ-ԷԼ-ՇԷՅԽԻ ՀՐԱՒԻՐԵԱԼՆԵՐԸ
 Կազզէի վերաբերեալ ամերիկեան նախագծին գործադրութեան առաջին փուլ անցումը կայացած է արդէն: Այս նախադրեալը կը խօսի իրադարձութիւններու արագութեան մասին: Յայտնապէս ամերիկեան ճնշումը զօրաւոր է թէ՛ համաձայնութիւնը պարտադրելու եւ թէ անոր կիրարկումը չուշացնելու համար: Այս առումով ալ պատահական չի թուիր, որ պատանդներու ազատ արձակումը կը զուգադիպի Շարմ-Էլ-Շէյխի վեհաժողովին:
Կազզէի վերաբերեալ ամերիկեան նախագծին գործադրութեան առաջին փուլ անցումը կայացած է արդէն: Այս նախադրեալը կը խօսի իրադարձութիւններու արագութեան մասին: Յայտնապէս ամերիկեան ճնշումը զօրաւոր է թէ՛ համաձայնութիւնը պարտադրելու եւ թէ անոր կիրարկումը չուշացնելու համար: Այս առումով ալ պատահական չի թուիր, որ պատանդներու ազատ արձակումը կը զուգադիպի Շարմ-Էլ-Շէյխի վեհաժողովին:
Շարմ-Էլ-Շէյխի ժողովին նպատակը պաշտօնապէս Կազզէի համաձայնութիւնը վաւերականացնելն է եւ անոր գործադրութիւնը երաշխաւորելը: Ձեւաչափը այդ մասին կը յուշէ՝ մասնակից երկիրները նկատի ունենալով:
Քանի մը նկատելի երեւոյթ այս առումով անպայման պէտք է ընդգծել:
Եգիպտոսը ընտրելով՝ իբրեւ հաշտեցման վայր՝ Միացեալ Նահանգներ կը բարձրացնեն այդ երկրին հեղինակութիւնն ու դերակատարութիւնը ո՛չ միայն Կազզէի պատերազմին աւարտը ամրագրելու, այլեւ Միջին Արեւելքի մէջ նոր իրավիճակի յայտարարման մեկնարկը կատարելու:
Եգիպտոսի կողքին կը յիշուէր Քաթարը, որ մինչեւ այս պատմական պահը ստանձնած էր միջնորդական առաքելութիւն՝ վերջին արարին ծանր հարուած ստանալով, երբ իր տարածքներուն վրայ յարձակեցաւ Իսրայէլը:
Կազզէի պատերազմի աւարտը հաստատած այս ժողովէն բացակայ են հակամարտ կողմերը՝ Իսրայէլն ու «Համաս»ը: Մետասաներորդ պահուն Գահիրէէն յայտարարուեցաւ, որ Իսրայէլի վարչապետը պիտի մասնակցի ժողովին: Թել Աւիւ աւելի ուշ պարզեց, որ Նեթանիյահու պիտի չմասնակցի:
Ռուսաստան եւ Չինաստան կը բացակային: ԱՄՆ նկատի չէ առած զիրենք: Հրաւէրի բացակայութիւնը կը խօսի մեկուսացնելու քաղաքականութեան մասին: Այս տարածաշրջանին մէջ այս ձեւով գէթ երեւութապէս Ուաշինկթըն կ՚ուզէ փոխանցել, որ այդ երկու գերտէրութիւնները ընելիք չունին:
Ի տարբերութիւն Մոսկուայէն եւ Փեքինէն՝ Թեհրան հրաւէր ստացած է եւ մերժած մասնակցիլ: Արագ եզրակացութեան պէտք չէ յանգիլ: Հրաւէրը ինքնին որոշ քաղաքականութիւն կ՚ենթադրէ, իսկ չմասնակցիլը անպայման առաջադրուած խաղաղութեան ծրագիրը խանգարել չի նշանակեր: Եթէ տակաւին պարզ չէր Իսրայէլի մասնակցիլը կամ չմասնակցիլը, ապա Իրան չէր կրնար ընդառաջել հրաւէրի մը, ուր կրնար ներկայանալ նաեւ թշնամի պետութեան վարչապետը: Միայն այս հանգամանքով ալ չի բացատրուիր Իրանին այդ մերժումը: Այս համաձայնութեան կիրարկումը փուլային է. իւրաքանչիւր փուլի համար նախատեսուած են բանակցութիւններ: Իրան իւրաքանչիւր փուլի համար ըսելիք ունի, առնելիք, հաւանաբար նաեւ տալիք։ Հետեւաբար չմասնակցիլը չ՚ենթադրեր կապերու խզում: Ինքնին հրաւէրը արդէն կը նշանակէ, որ բանակցային խողովակները փակուած չեն: Կազզէի համաձայնութիւնը կամ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ուղին կ՚անցնի նաեւ Իրանէն:
Հիմա գանք Հայաստանին եւ Ատպէյճանին ուղղուած հրաւէրներուն: Առաջին հայեացքով հրաւէրը ունի քարոզչական բնոյթ: Ըսել կ՚ուզուի, որ երկարատեւ հակամարտութիւն ունեցած երկիրներ դարձեալ ԱՄՆ-ի եւ այս պարագային անձամբ անոր նախագահին միջնորդութեամբ նախաստորագրած են խաղաղութեան համաձայնագիր մը: Սակայն միայն օրինակի կարգավիճակով չի բացատրուիր անոնց ներկայութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ Ատրպէյճան-Իսրայէլ խորացած համագործակցութեան զանազան ոլորտները:
Աւելի հեռուէն այս բոլորին վրայ կ՚երեւի շուքը Աբրահամեան դաշինքին: Թրամփի պաշտօնավարման առաջին ժամկէտին այս ձեւակերպումը իբրեւ հայեցակարգ առաջ կը մղուէր: Կազզէի պատերազմի նախօրեակին սկսած էր գործընթաց արաբական պետութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համար: Գործընթացը առկախուած էր Կազզէի պատերազմով: Հիմա կը վերադառնայ օրակարգ՝ այս անգամ Շարմ-Էլ-Շէյխի վեհաժողովի տեսքով:
ԱՄՆ-ի պատեկան քարտուղարի մակարդակով ակնարկութիւն կատարուած էր Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ միանալու Աբրահամեան դաշինքին: Միջին Արեւելքէն ետք, կը թուէր, թէ թիրախային աշխարհագրական միջավայրը Հարաւային Կովկասն է՝ իբրեւ Իրանի սահմանամերձ շրջան:
Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ուղղուած հրաւէրներուն քաղաքական շարժառիթները վերլուծելու ընթացքին այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ: Այստեղ առաջնահերթը չէ՝ անպայման յաջողած խաղաղութեան օրինակ մը ցոյց տալը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի