ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԱԹԻԼՏԱ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԱԿ-Ի ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Պելժիոյ Մաթիլտա թագուհին, որ Հայաստան կ՚այցելէ՝ որպէս ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու դեսպան։ Յաջորդ տարի ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովը (COP17) նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։ Ուստի, այս հաւաքին ընդառաջ Պելժիոյ թագուհիի այցելութեան նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման 2030-ի օրակարգի կարեւորութեան վրայ։

Պելժիոյ Մաթիլտա թագուհին Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։ Ան երէկ այցելեց նաեւ Երեւանի Պետական համալսարան (ԵՊՀ), ուր դասախօսական կազմի եւ ուսանողութեան ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկայ էր նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

Նոյնպէս երէկ, Մաթիլտա թագուհին այցելեց «Թումօ» ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնը, ուր հիւրընկալուեցաւ՝ տեղւոյն տնօրէնուհիին՝ Մարի Լու Փափազեանի գլխաւորութեամբ։ Այս փուլին ալ ներկայ էր նախարար Անդրէասեան։

Մաթիլտա թագուհին աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ բնապահպանական հարցերը։ Նոյն տրամաբանութեամբ ան կ՚այցելէ Սեւանայ լիճի տարածք։ Հիւր թագուհին հայ հասարակութեան դերակատարներուն հետ կը շօշափէ նորարարութեան, ընկերային ներառականութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանման ոլորտներուն վերաբերեալ հարցեր։

Այցելութեան ընթացքին Մաթիլտա թագուհին տեղեկութիւններ քաղեց «My Forest Armenia»ի կողմէ ձեռնարկուած անտառապատման նախագծին մասին, որ միտուած է կանխել անապատացման վտանգը ու մեղացնել կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները։ Ան այցելեց յատուկ խնամքի ու կրթութեան կարօտ երեխաներու աջակցութեան հետամուտ մասնագիտական մանկապարտէզ մը եւ ի լրումն այս բոլորին քննարկեց փախստականներու տնտեսական եւ ընկերային ներառման վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025