ՀԱՒԱՏՔՆ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
 Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան 325-ամեակը նշուեցաւ՝ աւելի քան մէկ ամիս տեւած բազմակողմանի ծրագրով մը։ Անցեալ սեպտեմբերի սկիզբէն ի վեր ընթացքի մէջ էր յոբելենական ծրագիրը, որ կեանքի կոչուեցաւ թէ՛ Վենետիկի եւ թէ Իտալիոյ այլ քաղաքներուն մէջ, որոնք կ՚արտացոլացնէին միաբանութեան առաքելութիւնը՝ միացնելով հոգեւոր եւ մշակութային աշխարհները։ Արդարեւ, կրօնական տօնակատարութիւններով եւ մշակութային նախաձեռնութիւններով հիւսուած այս նախագծի իւրաքանչիւր փուլը իսկապէս յատկանշական էր։

Այժմ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի վանքին մէջ խարսխուած Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան ծալքերը բիւրեղացան՝ հաւատքի եւ գիտութեան զուգահեռ զարգացման գաղափարականով, արեւելքը եւ արեւմուտքը կամրջելու որոնումով, նաեւ անցեալն ու ներկան խաչաձեւելու ձգտումով։
325-ամեակի ծրագրի խորհրդաւոր պահերէն մին էր Ս. Ղազար կղզիի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագը, որու հետ նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ շահեկան դասախօսութիւն մը։