ԱՆՄԱՀ ՀԱՅԱԳԷՏՆ ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԱԳԷՏԸ

Ռու­մա­նիոյ ա­կա­դե­միոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով մը՝ նուի­րուած ա­կա­նա­ւոր պատ­մա­բան եւ հա­յա­գէտ, ա­կա­դե­մի­կոս Յա­կոբ Սի­րու­նիի ծննդեան 125-ա­մեա­կին (1890-1973)։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, գի­տա­ժո­ղո­վին հե­տա­զօ­տող­ներ մաս­նակ­ցած են Ռու­մա­նիա­յէն, Հա­յաս­տա­նէն, Ֆրան­սա­յէն եւ Թուր­քիա­յէն։

Գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր Ռու­մա­նիոյ ա­կա­դե­միոյ, Պուք­րէ­շի Հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի, տեղ­ւոյ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան, Ռու­մա­նիոյ Հա­յոց միու­թեան, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­մա­նիոյ Թե­մի, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան հիմ­նար­կի, Ե­րե­ւա­նի «Չա­րենց» գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­տեղ ջան­քե­րով։

Բաց­ման խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ա­կա­դե­մի­կոս Տան Պե­րին­տէյ, Հա­յաս­տա­նի դես­պան Համ­լէթ Գաս­պա­րեան, Ռու­մա­նիոյ Հա­յոց միու­թեան նա­խա­գահ, ծե­րա­կու­տա­կան Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեան, Հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի տնօ­րէն Շեր­պան Թա­նա­շո­քա եւ Քլու­ժի Հա­յա­գի­տու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Լու­չիան Նաս­թա­սէ-Քո­վաչ։

20-րդ դա­րաս­կիզ­բի Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հո­գե­վար­քի, հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան վե­րաց­ման եւ Յա­կոբ Սի­րու­նիի կեան­քի ու գոր­ծու­նէու­թեան տար­բեր շրջան­նե­րուն, հա­յա­գի­տու­թեան եւ ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման մէջ իր մեծ վաս­տա­կին, հայ մշա­կոյ­թի ու­սում­նա­սիր­ման ու տա­րած­ման ուղ­ղու­թեամբ ու­նե­ցած իր ներդ­րու­մին մա­սին գի­տա­կան զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կան Փա­րի­զի 8-րդ հա­մալ­սա­րա­նէն Փրոֆ. Ռէյ­մոն Գէոր­գեան, «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նէն Փրոֆ. Այ­հան Աք­թար, ա­կա­դե­մի­կոս Անտ­րէյ Փի­փի­տին, Տքթ. Անտ­րէյ Թի­մո­թին, ռու­մա­նա­հայ գրող-հրա­պա­րա­կա­խօս Պետ­րոս Խո­րա­սան­ճեան, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն Տքթ. Լե­ւոն Չու­քա­սը­զեան, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­յէն Կա­րի­նէ Ա­ւե­տեան եւ Փի­թեշ­տի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Հե­թում Քհնյ. Թար­վեր­տեան։

Գի­տա­ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ ռու­մա­նա­կան ա­կա­դե­միոյ սրահ­նե­րուն մէջ բա­ցուած էր Յա­կոբ Սի­րու­նիի մա­սին լու­սան­կար­նե­րու, գիր­քե­րու եւ ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ռու­մա­նա­հայ «Ա­րա­րատ» հան­դէ­սը տպագ­րած էր Սի­րու­նիին նուի­րուած բա­ցա­ռիկ թիւ մը։

Հա­շուի առ­նե­լով մեծ գիտ­նա­կա­նի ներդ­րու­մը հա­յա­գի­տու­թեան մէջ՝ Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին «Հայ­փոստ» Յա­կոբ Սի­րու­նիի ծնընդ-եան 125-ա­մեա­կի նիւ­թով հրա­պա­րա­կած էր դրոշ­մա­նի­շով բա­ցիկ մը։

Ռու­մա­նա­կան ա­կա­դե­միան ալ իր հեր­թին դեռ 2012-ին Սի­րու­նիին շնոր­հած էր յետ­մա­հու ան­դա­մի կո­չում՝ իր ողջ գոր­ծու­նէու­թեան եւ ռու­մա­նա­կան ու հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին ու պատ­մու­թեան մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015