ՏԽՈՒՐ ՍՐԲԱՊՂԾՈՒԹԻՒՆ
 Հայաստանէ ներս իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ թիրախաւորումը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ՝ գայթակղութեան համազօր նոր իրադարձութեամբ։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յովհաննավանքի մէջ մասնակցեցաւ՝ կարգալոյծ քահանայի մը կողմէ մատուցուած ապօրինի Ս. Պատարագի։ Սրբապղծութեան այս արարքին մասնակցեցան նաեւ կարգ մը նախարարներ։ Օրուայ սկիզբին Արագածոտնի թեմի հոգեւոր սպասաւորները դատական իշխանութիւններուն կողմէ հարցաքննուեցան։ Փաշինեան տեղեկացուց, որ սա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազագրման գործնական փուլի խորհրդանշական սկիզբն է։ Յովհաննավանքը ներկայիս բռնագրաւուած եւ սրբապղծուած կը համարուի ըստ եկեղեցական իրաւունքի։ Վարչապետը տեղեկացուց, որ յաջորդ շաբաթ ալ Ս. Պատարագի պիտի մասնակցի այնտեղ։

Երէկուան «պատարագիչ» քահանայի զրպարտութեամբ բանտարկուած էր Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան։ Ան կարգալոյծ եղած է, սակայն, չի յանձներ եկեղեցւոյ բանալիներն ու հովուատունը։
Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւեց, որ երէկուայ սրբապղծական թատրոնին ժամանակ ներկայ մը կարգալոյծ քահանայի ձեռքէն խլած է Ս. Աւետարանը, ինչ որ պատճառ դարձած է իրարանցումի։ Մինչ այդ, ոստիկանները միջամտած են բողոք բարձրաձայնած հաւատացեալի մը, որ դուրս հանուած է բերանը փակուելով։