ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԸ 118 ՏԱՐԵԿԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 118-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը կը շարունակէ ալեկոծեալ ովկիանոսի մէջ թիավարել՝ սաստիկ փոթորիկի պայմաններու ներքեւ։ Հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող երիցագոյն օրաթերթն ու Թուրքիոյ՝ նոյնպէս անընդհատ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթը նոր տարի մը կը դիմաւորէ՝ մտահոգիչ պայմաններով։ Մեր վերջին տարեդարձներուն արդէն խմբագրականները փոխարինուած էին ահազանգ-պոռթկումի ազդարարութիւններով։ Այս թերթը արդէն այնքան միամիտ չէր՝ յուսալու համար, թէ այդ ահազանգ-պոռթկումները նպատակի մը պիտի ծառայեն։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ապականած մթնոլորտին եւ համատարած մգլոտած մտայնութեան մէջ արդէն խօսքին արժէքը սպառած է։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս տարուան տարեդարձը կը նշուի՝ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի իրերայաջորդ ցուցադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Այդ է պատճառը, որ այս տարի վերադարձած ենք տարեդարձի առթիւ դասական խմբագրական մը հրատարակելու ձեւին։ Հոկտեմբերի 28-ն է դարձեալ եւ այս թերթի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ կ՚աւելնայ 118-րդ օղակը։
Թրքահայ կեանքէն ներս անուրանալի է այլասերումը։ Հաւաքական դիմագիծը այն աստիճան աղաւաղուած է, որ մարդիկ ո՛չ միայն կտրուած են արժէքներէ, այլեւ իրարու դէմ օտարացած։ Նուազագոյնը կամ մնացածը պահելու ու նոր ոստումի մը պատրաստուելու հիմքերը խարխլուած են։ Անիշխանականութենէ անդին՝ նոյնիսկ նուազագոյն հեղինակութեան մը մասին խօսիլը աւելորդ դարձած է համայնքէն ներս։ Ընտրեալ վարիչներու կողմէ կը հրահրուի՝ դարերու տեւողութեան կուտակուած հաւաքական հարստութիւնը ո՛չ միայն թալանելու, այլեւ յափշտակելու մտայնութիւնը։
Թրքահայ իրականութեան բազում խնդիրները, ճիշդ է, ժամանակներու ծնունդ տուած հանգամանքներու հետեւանքներն են եւ շատ նմանութիւններ ունին հայաշխարհի այլ համայնքներուն հետ։ Մետայլի միւս երեսակին, հաւաքական կեանքի յարաբերաբար առողջ հունի մը մէջ դրուիլը կ՚ենթադրէ պայքար մը, որ ուղղակիօրէն կապ ունի նոր ինքնութեան մը արտադրութեան հետ։ Հաւաքական կեանքի ձգողականութիւնը կրնայ բարձրանալ եւ նոր ինքնութեան որոնումները ներառական կրնան դառնալ, եթէ ըլլայ տարրական արդարութիւն մը։
Թրքահայ կեանքէն ներս ներքին անդորրի, համերաշխութեան մասին անկարելի է խօսիլ՝ արդարութեան առկայ կացութեամբ։ Անոնք, որոնք այս համայնքի հաւաքական միջոցները կը տնօրինեն, իրենց վարչական կամքը կ՚օգտագործեն այլասերման թափ տալու համար ու կը ջանան ամէն ինչէ զրկել անոնք, որոնք նոր ինքնութիւն մը կերտելու ճանապարհին շօշափելի գործօնի կրնան վերածուիլ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի տոկունութիւնն ու դիմադրունակութիւնն ալ այս առումով բաւարար գործօն ըլլալէ կրնան դադրիլ՝ անոր երթը, կայունութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Թրքահայ իրականութեան մէջ կը տիրապետեն միջակութիւնները։ Միաւորուելու դրսեւորումները բացառութիւն կը կազմեն՝ միայն այդ միջակութիւններէն վեր մնալու ներուժով կառոյցներու թիրախաւորումով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարաւոր ընթացքը զայն վերածած է հաւաքական մտքի եւ իմաստութեան կերտման դարբնոցի մը, իսկ մերօրեայ սնանկացեալ վարչային համակարգի տեսակէտէ այդպիսի երեւոյթները պարզապէս անհանդուրժելի են։
*
Տարեդարձի օրուան տրամադրութեամբ՝ երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անհուն երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կ՚աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան, Էպէօղլու, Սարաֆեան եւ Երէցեան գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիք պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին փայլով, բազուկին ուժով, աչքին լոյսով անխնայօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 118 տարիէ ի վեր։
Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք թերթիս սիրեցեալ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք հայ մամլոյ նահապետին միակ ապաւէնն ու յենարանը կը հանդիսանան՝ հետեւելով մեր տպագիր տարբերակին, կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։ Կը վերահաստատենք անոնց նկատմամբ մեր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։
*
Վճռակամ ենք, որ յաջորդ տարի եւս կարենանք ազդարարել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հերթական տարեդարձը՝ որքան որ ալ կացութիւնը ըլլայ ջլատիչ։