ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կը պատրաստուի աշխատանքային այցելութիւն մը տալ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 5-ին։ Արմէն Գրիգորեան պիտի մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հաւաքին, որ պիտի ըլլայ 13-րդը իր նմաններու շարքին։

Արմէն Գրիգորեանի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները թափ հաւաքած են բոլոր ուղղութիւններով։ Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ իր երկիրը հետամուտ է Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան ապրանքներու փոխադրման։ Իր խօսքով՝ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը այս պահուն կը ջանայ լուծել Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան ռուսական ապրանքներու փոխադրութեան վերաբերեալ հարցերը։ 

Ալեքսէյ Օվերչուքի խօսքով՝ Պաքու հաստատած է, որ Մոսկուա հնարաւորութիւն կ՚ունենայ օգտագործել իր երկաթուղին՝ ռուսական ապրանքները Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան փոխադրելու նպատակով։ «Այսինքն, այս իմաստով մենք շատ հետաքրքրական տեղաշարժ մը ունինք։ Հիմա «Ռուսական երկաթուղիներ»ը տարածաշրջանի իր գործընկերներուն հետ կը լուծէ հարցերը, թէ ինչպէս պիտի կազմակերպուին այդ փոխադրումները։ Միեւնոյն ժամանակ, մեր կողմէ համապատասխան յանձնարարութիւնները տրուած են Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան, որպէսզի հաշուի առնուի այս նոր լոժիսթիք երթուղին», նշեց ռուս փոխ-վարչապետը։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները վերջին օրերուն իրերայաջորդ տեղեկացուցած էին, որ երկու երկիրները կը դադրեցնեն իրարու դէմ նախապէս հաստատուած արգելքները՝ տարանցիկ բեռնափոխադրումներու համար։ Որպէս գործնական օրինակ՝ արդէն Ատրպէյճանի տարածքով Ղազախիստանի ցորենը արտահանուած էր Հայաստան։

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը կը կանխէ՝ Անդրկովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները ռուսական կողմէն անջատելու ուղղեալ Արեւմուտքի փորձերը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2025