ԸԼԼԱԼ ԶԳՈՅՇ ԵՒ ՈՒՇԱԴԻՐ

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Նաչօ Սանչեզ Ամոր (Սպանիա) խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս ընկերային ցանցերու վրայ արտայայտուած կարծիքներու բերումով մարդոց կալանաւորման դէպքերուն կապակցութեամբ։ Ան զգուշացուց, որ այս գործելաոճը ապագայ տարիներուն խստօրէն կը զննուի Եւրոմիութեան կողմէ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան, որ կը յաւակնի ԵՄ-ի անդամակցութեան թեկնածու դառնալու, պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ նաեւ ներքին խնդիրներուն։ 

Ամոր ընդգծեց, որ ընկերային ցանցերու վրայ արտայայտուած կարծիքներէ վերջ կալանաւորումներու պարագային ուշադիր եւ զգոյշ պէտք է ըլլալ, որովհետեւ սա անընդունելի է։ «Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ։ Երբ դուք կը սկսիք մեղադրել, հետապնդել եւ ձերբակալել մարդիկ՝ պարզապէս ընկերային ցանցերու վրայ բան մը գրած ըլլալու համար, սա արդէն մեթոտ մըն է։ Ժողովրդավարութեան մէջ նոյնիսկ մէկ անձ կարելի չէ բանտարկել իր կարծիքին համար։ Հայկական իշխանութիւնները պէտք է ուշադիր ըլլան այս հարցերուն մէջ, եթէ դուք կը յաւակնիք ԵՄ-ի թեկնածու երկիր դառնալ», եզրափակեց ան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2025