ՍԿԶԲՈՒՆՔԷ ՀԵՌՈՒ
Զաւեշտալի, սակայն իրաւ է, որ շատեր Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու եկեղեցւոյ դէմ տարած պայքարը կը համեմատեն 1517 թուականին Մարթին Լուտեր Քինկի եկեղեցին «բարեփոխել»ու մտադրութեան հետ: Այդ թուականներուն եկեղեցին նիւթապէս ինքզինք ապահովելու համար կը շահագործէր մարդոց վստահութիւնն ու հաւատքը եւ կը ծախէր «Մեղքի վկայական». այդ վկայականը ստացողները մեղքերէ ազատ ըլլալով իրաւունք կ՚ունենային մուտք գործել Երկինքի Արքայութիւն՝ հակառակ ամէն տեսակի մեղքերուն, որովհետեւ այդ վկայականը համազօր էր ապաշխարութեան: 
Այս առիթով Մարթին Լուտեր գրեց իր յայտնի «95 թեզ»երը։ Անշուշտ, այդ թեզերն ու մերօրեայ իշխանութիւններու հակաեկեղեցական պայքարը կարելի չէ համեմատել հիմնական պարզ ու տրամաբանական պատճառներով. պէտք է նկատի ունենալ, որ Մարթին Լուտերի ժամանակաշրջանին ժողովուրդը կը վախնար եկեղեցւոյ հասցէին որեւէ մէկ քննադատութիւն բարձրացնել՝ նոյնիսկ եթէ գիտնար, որ եկեղեցւոյ ընթացքը սխալ է, որովհետեւ սխալ թէ ճիշդ, ի վերջոյ անոնք երկիրի վրայ Աստուծոյ ներկայացուցիչներն էին: Լուտերի այս արշաւը պատճառ եղաւ, որպէսզի մարդիկ կարենան ազատօրէն իրենց բողոքն ու նեղութիւնը բարձրացնեն։ Մեր երկրին մէջ այդ մէկը ընելու կարիքը չկար, որովհետեւ ներկայ իշխանութենէն շատ շատ առաջ արդէն իսկ եկեղեցականներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դէմ քննադատութիւնները կը բարձրանային։ Մերօրեայ պայքարը պարզապէս քաղաքական կռիւ մըն է՝ եկեղեցին տապալելու փորձ մը եւ այդ մէկը եւս կարելի է հասկնալ իշխանութեան պահուածքէն։
Տակաւին մի քանի տարիներ առաջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դիմաց «խոնարհող» վարչապետը չէ՞ր գիտեր այն տարաձայնութեան մասին, թէ իբր թէ ան «զաւակ» ունի. նման խօսակցութիւն լսուած էր Փաշինեանի իշխանութենէն առաջ։ Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ 2019-2020 թուականներուն Փաշինեան ո՛չ մէկ խնդիր ու նեղութիւն կը զգար անոր «զաւակ» ունենալէն եւ հիմա մէկէն ի մէկ խնդիր կը զգայ։ Այստեղ կը յառաջանայ հետեւեալ հարցը.- եթէ մարդ սկզբունքի տէր մարդ է, անկախ պայմաններէն, անկախ թուականներէն ու եղելութիւններէն կը դատապարտէ սխալը՝ նոյնիսկ եթէ իր սեփական շահերը վնաս կրեն։ Եթէ Փաշինեանի ներկայ պահուածքը սկզբունքի հարց էր, ապա պէտք է ան նման խնդիր մը բարձրացնէր իր իշխանութեան գալու առաջին իսկ օրէն՝ նախքան նոյնինքն իր իսկ քննադատած Վեհափառ Հայրապետին առջեւ խոնարհիլ ու անոր խաչը համբուրելը: Եթէ 2018-2023 թուականներուն անոր զաւակ ունենալը զինք չէր խանգարեր եւ յանկարծ հիմա՝ մէկէն ի մէկ լուրջ խնդիրի կը վերածուի, անոր տակը պէտք է պարզապէս պատճառներ փնտռել, որովհետեւ այդ մէկը եկեղեցին «բարեփոխել»ու միտքէն շատ շատ հեռու կը մնայ:
Այսօր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ։ Վստահաբար, բոլորս ալ կը յիշենք, որ իր իշխանութեան առաջին օրերուն իր էջերուն մէջ Փաշինեան անդադար կը կիսուէր աղանդաւորական միտքեր, ինչպէս նաեւ կը տարածէր անոնց քարոզութիւնները. տարբեր աղանդաւորական շարժումներու կապուած տեսանիւթեր կը տարածէր իր անձնական էջին վրայ. ինչպէ՞ս եղաւ, որ նման աղանդաւորական շարժումներու հետեւորդ մը յանկարծ, մէկէն ի մէկ յիշեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալը եւ անոր մաքրագործութեան լծուեցաւ:
Եկեղեցւոյ անսխալականութեան չենք հաւատար եւ համամիտ ենք, որ եկեղեցւոյ մէջ շատ մը փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են՝ վերադառնալու համար հաւատքի եւ սրբութեան, սակայն, այդ մէկը կարելի չէ քաղաքականացնել։ Փաշինեան իր քաղաքական ներքին հարցերը չլուծած՝ իրաւունք չունի եկեղեցւոյ հարցերով զբաղելու, որովհետեւ շատ աւելի առաջնահերթերը կան։ Տակաւին արցախահայերու հարցը վերջնական լուծում չէ գտած. տակաւին գաւառներու մէջ դպրոցները, հիւանդանոցները ահաւոր վիճակի մէջ են եւ մենք պետութիւնը ընտրելու կոչած ենք այդ խնդիրներուն վրայ աշխատելու։ Պետական միջոցները անձնական հարցեր լուծելու եւ կամ ասոր անոր պատուէրով եկեղեցւոյ դէմ պայքարի դուրս հանելու գործածելու իրաւունքը չունի պետութիւնը, որովհետեւ այդ միջոցները տրուած են ո՛չ թէ Վեհափառ Հայրապետի բարոյականութիւնը ստուգելու, այլ երկիրը զարգացնելու համար:
Կարդացէ՛ք Մարթին Լուտերի «95 թեզ»երը. այդտեղ եկեղեցին այպանելու, եկեղեցւոյ ընթացքը քննադատելու փոխարէն բարոյական դասեր պիտի գտնէք, որովհետեւ ժողովուրդը հաւատքի բերելով է, որ կարելի կ՚ըլլայ պայքարիլ անտարբերութեան եւ չարութեան դէմ։ Մեր պարագային արեւու պէս յստակ է, որ մաքրելու եւ բարեփոխելու ո՛չ մէկ մտադրութիւն կայ. պարզապէս կայ ներքին քաղաքական հաշիւներ. վստահ եղէք, եթէ եկեղեցին դէմ չըլլար Փաշինեանին, նման բարեփոխումի կարիք պիտի չըլլար՝ ինչպէս կարիք չեղաւ 2018-2022 թուականներուն: Իսկ անոնք որոնք կը շարունակեն այս բոլորը բարեփոխութիւն անուանել՝ պէտք է բարեփոխեն իրենց արդէն իսկ գործածութենէ դադրած միտքերը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Եկեղեցի եւ պետութիւն բախումները քաղաքական նպատակներ կը հետապնդե՞ն:
Պատասխան. Այո, եկեղեցւոյ եւ իշխանութեան միջեւ բախումները յաճախ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն: Պետութիւնը կ՚ուզէ վերահսկել հոգեւոր ազդեցութիւնը՝ ամրապնդելու համար իր իշխանութիւնը, իսկ եկեղեցին կը պաշտպանէ իր ընկերային ու տնտեսական դիրքը՝ անկախ քաղաքական ազդեցութիւններէ: Որպէս արդիւնք, այս բախումները կրօնական հարցերով չեն սահմանափակուիր, այլ կը դառնան իշխանութեան, հասարակութեան վրայ հսկելու պայքար, ուր կրօնական ու քաղաքական շահերը կը խառնուին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան