Հինգշաբթի 6, Նոյեմբեր 2025
ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻ ԱՅՑ
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան ընդունեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան հանրային դիւանագիտութեան գծով փոխ-ընդհանուր տնօրէն Եաքով Լիւնէն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Սուրբ Աթոռի Կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։
Թէեւ Պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ նշուած, սակայն, ենթադրելի է, որ այսպիսի շփումները ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած առկայ լուրջ մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2025