ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Աւ. Քհնյ. Քոփարեան։ Թաղականները փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու՝ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուին՝ մեր այս սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ աշխատանքներուն շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան կապակցութեամբ։ Ան խորհուրդներ ալ տուաւ՝ թաղականներուն հետ կատարուած ընդհանուր արժեւորումներուն ժամանակ։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յղեց կարողութեան մաղթանքներ՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնը։