ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՓԱՌԱՏՕՆ՝ ԱԹԱԳԻՒՂԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԱՒԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երէկ, Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մարմնամարզի փառատօն մը, որ ուղղուած էր փոքր տարիքային դասաւորման մարզիկներու։ Աթագիւղի ողիմպիական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան 13 համայնքային նախակրթարանի երրորդ եւ չորրորդ դասարաններէն սաներ։ Շուրջ 300 փոքր մարզիկ եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ մրցեցաւ՝ մարմնամարզի զանազան ճիւղերու մէջ։ Թուրքիոյ մարմնամարզի դաշնակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր փառատօնը։

Երէկուան ձեռնարկը ձօնուած էր Շիշլիի անմոռանալի երախտաւորներէն Պերճ Մուրատ Օքանի յիշատակին։ Օրուայ պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալի այրին՝ Հայկանոյշ Օքան։ Արդէն երրորդ տարին է, որ Շիշլիի ընտանիքը բիւր յարգանքով կը վերյիշէ Պերճ Մուրատ Օքանը, որ 67 տարի անընդհատ անսակարկ ծառայած էր Շիշլիին։

Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք մարզական փառատօնի աւարտին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Մրցանակաբաշխութեան փուլին շեշտուեցաւ՝ մասնակից վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչներուն նկատմամբ Շիշլիի ընտանիքի բարձր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2025