ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանը, որուն կ՚ընկերանային խնամակալութեան կազմէն Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Լիանա Էօզպիւլպիւլ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին Կեդրոնական վարժարանի կարիքներուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ խնամակալութիւնը կը թարմացնէ զօրակցութեան կոչը՝ համայնքային շրջանակներուն ուղղեալ։ 

Կեդրոնական վարժարանը երկար տարիներէ ի վեր կայուն հունի մէջ իր գործունէութիւնը յառաջ կը տանի՝ թրքահայ նոր սերունդին առջեւ ուրուագծելով նոր հորիզոններ։ Դպրոցը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, սակայն, գերմարդկային ջանքերով կ՚ապահովուի այս արդիւնքը։ Արդարեւ, Ղալաթիոյ խնամակալութեան միջոցները բաւական սահմանափակ են՝ դպրոցը ինքնաբաւ պահելու համար։ Հետեւաբար, Կեդրոնականի արձանագրած յաջողութիւնները, միեւնոյն ժամանակ, մղիչ ուժը կ՚ըլլան համայնքին տեսակէտէ այս պատմական հաստատութեան ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան։ 

Հիւրերը երէկուան զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տուին նաեւ խնամակալութեան կողմէ յառաջ տարուած կալուածական նիւթերուն շուրջ՝ շեշտելով, որ վարչական կամք եւ հետեւողականութիւն կը ցուցաբերուի այս ուղղութեամբ եւս։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025