ՇԱՆԹ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ելմտական ու տնտեսական նիւթերու հեղինակաւոր մասնագէտ եւ յայտնի հեռուստամեկնաբան Շանթ Մանուկեան հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ, ուր աշակերտներուն հետ ունեցաւ հաճելի զրոյց մը։ Դպրեվանքցիներուն հետ Շանթ Մանուկեան զրուցեց անմիջական մթնոլորտի մէջ՝ անդրադառնալով թէ՛ իր կեանքի ոդիսականին եւ թէ մասնագիտական նիւթերու։ Ի լրումն այս բոլորին, ան խորհրդածութիւններ ալ ըրաւ ապագայի վերաբերեալ՝ մանաւանդ արհեստական բանականութեան հեռանկարներուն տեսակէտէ։ Շանթ Մանուկեանի փորձառութիւնները մագնիսացած ուշադրութեամբ լսուեցան աշակերտներուն կողմէ։ Համաշխարհային տնտեսութեան ընթացքին վերաբերեալ այսպիսի հեղինակաւոր մասնագէտի մը կարծիքներուն հաղորդ դառնալը, անշուշտ, մեծ նշանակութիւն ունէր դպրեվանքցիներուն տեսակէտէ, որոնք լիսէն աւարտելէ վերջ կեանքի պայքարի պիտի նետուին։ 

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճը ձեռնարկի առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շանթ Մանուկեանին, որ դպրոցին մէջ նկարահանուեցաւ նաեւ աշակերտութեան հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025