ԵՐԲ ՊԱՏԱՆԻ ԵՆՔ… ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԷՐ
Եւ կ՚անցնի մանկութիւնը՝ գրեթէ կեանքի ամենաթէժ սփռումներով եւ կու գայ, կը կանգնի պատանեկութեամբ՝ որպէս դեռ չսկսած ապրուստի հատուցման յորդոր եւ սկզբնադրուժ յորձանուտ ոգիի եղելութեան, որ ապագայ կը ջախջախէ ու նոյն կշռոյթով կը սրբակերտէ: Երբ մանուկ ենք, չկայ մարմինը իբրեւ մաս ու տարփանք, իսկ երբ մէկ անգամէն ու հուժկու պատանեկութեան մաքրամաքուր աստղային բոյլով մը կը մարմնանանք սեռագործութեամբ, սեռատեսակմամբ, տարփակերտումը տեսքին ու մարմնայագեցման խայծախինդը կու գան մեր վտիտ հոգիին մէջ տուն դնելու ու սկսելու երգը մարմնին, տենդը նիւթին, եզր մը չկրնալով տալ տիեզերական հոգւոյն ու յաւերժութիւն խաղացող գոյութենակերտուածութեան:
Մտանք 15 տարեկան, յետոյ 16, 17, 18… եւ սկսաւ փիլիսոփայութիւնը հիւսուիլ մեր ձեռքերով ու աչքերով, նաեւ երազներով: Ես ալ գիտէի, որ հուժկու է այս ամէնը, որ կայ, որ անծայրածիր է տիեզերքը եւ որ անկարութիւնը ո՛չ միայն պատանեկան է, այլ մարդկային։ Թէեւ պիտի յառնի պատանեկան մաքրութիւնը՝ որպէս պատուանդան քաւութեան ու անմեղութեան, ի գին ապագային գործուած բոլոր մեղքերուն ու ի պատասխան մանկութեան անգիտակցութեան: Ո՞րն է բնական վիճակը մարդկային եւ ու՞ր ենք մենք տեւաբար մեր բթացման ու կատարման հետ, ինչպէ՞ս զգանք մենք մեզ ժամանակակերտ ու անմիացած եսովը, միեւնոյն ատեն ինչպէ՞ս զգանք ժամանակախեղթ ու առանձնացած ամբողջով:
Ես պատանի եմ եւ ազատ, ես պատանի եմ եւ յորդուն, ես պատանի եմ ու կոյս իմ մարմնով ու հոգւով, իսկ կուսութիւնը ոգեղէն մարմնով, իրարմէ զտուած կամ իրարմով կուտակուած, տիեզերքի մեծ պայթումներուն չափ սլացիկ է ու կ՚առաքելացնէ բոլոր աքտերն ու դերերը մարդկային ու ընդհանուր գոյութենական: Ան չեղակատարման ճշդազննումն է, երբ եղելութիւնը ինքնին կը մեղսակցուի յաւերժաբար, քանի կատարելը ինքնին մեղքն է ու ինչքան ալ քաւենք զայն, նոյն եղելութեամբ մէկ է, չկայ վերադարձ կուսութեան կա՛մ անկատար կերտում-թօթափում-սրբագրում ապրման ու կեանքակենսութեան: Ես կանգնած եմ որպէս պատանի, պատրաստ սիրոյ ու կեանքի, բայց ինքնին յաւերժական կանգնումս ու նախասկիզբս այս կատարեալ, որ կոյս է ու սուրբ, որ վառ է ու անհաս, գիտեմ պիտի տանջէ զիս յաւերժ ժամանակով, յաջորդով, կատարմամբ ու վերջաբաններով:
Մենք աւելի աստուածային էինք Աստուծոյ մտքին մէջ, քան երբ եղանք ու այս նախասկիզբը, որ մանուկը տուաւ ինձ, գիտեմ, որ աստուածային է ու գերպայթումային: Ո՜հ, հիմա տխուր ե՞մ կամ ուրախ, մեծ ե՞մ կամ փոքր, ապագան ե՞մ կամ անցեալը, հիմա չեմ գիտեր: Բայց տխուր է դէմքս ու գալիքի մահը զգալով քիչ կը խնդամ… Ինչո՞ւ տխրագին եմ, ինչո՞ւ մելամաղձոտ, ինչո՞ւ վիպապաշտ, երբ դեռ իմ մէջ չկայ ժամանակցութիւնը, երբ չկայ վազքը բնազդին, երբ չկայ տուայտանքը նիւթին: Այո՛, տխրագին կը նշանակէ սիրահարուած, սիրուելու կարօտ, նոյն մանկութենէն չկշտացած հոսքով կանգնած, նոյնաժամանակ մանկութեան պատգամն ու մարմաջը սահմանող ու հատուցող սլացքով մը: Այո՛, կայ ուրախ ըլլալու դեր մը, բայց մենք շատ թափանցիկ ենք ու չքնաղ, երբ պատանի ենք, շատ դիւրափշուր ենք ու տհաս, թիթեռնակային ենք ու սրբագին կերպով անգոյացող գոյութենական:
Երբ պատանի ենք եւ անբիծ, երբ տակաւին փիլիսոփայութիւնը գոյութեան անարդարութիւնը չէ վիպաշարած, երբ թշուառութիւնը չէ սփռուած հին մխիթարանքով մը, երբ իրականութիւնը չէ եղած դիտուածէն ու քաղուածէն անդին, երբ սէրը վարդ է դաշտին մէջ… անվերջ լուացող մեր նայուածքն ու կեանքը: Սիրել պիտի սկսիմ ու կարեւորը ես սիրեմ, զիս սիրած ըլլալ կը թուին հայրս ու մայրս, եթէ ոչ մարդկութիւնը պատմութիւններուն մէջ եղող եւ ապագային, դէպի ինձ եկող: Գիտեմ, ես սիրուած եմ, ես վրէժ չունիմ չսիրուածութենէն, բայց պատանի եմ, կը սիրեմ, պիտի սիրեմ ու իմ սէրս այս առաջին՝ չեմ կարծեր, որ դէպի ինձ ըլլայ, բայց տեղ մըն ալ հոն եմ ու ան իմ սէրս է։ Ես հոն եմ, ուր զիս սիրեց մէկը, որ մայրական չէր, ինձ նայեցաւ ու ժպտաց մէկը, որ վարդայինն էր ու աչքերս տամկացան, քանի մայրս յիշելով չուզեցի վանել իր սէրը։ Գիտեմ պիտի շրջեմ այդ սէրը, որ իմ մէջ ու իմ շունչով պիտի ըլլայ բոլորովին տարբեր։
Ներողութիւն սէր, ես եկայ ու կը գուրգուրամ այն սիրոյ վրայ, որ գեղեցկութիւն կը ծորի եւ զիս կը ծորեցնէ գեղեցկօրէն ու գեղեցկացուած: Սէրը տխրութի՞ւնն է ջիղաւորուած յուզմունքով ու երջանկութեան պատրանքով, յաճախ կը հարցնեմ՝ պատուհանին կամ հայելիին դիմաց, երբ կը մարմնաւորեմ կերպարներ…
Սէրս եկաւ օդացած եւ ես դարձայ աթոմական փոթորիկ՝ դող մը սին ինձ կը ցուլէ լոյսերով։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան