ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, անցեալ շաբթուան տեւողութեան գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովներէն վերջ, շաբաթավերջին, Վեհափառ Հայրապետը ուղեւորուեցաւ Հնդկաստան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու, Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին հետ։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին ճեմարանի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Մինասեան՝ որպէս Վեհափառ Հայրապետի յանձնակատարը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025