ՎԵՑՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՈՐՈՇԻՉ ԵՒ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ (1)

Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան պատմութեան մէջ 1967 թուականը կը նկատուի ճակատագրական շրջադարձի տարի։ Սոյն թուականի յունիսի վեցօրեայ պատերազմը միայն սահմանային բախում մը չէր՝ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի, Սուրիոյ ու Յորդանանի միջեւ։ Ան եղաւ հրաբուխի պէս ժայթքած տագնապ մը, որուն արմատները կը ձգուէին տարիներու խորքը, իսկ հետեւանքները մինչեւ այսօր ալ կը ձեւաւորեն Միջին Արեւելքի քաղաքական ու անվտանգութեան հաւասարակշռութիւնը։

Այս կարճատեւ, բայց խիստ որոշիչ պատերազմին ընթացքին Իսրայէլ կարողացաւ լայնածաւալ տարածքներ գրաւել՝ ներառեալ Սինայի թերակղզին, Արեւելեան Երուսաղէմը, Կոլանի բարձունքները եւ Պաղեստինի Արեւմտեան ափը։ Պատերազմը ո՛չ միայն փոխեց քարտէսը, այլեւ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ արաբական աշխարհի ինքնագիտակցութեան, Իսրայէլի միջազգային դիրքաւորման եւ մեծ տէրութիւններու միջամտութեան տրամաբանութեան վրայ։ Բաց աստի, կը վերլուծենք ո՛չ միայն ռազմական շարժումներու տրամաբանութիւնը, այլ նաեւ՝ քաղաքական որոշումներու հիմքերը, դիւանագիտական ձախողութիւնները եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած նոր կարգավիճակը։ Տարածքային գրաւումի հարցերէն անդին, պատերազմը սկսաւ վերստին սահմանել նաեւ ինքնութեան, ինքնիշխանութեան եւ խաղաղութեան հասկացողութիւնները՝ ամբողջ շրջանին համար։

5 յունիս, 1967-ին, Միջին Արեւելքը ապրած է վեցօրեայ պատերազմ մը Իսրայէլի եւ անոր դրացի արաբ երկիրներուն միջեւ: Մինչեւ այսօր, այդ պատերազմը իր հետքը ձգած է Միջին Արեւելքին վրայ։

Հասկնալու համար, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ այսօր Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ՝ պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1967-ի պատերազմին Միջին Արեւելքի մէջ։ Այս կէտին կը յառաջանան բազմաթիւ հարցեր։ Ի՞նչ էին պատերազմի պատճառները, ինչպէ՞ս ընթացած է եւ ի՞նչ եզրակցութիւններու յանգած:

Ըստ բրիտանական հանրագիտարանին՝ վեցօրեայ պատերազմը կամ յունիսեան պատերազմը եւ կամ երրորդ արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, որ յաճախ ծանօթ «Նաքսա» (ընկրկում) բառով, կարճատեւ պատերազմ մըն էր, որ երրորդն էր արաբ-իսրայէլեան պատերազմներուն։ Այս պատերազմին Իսրայէլ յաղթելով՝ բռնագրաւած է Սինայի թերակղզին, Կազզէն, Արեւմտեան ափը, Երուսաղէմի Հին քաղաքը եւ Սուրիոյ Կոլանի բարձունքները: Այս տարածքներու կարգավիճակը յետագային դարձած է արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան հիմնական վիճելի նիւթը։

Նախքան պատերազմը, Պաղեստինի զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներու ուժեղացումը Իսրայէլի վրայ՝ Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Յորդանանէն, յանգեցուցած է Իսրայէլի հակահարուածին։

1966-ի նոյեմբերին, Իսրայէլ Արեւմտեան ափի Սամուու գիւղին վրայ իրականացուցած է գրոհ մը, որու հետեւանքով նահատակուած է 18 հոգի եւ վիրաւորուած 54: 1967-ի ապրիլին, Սուրիոյ հետ ռազմաօդային մարտի ժամանակ, Իսրայէլ վար առած է սուրիական 6 «Միկ» օդանաւ։ 

Այն ժամանակաշրջանին, Եգիպտոսի հանգուցեալ նախագահ Ճեմալ Ապտիւննասըր ենթարկուած էր խիստ քննադատութեան՝ օգնութիւն չցուցաբերելու համար Սուրիոյ եւ Յորդանանին Իսրայէլի դէմ։ Զինք նաեւ մեղադրած էին, որ կը պաշտպանուի Սինայի մէջ Եգիպտոս-Իսրայէլ սահմանին տեղակայուած ՄԱԿ-ի արտակարգ իրավիճակներու ուժերով: Հետեւաբար Նասըր քայլերու ձեռնարկած է՝ ցոյց տալու իր աջակցութիւնը Սուրիոյ։ 1967-ի մայիսի 14-ին, Նասըր հաւաքած է իր զինեալ ուժերը Սինայի մէջ եւ մայիսի 18-ին պաշտօնապէս խնդրած է՝ այնտեղ տեղակայուած ՄԱԿ-ի արտակարգ իրավիճակներու ուժերէն հեռանալ:

Մայիսի 22-ին, Նասըր փակած է Աքապայի ծոցը Իսրայէլի նաւերուն դիմաց՝ շրջափակելով հարաւի Իյլաթ ծովեզերեայ քաղաքը: Մայիսի 30-ին, Յորդանանի Հիւսէյին թագաւորը ժամանած է Գահիրէ, ստորագրելու համար Եգիպտոսի հետ համատեղ պաշտպանական պայմանագիր մը, որով Յորդանանի զինեալ ուժերը պիտի դրուէին Եգիպտոսի հրամանատարութեան տակ: Կարճ ժամանակ ետք Իրաքը եւս միացած է սոյն դաշինքին:

1967-ի պատերազմի առասպելը կը պատմէ իսրայէլացի Դաւիթի մասին, որ յաղթեց արաբ «Գողիաթ»ին, ակնարկելով Հին կտակարանի այն պատմութեան, թէ ինչպէս Դաւիթ մարգարէն, երբ դեռ պատանի էր, կրցած էր յաղթել մարտիկ, զինեալ տիտանի մը, երբ պարսատիկով մահացու հարուած հասցուցած անոր ճակատին եւ այդ միայն Աստուծոյ զօրութեամբ: 

Իրականութեան մէջ, 1967-ին Միջին Արեւելքի մէջ կար երկու տիտան: Արաբները, որոնք բոլորը միասին հաւաքուած, ճիշդ է, ունէին հզօր զինեալ ուժեր, բայց պատրաստ չէին պատերազմի: Եւ հրեայ «Գողիաթ»ը, որ իր լաւագոյն վիճակին մէջ էր եւ անոր առաջնորդները գիտէին այդ մէկը։ 1967-ին Իսրայէլ այսօրուընէ աւելի ինքնամփոփ հասարակութիւն մըն էր: Հեռատեսիլը այնքան տարածուած չէր ինչպէս այսօր, զօրավարներն ու քաղաքական գործիչները չէին տարածեր լուրերը իրենց սիրելի լրագրողներուն՝ ինչպէս կ՚ընեն այսօր։

Իսրայէլացիները՝ մասնաւորապէս պատերազմին նախորդող ճգնաժամին, լքուած էին մտահոգ եւ անտեղեակ, ինչ որ շատերուն համար անտանելի էր։ Պետութիւնը ընդամէնը 19 տարեկան էր, իսկ Հոլոքոսթէն փրկուած երեխաները քսան տարեկան էին։ Եւ Նասըրի ռատիոկայանը՝ «Սաութ ալ Արաբ» (Արաբներուն ձայնը) անընդհատ սպառնալիքներ սփռելով՝ կ՚աւելցնէր իսրայէլացիներու մտահոգութիւնը: Ռատիոկայանի հաղորդավար Ահմէտ Սայիտ դարձած էր 1960-ականներու արաբական աշխարհի հեռարձակման ամենէն յայտնի ձայնը, Նասըրէն եւ երգչուհի Ում Քալսումէն ետք։ Սայիտ կ՚ընէր յայտարարութիւններ, օրինակ՝ «Իսրայէլի հետ ոչինչ ունինք… բացի պատերազմէն… համընդհանուր պատերազմ։ Մեր նպատակն է ոչնչացնել Իսրայէլի այն առասպելը, որ իբր թէ ան պիտի գոյատեւէ այստեղ։ 100 միլիոն արաբներէն իւրաքանչիւրը վերջին 19 տարիներուն ապրած է մէկ յոյսով՝ մեռնիլ ապրելու եւ ապրիլ մեռնելու միայն այն օրը, երբ Իսրայէլ կործանի»։

Զարմանալի չէր, որ բազմաթիւ իսրայէլացիներ ունենային մտահոգութիւն, նոյնիսկ անոնց ընկերներն ու գործընկերները, որոնք կ՚ապրէին արտասահման։

Սայիտի հաղորդումը, նոյնիսկ ոչ այնքան ճիշդ եբրայերէնով, որ կը հեռարձակուէր եգիպտական ռատիոկայանով Գահիրէէն, համոզած էին բազմաթիւ իսրայէլացիներ, որ իրենք դէմ յանդիման պիտի գտնուին այսպիսի պատրաստուած թշնամիի մը, ուրեմն պէտք է կռուիլ եւ կռուիլ ամբողջ ուժով: 

Եւ հարցը այն էր, որ արաբներն ալ հաւատացած էին Ահմէտ Սայիտին եւ անոր պէսերուն, որ դիւրին յաղթանակ մը հորիզոնին է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025