ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՆՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄԸ

Յովհաննավանքի մէջ մատուցուած նորոգման երկու պատարագներէն ետք, արդէն անցեալ կիրակի յայտարարած էր մեր վարչապետը, որ յաջորդ պատարագը Թալինի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի եւ պիտի նուիրուի մեր նահատակ բոլոր զինուորներու հոգիներուն։ 

Այդպէս ալ եղաւ։ 

Ո՛չ մէկ փոփոխութիւն։

Մեր վարչապետին շունչ քաշելու ժամանակ չունեցող ֆէյսպուքի իր էջին վրայ երկու ժամ ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ Թալինի պատարագը՝ լեփ-լեցուն եկեղեցիով եւ մուտք ու ելքի ջերմ ծափողջիւններով… 

Հեռաձայնը ձեռքիս մէջ, տարբեր էջեր երթալ գալով՝ աչքս ուղիղ հեռարձակման վրայ՝ այդ եկեղեցիին մէջ կանգնած ծերունիներ տեսայ։ Վարչապետին, սրտանց, իրօ՛ք սրտանց «Աստուած օգնական» ըսող ծեր կին մը, ի սրտէ, միասին, միաբերա՛ն «Հայր մեր» աղօթող բազմութիւն մը տեսայ, երիտասարդներ տեսայ ու մտածեցի. տեղեա՞կ են այս բոլորը մեր շուրջը կատարուողէն։

Մեր այս ապրածը ի՞նչ է։ 

Սո՞ւտ է։ 

Թատերգութի՞ւն է։ 

«Հ1»էն արձակուած հայկական սերիալներուն պէս՝ պատրաստուած բա՞ն մըն է։ Մեր դիտածները գրող մէկը կա՞յ, թէ իրականութիւն են ասոնք։ 

Ինչերու ալ հաւատամ, իրօք չե՛մ ուզեր հաւատալ, որ մէկը այդ ալեհեր կնոջ թելադրած է, որ իրեն մօտեցող վարչապետին այդքան անկեղծ «Աստուած օգնական» մը ըսէ…

Չե՛մ հաւատար։

Ո՞վ է իրօք խաբողը, հո՛ս։ 

Ո՞վ է խաբուողը։ 

Այդ եկեղեցիին մէջ երկու ժամ ոտքի կեցած այդ բազմութիւնը զԱստուա՞ծ խաբեց։ Հոն՝ այդ եկեղեցիին մէջ չեղող, բայց զինք դիտող ա՛յլ բազմութիւն մը խաբեց, թէ Արարատ լերան դիմաց ծածանող հազարաւոր եռագոյններուն տակ թաղուած Եռաբլուրի նահատակ տղա՞քը խաբեց։ 

Մեր սրտերը դատող Ամենատես Աստուած կը խաբո՞ւի։

Տղաքը՝ հինգ տարի է չկան. հոգիները կը խաբուի՞ն։ 

Մանուկներուն պատմած մեր հեքիաթներուն պէս՝ մեր շուրջը ճախրող, ամէն ինչ տեսնող այդ տղոց հոգիները տեսա՞ն, օրինակ, «մեր զինուորներուն նոր բարեկամը»։

Դուք տեսա՞ք։ 

Եթէ ո՛չ, ուրեմն շտապեցէք դիտել մեր վարչապետին՝ առաւօտեան վեցէն սկսեալ օրական տեղադրած առնուազն տասը հրապարակումներէն գո՛նէ այս մէկը։

Անսասան ապահովութեան մէջ են, այլեւս, մեր զինուորներն ու մեր սահմանները՝ ամէն տեսակի հրահանգ կատարող կատարեալ այս մարդամեքենային հետ. Քայլի՛, վազի՛, կանգնի՛ հելէ, արի հելէ, ֆրրա՛, նստի՛, պառկի՛… հրա՜շք. գիտական, ռազմական եւ ո՛վ գիտէ դեռ ընկերային ձիրքեր ալ ունի բացառիկ այս «բարեկամը»։ 

2020-ին եթէ ունենայինք այս մարդամեքնայէն, այսօր թերեւս այլ բաներ գրէինք… Յաջորդ տարուան ընտրութիւններուն շեմին, Հայաստանի նախորդ նախագահներուն «փոտքասթ»ներուն ի պատասխան տեղադրուած այս տեսանիւթերը թերեւս չդիտէինք ու երբեք-երբեք չգիտնայինք, թէ՝ «2023-էն 2025-ի Հայաստանում, կառավարութիւնը շուրջ 171 միլիառ դրամի ներդրում է արել Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերական համալիրում։ Դա շուրջ 450 միլիոն տոլար է»։ 

Երկրէն ներս հնչող որեւէ բառ ու նախադասութիւն իր յստակ ու հասցէագրուած պատասխանը ունի մեր վարչապետին էջին վրայ, իսկ երկրէն դուրս հնչողնե՞րը։ 

Մարդամեքենան կը պատասխանէ, այլեւս։ 

Դուրսինին կարի՞ք կայ։

Մեր ուժով հազիւ մենք մեզ յօշոտենք, մենք մեզ կիսենք, պատռտենք ու ստորացնենք։ 

Չվերջացող մեր ատելութեամբ «post» ու «podcast» խաղացած մեր պահուն, մեր մարդամեքենայ-բարեկամը այլ «կողմնակի» բաներով կը զբաղի. 

Սահմանազատումը, յանձնելը, վերադարձնելը, Գորիս-Կապան յանձնուած ճանապարհը, Սեւ լիճ, Ջերմուկի գրաւուած տարածքները, Կիրանց, Տաւուշի յանձնուած գիւղերը, Պաքու մնացող ռազմագերիները, սպաննուող, ընդդիմադիրները, քաղաքական անթիւ բանտարկեալները, տասնհինգ զինուորի կեանք խլած հրդեհը, պայթած Սուրմալուն, պարոյկի մը տակ օրօրուող Ծիծեռնակաբերդը, ջնջուած Արարատը, փոխուելիք սահմանադրութիւնը, Ալիեւի չափ ու սահման չունեցող «պատմական ճշդումները», Սեւանը, Կոյչան, Արեւմտեան Ատրպէյճանը, Հայաստան վերադարձող ատրպէյճանցիները, Պայրամովի հարցազրոյցը… 

Հաշուեցէք անվախ։ 

Անփո՜յթ հաշուեցէք։ 

Ահեղագոյն մեր թշնամիներուն երազախառն քունը պիտի փախցնէ մեր զինուորներուն սարսափազդու, ֆրրացող բարեկամը…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025