«12-ՐԴ ԱՆԿՈՂԻՆԻՆ ՄԱՀԸ»

Սիրելի՛ Ահմատ,

Տակաւին հիւանդանոցէն դուրս չեմ ելած. առողջութիւնս գլորուելով դէպի բարելաւում կ՚ընթանայ եւ իմ ձեւս այդ մէկը յայտնաբերելու շա՜տ զաւեշտալի է…:

Գիտե՞ս ինչպէս կը գեղեցկացնեմ ժամանակս:

Պատշգամին կը կանգնիմ ու կը ծխեմ. յետոյ ձեռքիս բոլոր ուժով կը նետեմ ծխախոտի տակի մասը, որ կ՚իյնայ պարտէզի կանաչ խոտերու շարքին մէջ…: Ծխախոտի տակի մասը անցնող շաբաթներուն չորրորդ շարքէն քիչ մը անդին կ՚իյնար, իսկ այսօր քիչ մը շատ մօտեցաւ վեցերորդ շարքին…:

Նամակէդ հասկցայ, որ կարիք չունիս Մուհամմատ Ալի Աքպարին մահը տեսնելու, որպէսզի գիտնաս, թէ ի՞նչ է մահը…, եւ գրեցիր ըսելով, թէ մահուան դէպքը կարիք չունի ողբերգական յառաջաբաններու, զորս նկարագրեցի Մուհամմատ Ալի Աքպարի կեանքի մասին, եւ թէ մարդիկ շատ աւելի պարզութեամբ կը մահանան: Ան, որ մայթէն ինկաւ եւ իր լիցքաւորուած ատրճանակէն փամփուշտ մը դուրս գալով պատռտեց իր վիզը: Ուրիշ մը, գեղեցիկ աղջկայ մը հետ կ՚երթար…, եւ այն ինչը սպաննեց զինք՝ ճամբուն ընթացքին ունեցած սրտի կաթուածն էր…, ապրիլեան գիշեր մը, մէկ շաբաթ առաջ ամուսնացած էր…: Այս բոլորը ճի՛շդ են սիրելի Ահմատ, այս բոլորը ճիշդ են, սակայն խնդիրը այստեղ չէ: Մահուան խնդիրը երբեք մեռնողին խնդիրը չէ, այլ՝ մնացողներուն խնդիրն է, դառնութեամբ իրենց կարգը սպասողներուն խնդիրն է, որպէսզի փոքրիկ դաս մը ըլլան ողջերու աչքերուն…: Նախապէս քեզի գրած նամակովս կ՚ուզեմ ըսել քեզի, թէ մեր մտածումը սկիզբի կէտէն պէտք է փոխադրենք վախճանի կէտին…: Իւրաքանչիւր մտածում պէտք է մահուան կէտէն սկիզբ առնէ…: Տարբերութիւն չունի, եթէ մարդ մեռնի՝ գեղեցիկ աղջկայ մը մարմինին իւրայատկութիւնները վայելած…, թէ մեռնի՝ նայելով սափրուած դէմքի մը, որմէ կը վախնայ իր հնաոճ սնտուկին համար, որ կապուած է կանեփի թելով…: Խնդիրը կը մնայ վախճանի խնդիրը…, անգոյ դառնալու կամ անմահանալու խնդիրը…, կամ, կամ ի՞նչ: Կամ ի՞նչ սիրելի Ահմատ:

Ամէն պարագայի, դադրինք ջուր լեցնել ծակ տոպրակի մը մէջ… Գիտե՞ս, թէ ինչ պատահեցաւ անցեալ անգամ նամակս ղրկելէ ետք քեզի: Բժիշկին սենեակը գացի եւ տեսայ, թէ անոնք Մուհամմատ Ալի Աքպարի մասին տեղեկագիր կը գրեն…: Անոնք արդէն կը պատրաստուէին սնտուկը բանալու…: Ա՜հ, Ահմատ, մենք ինչքա՜ն բանտարկուած ենք մեր մարմիններուն եւ ուղեղներուն մէջ…: Մենք միշտ ուրիշներուն կու տանք մեր յատկութիւնները եւ անոնց կը նայինք մեր կարծիքներու եւ մտածումներու նեղուցէն: Կ՚ուզենք, որ անոնք ինչքան կարելի է «մենք» ըլլան…: Կ՚ուզենք զանոնք մեր մորթերուն մէջ խոթել, մեր աչքերը տալ անոնց, որպէսզի անոնցմով նային: Տակաւին, կ՚ուզենք, որ մեր անցեալը հագցնենք անոնց եւ կեանքը դիմակայելու մեր ընթացքը…, եւ դնել զանոնք շրջագիծի մը մէջ, որ կը գծէ մեր ներկայ հասկացողութիւնը ժամանակին ու տեղին…:

Մուհամմատ Ալի Աքպարը մեր յիշածներէն բան մը չէր… Երեք մանչերու եւ երկու աղջիկներու հայր էր…: Մոռցանք, թէ այդ մարդը կանուխէն հոն կ՚ամուսնանայ…: Աւելին, Մուհամմատ Ալի Աքպարը ջուր ծախող չէր, որովհետեւ ջուրը առատութեամբ կայ Օմանի մէջ: Նաւաստի մըն էր առագաստանաւի մը վրայ, որ կ՚երթար կու գար հարաւի եւ ծոցի նաւահանգիստները…, նախքան երկար ժամանակէ ի վեր կայք հաստատելը այստեղ:

Մուհամմատ Ալի Աքպարը չորս տարի առաջ Քուէյթ հասաւ եւ աննկարագրելի անկոտրուն ճիգով մը, երկու ամիս առաջ միայն յաջողեցաւ խանութի նմանող փոքրիկ խանութ մը բանալ նոր փողոցի մայթերէն մէկուն վրայ… Իսկ թէ ինչպէ՞ս կը հոգար իր ընտանիքին Օմանի մէջ, այդ մասին ոչինչ գիտենք:

Բժիշկին գրած տեղեկագիրին մէջ կարդացի, թէ հիւանդին աչքերը իր մահանալէն վեց ժամ առաջ կուրցած էին: Այսպիսով, Մուհամմատ Ալի Աքպարը դէմքիս չէր նայեր՝ երբ մահացաւ…, կոյր էր…: Բժիշկը նաեւ գրած էր, թէ հիւանդի ընտանիքին հասցէն անյայտ է, եւ այսպիսով, զինք թաղելը տեղի պիտի ունենայ հիւանդանոցի գերեզման՝ փորողներու գիտութեամբ միայն:

Բժիշկը տեղեկագիրը բարձր ձայնով կարդաց իր պաշտօնակիցներուն: Ամփոփ տեղեկագիր մըն էր եւ միայն հիւանդութեան մասին կը խօսէր՝ գեղարուեստական արտայայտութիւններով: Ան չափազնցօրէն կեդրոնացած էր եւ իր ձայնը տխուր երաժշտութեան մը նման կը հնչէր: Երբ կարդալը վերջացուց սնտուկին մօտեցաւ եւ կանեփի թելը բռնեց… Այն ատեն մտածեցի սենեակէն հեռանալ, հարցը ինծի չի՛ վերաբերիր… Մուհամմատ Ալի Աքպարը՝ որ կը ճանչնայի, մահացաւ, եւ ասիկա՝ որու մասին կը գրեն, ուրիշ մարդ մըն է, սնտուկն ալ ուրիշ սնտուկ մըն է…: Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ կայ Մուհամմատ Ալի Աքպարի սնտուկին մէջ, ի՞նչ պէտք ունիմ քիթս ուրիշ խնդիրի մը մէջ խոթելու:

Հակառակ ատոր, չկրցայ դէպի դուռ երթալ: Անկիւնը կանգնեցայ՝ քիչ մը դողդողալով:

Սնտուկը բացուելուն պէս, բժիշկին մատները շատ արագ խառնշտկեցին անոր մէջ եղածները եւ մէկ կողմ նետեցին…:

Վախով նայեցայ սնտուկին մէջ… Նոր խանութի պարտքերուն պարտամուրհակներն էին, այն պահեստներէն՝ որոնք չորս կողմը կը լեցնէին: Ծայրը հին նկար մը կար՝ մօրուքաւոր մարդու մը, հին ժամացոյցի մը կաշին, կանեփի թելը, փոքրիկ մոմ մը եւ մի քանի ղրուշներ՝ թուղթերուն մէջ տարածուած:

Յուսահատեցայ…, իրականութիւնը կ՚ըսեմ քեզի…: Նախքան սենեակէն ելլելը զիս շշմեցուց այն հանգամանքը, որ երբ բուժքոյրը Մուհամմատ Ալի Աքպարի պարտամուրհակները մէկ կողմ դրաւ, սնտուկի հատակին խեցեգործական երկար օղ մը երեւցաւ… Գլխապտոյտ զգացի, մօտեցայ սնտուկին եւ մատներովս վերցուցի օղը, չեմ գիտեր ինչո՞ւ բուժքոյրը նայեցաւ եւ յանկարծ ըսի անոր.

-Այս օղը իր քրոջ՝ Սպիքէին համար գնած էր…, ես այս մէկը շատ լաւ գիտեմ: Քիչ մը զարմացած նայեցաւ ինծի քիչ մը, յետոյ կոպտօրէն խնդաց, բժիշկն ալ խնդաց սրախօսութեանս վրայ:

Դուն, անպայմանօրէն գիտես, թէ բուժաշխատողները իր աղիքներու խոց ունեցող հիւանդին հետ բարեհամբոյր պէտք է գտնուին, վախնալով որ ան յանկարծ չվատանայ: 

Եղբայրդ

Քուէյթ, 1960

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025