ԱՆԺԵԼԻՆԱՆ…
Մեր առաջին հանդիպման Անժելինան նոր կորսնցուցած էր ամուսինը։
Անժելինա… Այնքա՜ն գեղեցիկ հնչեց, այնպիսի քնքշութեամբ տուաւ իր անունը, այդ ձայնին տակ թաքնուած հեքիաթ մը կար… Այո՛ հեքիաթ… Հեքիաթ մը, որ ուզեց անպայման պատմել։
Կեանքէն այդ հեքիաթը մնացած էր իրեն… Հեքիաթ, որ ամբողջ կեանք մը կ՚արժէր։
Թէեւ ութսունի կը մօտենար տարիքը, բայց սէրը իր աչքերը տասնեւեօթ տարեկան պահած էին։ Այն տարիքը, երբ հանդիպեցաւ Միքայէլին եւ Միքայէլը աչքերէն իջաւ սիրտին։ Կեանքը իր անակնկալներով, կեանքը իր վերիվայրումներով, կեանքն իր պարգեւած գարուններով ու աշուններով կնճիռներ գծեց իր հրեշտակային դէմքին, բայց չկրցաւ այդ նայուածքը խլել. այն նայուածքը, որով առաջին անգամ նայած էր Միքայէլին։
Իսկ Միքայէլը այդ նայուածքին տակ ամբողջովին յանձնուած էր արդէն իր կեանքի հրեշտակին՝ Անժելինային։
-Յաճա՞խ կու գաս այս գրադարանը, հարցուց Միքայէլը։
-Ամէն չորեքշաբթի։
-Ուրեմն ես մինչեւ մեկնիլս ամէն չորեքշաբթի պիտի գամ։
Այդքան էր իրենց առաջին հանդիպման խօսակցութիւնը, բայց երկուքն ալ իրենց աչքերուն մէջ տարին իրարու։ Միքայէլը Անժելինային հրեշտակային կերպարանքը, իսկ Անժելինան իր երազած պարթեւ հասակով, սեւ աչքերով հայ երիտասարդը։
Շաբաթը դանդաղ անցաւ, անտանելի դանդաղ։ Վերջապէս չորեքշաբթի էր… Ժամանակէն առաջ երկուքն ալ հասած էին գրադարան։ Գրադարանը այժմ իրենց դրախտն էր… Ամենասիրելի վայրը։
-Անժելինա ես մէկուկէս ամիս հոս եմ միայն, պիտի մեկնիմ, պէտք է աւելի յաճախ հանդիպինք, այսինքն ամէն օր… Չորս ամիսէն կը դառնամ եւ ամէն բան ուրիշ կ՚ըլլայ արդէն։
Անժելինան մինչեւ առտու գիրք կը կարդար, որպէսզի աւարտէ եւ յաջորդ օրը գրադարան երթալու պատրուակ ունենայ։
Սակայն, ամէն օր գրադարան երթալը մտածել տուաւ հօրը, թէ գրադարանը գիրքերէն աւելի ուրիշ հրապոյր մը պէտք է ունենայ… Անժելինային բացակայութեան՝ մտաւ անոր սենեակը ու գիրքի մը մէջ չորցուած մանիշակ մը գտաւ անուշահոտ թաշկինակի մը վրայ։
Հօր մտքին մէջ յստակացաւ ամէն բան.
-Անժելինա, ո՞վ է այդ երիտասարդը, որուն համար գրադարանը գիրք չի ձգեցիր կարդալու։ Ես հակառակ չեմ քու սիրելուդ եւ ո՛վ որ է տղան, որպէս քու սիրտդ գրաւողը պիտի ընդունիմ, յարգեմ եւ սիրեմ։
Անժելինային համար ո՛չ միայն գրադարանը, այլեւ աշխարհը դարձաւ դրախտ։
Յաջորդ հանդիպմանը Միքայէլը տուն բերաւ, հօրը հետ ծանօթացնելու համար։
-Ոչ թէ որովհետեւ սիրտս գրաւած էր Միքայէլը, այլ իսկապէս գրաւիչ, սիրուելիք երիտասարդ մըն էր եւ հայրս, որ տղայ զաւակ չէ ունեցած՝ իր հարազատ զաւկին նման սիրեց զինք։
Միքայէլը արձակուրդի եկած էր, Անգլիա կ՚ուսանէր եւ քանի մը ամիսէն պիտի աւարտէր։ Այնքան արագ եղաւ ամէն բան, հայրն ու մայրն ալ եկան մեզի։ Մայրս կանուխ մահացած էր, բարեկեցիկ կեանք ունէինք, սակայն, Միքայէլենք շատ հարուստ էին։ Եւ ես մէկ հատիկ էի եւ Միքայէլը մէկ հատիկ էր։ Միքայէլին ծնողքը ուշ ամուսնացած էին եւ տարիքով մեծ ըլլալնուն համար ուզեցին ամառը պսակադրութիւնը ըլլայ եւ շուտ մը թոռնիկ վայելեն։ Ամենաերջանիկները անշուշտ Միքայէլն ու ես էինք… Թուականն ալ որոշուեցաւ, սակայն…
-Այդքան արա՞գ, գրեթէ մէկ ամսուայ մէջ։
-Այդպէս էր առաջ, շատ երթալ-գալ չկար… Յետոյ մենք շատ սիրեցինք զիրար առաջին հանդիպումէն, առաջին նայուածքէն եւ ոչ մէկ արգելք կար։ Դրամական հարց չկար, Միքայէլը պիտի աւարտէր եւ գար։ Թուականը որոշեցինք, մայրը զիս իր դերձակուհիին տարաւ, որպէսզի հարսանեկան հագուստս կարէ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
•մնացեալը վաղուան թիւով