ՀՐԱՇՔ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ղուկաս Աւետարանիչ, որպէս բժիշկ, բազմաթիւ հրաշքներ արձանագրած է իր Աւետարանին մէջ։ Զոր օրինակ, «Հաշմանդամ կնոջ բժշկութիւնը». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 10-13), ուր կը հանդիպինք կնոջ մը՝ որ 18 տարիէ կը տանջուէր եւ Տէր Յիսուս զայն բժշկեց։ Այս հրաշքը աչքառու չէ ուրիշ հրաշքներու պէս, որոնք յաճախ կը կարդանք զանազան հատուածներու մէջ, ինչպէս 5000-ին կերակրուիլը կամ Ղազարոսի յարութիւնը՝ ողջանալը։ Այսուհանդերձ (ՂՈՒԿ. ԺԳ 10-13)ի հրաշք բժշկութենէն շատ մը հոգեւոր դասեր կարելի է քաղել։ Արդարեւ, ամէն հրաշք դա՛ս մըն է։
Շաբաթ օր մը, Յիսուս ժողովարաններէն մէկուն մէջ կը սորվեցնէր։ Կին մը որուն կռնակը կքած էր 18 տարիէ, եւ հաւանաբար միշտ ցաւի մէջ էր, մանր քայլերով, պատին տակէն քալելով, շնչահեղձ հասաւ ժողովարան եւ ետեւի նստարաններէն մէկուն վրայ նստաւ։ Հիւանդութեան չար ոգի մը այս խեղճ կինը գերի բռնած էր եւ ողնայարը այնպէս ճզմած էր, որ ան չէր կրնար երկինքի կապոյտը տեսնել, դիտել, այլ աչքերը միշտ գետին յառած ճամբուն հողը եւ աղտը կը տեսնէր միայն։
Այս կինը յոյսով կը յառաջանար դէպի ժողովարան։ Հաւանաբար լսած էր, որ հրաշագործ Յիսուսը հոն պիտի ըլլար այդ օր։ Արդեօք ինք ալ կրնա՞ր գաղտնաբար դպչիլ Անոր քղանցքին, ինչպէս ըրած էր արիւնահոսութենէն տառապող կինը՝ որուն Յիսուս բժշկութիւն շնորհած էր, ըսելով. «Քաջալերուէ՛, աղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց, գնա՛ խաղաղութեամբ». (ՂՈՒԿ. Ը 48)։ Արդեօք իր ալ տկար հաւատքը առ Աստուած, կարո՞ղ էր զինք բժշկել…
Յիսուս՝ Վարդապետը աչքը վերցուց կարդացած հատուածէն եւ ամբոխին մէջ տեսաւ այս տառապեալ կծկտած կինը, որ մութ անկիւն մը պահուըտած էր կարծես։ Յիսուս՝ որ գիտէ թէ ի՛նչ կայ իւրաքանչիւր մարդու ներսիդին. (ՅՈՎՀ. Բ 25), տեսաւ, թէ Սատանայի չար ոգին ճզմած էր այս խեղճ կինը 18 տարիէ ի վեր։ Սակայն հաւատքի լոյսը կը ցոլար անոր ցաւատանջ հոգիին ընդմէջէն։ Ուստի մագաղաթը մէկդի դրաւ եւ այս Աբրահամի աղջիկը առջեւ կանչեց։ Կինը շուարեցաւ եւ ամչցաւ։ Թերեւս մարդիկ իր խեղճ կերպարանքը տեսնելով սկսան իրարու փսփսալ, իսկ պզտիկները խնդացին…
Բայց կինը հնազանդութեամբ եկաւ եւ կեցաւ Յիսուսի առջեւ։ Կքած կռնակը ջանաց շտկել, որպէսզի տեսնէ Բարի Վարդապետը, Անոր պայծառ դէմքը, եւ ահա անոնց աչքերը իրարու հանդիպեցան։ Ի՜նչ գթառատ էր Փրկչին աչքերը։ «Ով կին, դուն հիւանդութենէն արձակուած ես», ըսաւ Տէրը յստակ ձայնով։ «Եւ ձեռքը դրաւ անոր վրայ եւ իսկոյն շտկուեցաւ եւ փառք կու տար Աստուծոյ». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 10-17)։
Ահաւասիկ, գերբնական Աստուծային հրա՛շք մը՝ որ ժողովարանին մէջ տեղի ունեցաւ, հոն բազմութեան առջեւ։ Մարդիկ ականատես եղան Յիսուսի կատարած այս մե՛ծ հրաշքին եւ սկսան զԱստուած փառաբանել։ Կծկտած կինը հիմա շիտակ կայնած՝ ձեռքերը երկինք բարձրացուց գովաբանելով Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հզօր Աստուածը՝ որ իրեն պէս մեղաւոր, միայնակ եւ կորաքամակ կնոջ մը ողորմելով բժշկութիւն պարգեւեց։
Սակայն ժողովարանի իշխանը՝ որուն աչքին առջեւ պատահեցաւ այս հրաշքը, փոխանակ ուրախութեամբ զԱստուած փառաբանելու, բարկութեամբ սաստեց ժողովուրդը։ Զարմանալի չէ՞ որ այս մարդը փոխանակ ուրախանալու՝ կը բարկանար։
Ահաւասիկ, հրաշքի մը առջեւ երկու հակազդեցութիւն։
Ընտրութիւնը մե՛րն է սիրելի՜ բարեկամներ, հրաշքը տեսնելով ուրախութեամբ զԱստուած փառաւորել, թէ ամօթահար ըլլալ մեր հոգեկան ծուռութեան պատճառով։ Կնոջ կծկտած մարմինը շտկուեցաւ, բայց հրեայ առաջնորդին հոգեկան կորաքամակութիւնը յայտնուեցաւ։ Արդարեւ, կրօնամոլներ այնքան փարած են «կրօնք»ին՝ որ տեղ չունին հրաշքներու, որոնք Ամենակարող Աստուծոյ գերիշխանութիւնը կը ցուցաբերեն։ Ասիկա շատ ճիշդ է, քանի որ երբ Յիսուս աշխարհ եկաւ, բոլոր դռները փակ էին իրեն համար, ոչ ոք տեղ ունէր Աստուածորդին ընդունելու, եւ ինչպէս, այսօր շատերու սիրտը փա՛կ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 12, 2025, Իսթանպուլ