ԱՆԺԵԼԻՆԱՆ…

Սակայն, ուրիշ էր Աստուծոյ ծրագիրը…

1948 թուականի մարտի 15-ին սկսաւ արաբ-հրեայ պատերազմը։ Նամակները դադրեցան։ Երկար ժամանակ լուր չունէի։ Հայրը այդ ընթացքին սրտի կաթուածով մահացաւ։ Մայրը եղբայրներուն հետ Յորդանան գնաց։ Մենք ալ պիտի երթայինք, բայց հայրս վերջին վայրկեանին ըսաւ. «Ես մօրդ գերեզմանը չեմ ձգեր»։ Պատերազմը իր աւերը գործեց, մեր տունը շատ վտանգաւոր տեղ մըն էր, ռումբ մը ինկաւ եւ փլատակ եղաւ, բարեբախտաբար Յորդանան երթալու համար պատրաստած պայուսակնիս քանի մը հագուստով եւ պէտք եղող պզտիկ իրերով առինք եւ աւելի ապահով տեղ մը փոխադրուեցանք։ Այդ քանի մը իրերուն մէջ հետս առած էի նաեւ հարսանեկան հագուստս։

Նոր սահմաններ գծուեցան, ով ո՛ր կողմը մնաց չեմ գիտեր։ Պատերազմէն ետք ղրկած նամակներս մնացին անպատասխանի… Իսկ արդեօք իր նամակները հասցէագրուա՞ծ էին արդէն գոյութիւն չունեցող տանս հասցէով՝ այդ մնաց հանելուկ։

Պատերազմ… Ո՛վ կը շահի պատերազմէն, ո՛չ յաղթողը, ո՛չ պարտուողը…

Իսկ ես՝ կորսնցուցի սէրս… Աշխարհս։

Այն նոյն աշխարհը, որ քանի մը ամիս առաջ դրախտ կը թուար ինծի՝ վերածուեցաւ դժոխքի։

Հայրս երկար չապրեցաւ, մօրս կողքին թաղեցի եւ ամէն օր գրադարան երթալու տեղ՝ գերեզման այցելեցի։

Մօրս ոսկիները ծախելով՝ պզտիկ տուն մը վարձեցի եւ սկսայ անգլերէնի անձնական դասեր տալ, յետոյ դպրոցէ մը առաջարկ եկաւ։ Առաջին ամսականովս մէկ փեղկով յատուկ պահարան մը ապսպրեցի միայն մէկ հագուստի համար եւ հարսանեկան հագուստս խնամքով կախեցի անոր մէջ, օճառներ զետեղելով պահարանին ամէն մէկ անկիւնը, տարին անգամ մըն ալ դուրս հանելով, որպէսզի օդ առնէ… եւ սպասումով ապրեցայ երեսունհինգ տարի։

Չկրցայ ուրիշը սիրել… Չկրցայ անձնական կեանքս դասաւորել… Տուն-դպրոց-գերեզմանատուն եռանկիւնին մէջ անցան երեսունհինգ երկա՜ր տարիներ մինչեւ…

Ոտքերս դեղարան առաջնորդեցին զիս այդ օրը, սրտի տրոփումներ կ՚ունենայի եւ ուզեցի դեղագործին հարցնել, թէ հանգստացնող ի՛նչ դեղ կրնայ առաջարկել։ Երբ դեղագործը տուփը ցոյց տուաւ բացատրելով՝ ինչպէս գործածեմ, շարքին մէջ ետեւս կեցող մարդը ըսաւ. 

-Տուփ մըն ալ նոյն դեղէն ինծի համար բերէք, եթէ կարելի է։

Ձայնը անցեալէն կու գար։ Սիրտս երբեք այդքան արագ չէր տրոփած, դարձայ…

-Անժելինա…

Ինքն էր, ուրիշ ոչ ոք կրնար այդպէս Անժելինա ըսել, ուրիշ աչքեր չէին կրնար այդպէս նայիլ ինծի… Ինքն էր, իր ամբողջ հմայքովը… Ինքն էր, սպիտակախառն մազերով… Միայն ինք կրնար այդպէս ալեկոծել սիրտս… Պահ մը երկուքս ալ լուռ մնացինք։ Ակնթարթ մը, որ կարծես երեսունհինգ տարի ձգուեցաւ… Սպասումի յոգնած ժպիտ մը գծագրուեցաւ երկուքիս դէմքերուն եւ… լռութիւն, իրարու սրտերուն զարկերը կը լսէինք։

-Անժելինա… կրկնեց ան։ Անունս իր շրթներէն կը գերազանցէր ամէն երգ…

-Միքայէլ, ձայնդ երբեք չէ փոխուած, աչքերդ նոնն են, արդեօ՞ք…

-Սէրս ալ չէ փոխուած Անժելինա, սէրս նոյնն է, ինչպէս որ դուն նոյն հրեշտակային աղջիկն ես…

Ժամանակը պարզապէս ստիպած էր լուռ մնալ, բայց չէր կրցած մարել սիրոյ կրակը, անոնք երբեք չէին դադրած սիրելէ։

Սպասումի երեսունհինգ տարիները լուծուեցան վայրկեանի մէջ։

Միքայէլը այդ առտուն հասած էր Ամերիկայէն։ Նամակները անպատասխան մնացած էին, մայրը իր եղբայրներուն հետ Յորդանանէն Ամերիկա արտագաղթած էր, ինք ալ միացած էր անոնց։

-Անժելինա, մե՛նք զոհ գացինք պատերազմին, բայց ո՛չ մեր սէրը։ Քեզի համար եկած եմ, դեռ ուշ չէ ամուսնութեան։

Անժելինան չի պատասխաներ, այլ Միքայէլին իր սենեակը կը տանի ու կը բանայ միափեղկ պահարանը։ Հարսանեկան հագուստը իր հետ սպասեր էր իր սրտի գահակալին։

Երեսունհինգ տարի անց իսկական սէրը իր պատասխանը պիտի չգտնէր դեղարանին սիրտ հանգստացնող դեղերուն մէջ, այլ սիրող աչքերուն եւ սպասող սիրտերուն մէջ։

-Տասնեւհինգ երջանիկ տարիներ ապրեցանք միասին… Այո՛, ապրեցանք, որովհետեւ ապրիլը տարիներու հաշիւին մէջ չէ, այլ միասին երջանիկ ապրելուն մէջ… Եւ մենք ապրեցանք տասնեւհինգ հեքիաթային տարիներ:

Անժելինա՜, հեքիաթի սպասող իշխանուհի՝ անունդ հրեշտակային նօթ մը ունի, որ միայն Միքայէլը կրնար երգել…։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ

Երուսաղէմ, 2025

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14, 2025