ԿԵՄԵՐԵԿՑԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ

Նեղ շրջանականերու մէջ մա՛նաւանդ շատ դիւրին է մարդուս թերութիւնը դարձնել իր ածականը։
Մարդիկ կան, որոնց մականունը անյայտ կը մնայ մինչեւ իրենց մահուան օրը եւ երբ մեր պարագային վանքին դուռը մահազդը կարդանք՝ կը զարմանանք, թէ այդ մականունով մէկը ծանօ՞թ է մեզի եւ ան կրնայ դրացիդ ըլլալ կամ թաղ մը անդին ապրող մը։
Անոնցմէ մէկն էր ջարդէն մազապուրծ Երուսաղէմ հասած օրիորդ Իւղաբերը, որ միականի ըլլալուն համար ճանչցուեցաւ «քէօր» Իւղաբեր անունով։
Իւրաքանչիւրն իր դժբախտութեամբ Հայոց վանք հասած գաղթականներ, որո՞ւն կը հետաքրքրէր, թէ ո՞վ է քէօր Իւղաբերը, կամ ինչպէ՛ս պատահած էր աչքին դժբախտութիւնը։
Այնպիսի ժամանակներ էին, երբ մարդիկ իրենց ողբերգութեանը հետ պիտի խցկուէին իրենց տրամադրուած երկու մեթրով երկու մեթր սենեակին մէջ եւ լուռ տանէին կեանքէն հասած իրենց բաժին ողբերգութիւնը։
Այսօր ֆիզիքական թերութեան մը, հաշմանդամութեան մը համար ապրած երկրիդ (նայած ուր) կառավարութիւնը անոր համեմատ թոշակներ սահմանած է, բայց ժամանակին տկար մարդոց թոշակը իրենց ածականն էր, որ կրնար նաեւ շատ անգութ ըլլալ։
Ոչ ոք գիտէր իր կեանքի պատմութիւնը մինչեւ մեծ մօրս պատմելը, բայց մինչ այդ փոքր պատահարներ «բերնէ-բերան դառնալով գերան» ձմրան երկար գիշերներուն վառարանին շուրջ կամ ամրան երկար երեկոներուն թաղին բակը հաւաքուած դրացիներէն սրամիտ կարծեցեալ մը հարիւրերորդ անգամ ըլլալով պիտի պատմէր զաւեշտի վերածուած մանրամասնութիւն մը դժբախտին կեանքէն։
Եթէ հարիւր չէր՝ հարիւրին շուրջն էր երբ մահացաւ «քէօր Իւղաբերը»։ Լաւ կը յիշեմ զինք։ Միայն միականի չէր, այլեւ կուզ մըն ալ ունէր, բաւական խեղճ հագուածքով՝ սեւազգեստ, ձեռնափայտով կու գար եկեղեցի։
Ինչպէս ըսի, միականի, կուզ, սեւազգեստ, փոքրիկներս՝ հեքիաթներու մէջի մանուկներ փախցը-նողներուն կը նմանցնէինք.
-Կուզ չէ, ինքն ալ ըսածին չհաւատալով կ՚ըսէր տարիքով մեզմէ մեծ մէկը երջանկացած մեզի վախցնելուն։ Այդտեղ դրած է բարձ մը, որ եթէ պզտիկ մը փախցնէ՝ կռնակէն բարձը հանէ եւ պզտիկը հոն պահէ…
-Յետոյ ի՞նչ կ՚ընէ, կը շարունակէինք վախերնէս ձայներնիս քաշուած…
-Ի՞նչ պիտի ընէ, համով-համով պիտի ուտէ… Օրինակ՝ քեզի կ՚ուտէ, թոմպուլիկ ես…
-Ի՜նչ լաւ է, որ ես նիհար եմ…
-Ոսկոր կրծել ալ կը սիրէ։
Ուրեմն հեքիաթները ճիշդ են… «Hansel and Gretel»ը իրական պատմութիւն է։
Ո՞վ կրնայ մրցիլ մանկական երեւակայութեան հետ…
-Ձեռքին փայտով յանկարծ չզարնէ՝ մէկէն կը մեռնիս…
Դպրոցէն արձակուելու ժամանակ յաճախ կը տեսնէինք ժամերգութենէն ետք Մեծ բակը նստած եւ եթէ վանքին բակին տարածութիւնը տասը քիլօմեթր է մենք հարիւր քիլօմեթր անդին կը փախչէինք։
Իսկ ինչպէս վերը յիշեցի, մեծերուն նիւթերը տարբեր էին։
Օր մը, ուխտաւոր մը, տիկին ըսելով կը մօտենայ «քէօր» Իւղաբերին՝ Իւղաբերը գաւազանը բարձրացնելով եկեղեցիին բակը կը պոռայ. «Դուն ո՞վ ես, որ իմ պատիւովս պիտի խաղաս, հարիւր տարեկան պիտի ըլլամ դեռ օրիորդ եմ, տիկին չեմ, կոյս ծնայ՝ կոյս ալ պիտի մեռնիմ»։
Ուրեմն իր կեանքէն ոչ մէկ մանրամասնութիւն պատմող Իւղաբերը չէր ամուսնացած եւ հարիւր տարեկանի մօտ էր։
Օր մը «քէօր» Իւղաբերը յատուկ ժամադրութեամբ մեր տուն եկաւ.
-Պրն. Հրանդ, լսեցի, որ սեբաստացի էք, Կեմերեկէն։ Նախըշենց տունը դպրոցէն հեռու չէր, ես անոնց աղջիկներուն դաս տուած եմ։ Դուք ո՞ր մէկուն զաւակն էք։
-Ես Ճիւանին տղան եմ։
-Վա՜յ, Ճիւանը, որ Աննայի՞ն ամուսնացաւ, վա՜յ, վա՜յ, էհ անցած օրեր… Հայրդ ձիու վրայ կը պտտէր… Վա՜յ, անցած օրեր, պատուելին աղջիկը չէր ուզեր լուսաւորչականի տալ, բայց մայրդ՝ Աննան համարձակ աղջիկ էր, ոտք կոխեց առաւ, է՜հ, երանի այդ օրերուն…
Երբ մեծ մայրս Յորդանանէն Երուսաղէմ եկաւ մեր հետ ապրելու համար, արդէն կարող չէր աստիճան բարձրանալու-իջնելու, ուրեմն «քէօր» Իւղաբերը շատ մեծ դժուարութեամբ մեր տան աստիճանները բարձրացաւ զինք տեսնելու համար։
Տխուր հանդիպում էր, վերջին անգամ առաջին «կէօչ»ին ճամբուն տեսնուած էին։
-Աննա, ո՞ւր մնացին մեր այգիները, միայն խնձորով կը կշտանայինք։ Դուն «կէօչ» ելար յետոյ դարձար, ամուսին ունէիր ետեւդ, անոր համար դարձար, է՜հ, ո՛վ չէր ուզեր աղջիկը տալ Նախըշենց տղուն, լաւ ըրի՛ր դարձար, չնայած անգամ մը եւս գաղթեցիր։ Ես կիսամեռ շարունակեցի ճամբան, Աստուած պահէ Սուրբ Յակոբը, հոս ապաստան գտայ եւ փա՜ռք Տիրոջը ցաւերուս հետ ապրեցայ։ Տարիքս յառաջացեր է, ես քեզմէ մեծ եմ տարիքով, այսօր չէ՝ վաղը կը կանչէ Տէրը, բայց շնորհակալ եմ, որ չմեռած անցեալէս զիս ճանչցողի մը հետ խօսելու առիթը ունեցայ։
Օրիորդ Իւղաբերը Կեմերեկի դպրոցը ուսուցչուհի էր, օժտուած նաեւ երգելու շնորհով։ Այբ, բեն, գիմին հետ հայերէն երգեր ալ կը սորվեցնէր աշակերտներուն։ Օր մը թուրք մը կը լրտեսէ եւ լուր կու տայ ոստիկանութեան, թէ Իւղաբերը ազգային երգեր կը սորվեցնէ, այսինքն երգեր, որպէսզի աճող փոքրիկները ատեն իրենց դրացիները։
Առանց հարցաքննութեան տոպրակի մը մէջ դնելով սոսկալի ծեծի կ՚ենթարկեն ուսուցչուհին, որուն միջոցին կը կորսնցնէ աչքը եւ ողնայարը կը ծռի։
Այլեւս դպրոց չի դառնար, շուտով արդէն կը բռնեն գաղթի ճամբան…
-Բայց Աննա, վրէժս լուծեցի, այս մէկ աչքովս Տէր Զօրի աւազներուն վրայ շարունակեցի այբ, բեն, Գիմը սորվեցնել։ Եթէ այս պզտիկներէն մէկը վերապրի, թող հայոց այբուբենը գիտնայ մտածեցի։
-Ինչո՞ւ այստեղ չշարունակեցիր դաս տալ Իւղաբեր։
-Որո՞ւն հոգն էր, թէ ո՛վ էի ես, այստեղ ես մէկ աչքով կուզ Իւղաբերն եմ։ Որո՞ւն պատմեմ ընտանիքիս ու անցեալիս մասին։ Ես իմ հայու պարտականութիւնս լիարժէք կատարած եմ։ Հիմա եկեղեցիով կը մխիթարուիմ, անկիւն մը տեղս ունիմ, «մինտէր»ս դրած միայն Աստուծոյ հետ կը խօսիմ։
-Կարապետը ի՞նչ եղաւ։
Կարապետը իր նշանածն էր։
-Ալ ատկէ ետք ինչպէս մնար Կեմերեկ, պատմութեան բոլորդ ալ տեղեակ էք, բայց չէինք բարձրաձայներ, զիս ծեծող ոստիկանապետին գիշերով դաշունահարեց եւ փախաւ լեռները, մէկ անգամ լուր ստացայ, որ ողջ-առողջ է, այդ եղաւ առաջինն ու վերջինը։ Հարամ ըրին կեանքերնիս, երիտասարդութիւննիս, է՜հ Աննա ղըզ, իւարաքանչիւր օրերնիս պարգեւ է Աստուծմէ, ուրախ եմ տեսայ քեզ, ալ չեմ բարձրանար այս աստիճանները, մէյ մըն ալ վերը կը տեսնուինք։
Որքա՜ն պահուած արցունքներ կան, անձայն կոտտացող վէրքեր, առանձնութեան մէջ լացող սիրտեր, եւ… Անգութ մարդկութիւն։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2025