ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ (1915 - 1966)

Եդուարդ Պոյաճեան՝ արձակագիր, հրապարակախօս, բանաստեղծ, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ: Ծնած է 9 ապրիլ 1915 թուականին, Մուսա լերան շրջանի Խըտըրպէկ գիւղը: Տակաւին մի քանի ամսական երեխայ, իր ծնողները բարձրացած են Մուսա լեռ: Մուսա լերան հերոսամարտէն ետք, բազմաթիւ մուսալեռցիներու հետ տարուած են Եգիպտոս: Աւելի ուշ, երբ զինադադար եղած է, 1918-ին վերադարձած են Մուսա լեռ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մուսա լերան գիւղական նախակրթարաններուն մէջ, նախ Խըտըրպէկի եւ ապա Եողունօլուքի մէջ: 

1930-ին անցած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսման համար մուտք գործած է Համազգայինի նորաբաց Հայ ճեմարանը: Ճեմարանէն ներս ուսանած է մինչեւ 1935 թուականը, վայելելով անոր հինադիրներուն՝ Շանթի եւ Աղբալեանի շունչը: Ճեմարանի մէջ ուսանողութեան տարիներուն, երբ Դ. դասարան եղած է, ձեռնարկած ու խմբագրած է «Այգ» անունով գրական ամսաթերթ մը, խմորատիպ: 

Ուսումը աւարտելէ ետք ուսուցիչ դարձած է: Ուսուցչական առաքելութիւն իրագործած է Սուրիոյ Թել Ապիատ գիւղին, Հալէպի ու Քեսապի մէջ: Ուսուցչութիւն ըրած է նաեւ իր ծննդավայրին՝ Խըտըրպէկի մէջ, այլեւ՝ Անյճարի ու Պէյրութի մէջ:

Եդուարդ Պոյաճեան իր ինքնակենսագրութեան մէջ այսպէս կը գրէ.

«Չեմ խաղացած, գրել սկսած եմ շատ կանուխէն: Տպուած՝ քիչ մը ուշ, 1932-ին: Աշխատակցած եմ «Հայրենիք» ամսագիրին, «Յառաջ»ին, «Ազդակ» օրաթերթ եւ շաբաթօրեակին, «Նայրի»ին, «Հասկ»ին, «Ծիածան»ին, «Ակօս»ին, «Ազդարար»ին: Ծածկանուններս եղած են Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարեան եւ Ե. Ծովիկեան: Ճեմարանի Դ. դասարանին մէջ ձեռնարկած ենք գրական բովանդակութեամբ խմորատիպ ամսաթերթի մը, «Այգ» անունով:

Գրած եմ պատմուածքներ եւ արձակ ու չափածոյ բանաստեղծութիւն:

Հանուր մարդկութենէն վերջ, սիրած եմ մանաւանդ հայ ազգը, մանաւանդ՝ մեր պատմութիւնը եւ շեշտը-ւած կերպով՝ մեր գրականութիւնը, որ մեծ է եւ սքանչելի: Հնադարեան է, ժամանակակից, հեռանկարային:

Ծննդավայրս, լեռնահովիտ մեծ գիւղ մը, շարքին մէջ ուրիշ հայ գիւղերու, իր բազմառատ կանաչութեամբ, իր անհատնում պարտէզներով, իր բլուրներով ու նաեւ բլրաչափ ժայռերով, ապառաժի խենթ կուտակուածութեամբ ջուրերով ու դեռ շատ մը անանուն հմայքներով, շինած են արիւնիս ջերմութիւնը, կլիմայական ներքին բարեխառնութիւն մը, որուն՝ գրականութիւն եւ արուեստ դատող մարդիկ կ՚ըսեն խմոր, կ՚ըսեն խառնուածք, ոճ եւ ինքնատպութիւն: Ծննդավայրիս տունը մօտ է եղած եկեղեցիի, սահմանակից՝ գերեզմանատան, դրկից՝ արեւի, աստղերու, անսահման երկնքի, ըսել է՝ Աստուծոյ»:

Պոյաճեան երիտասարդ տարիքէն սկսած է գրել: Աշխատակցած է «Ազդակ» օրաթերթին եւ գրական շաբաթօրեայ յաւելուածին, «Յառաջ»ին (Փարիզ) եւ «Հայրենիք»ին (Պոսթըն), «Նայիրի»ին (Անդրանիկ Ծառուկեանի), «Ակօս»ին (Համազգայինի), «Ազդարար»ին (Մանուկ Ասլանեանի) եւ մանաւանդ՝ «Բագին»ին, որու հիմնադիր եւ խմբագրական եռակազմին մէջ եղած է, 1962-էն սկսեալ, Կարօ Սասունիի եւ Պօղոս Սնապեանի հետ: Աշխատալցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» ամսաթերթին: Տարբեր ծածկանուններ օգտագործած է. ինչպէս՝ «Ալպաթրոս», «Վազգէն Տիրանեան», «Ե. Սարեան» եւ «Ե. Ծովիկեան»:

Պոյաճեանը իր գրութիւնները հատորներու մէջ սկսած է հրատարակել 1944-էն սկսեալ: Այսպէս 1944-ին հրատարակած է «Սէր եւ վիշտ», 1948-ին՝ «Հողը», 1958-ին՝ «Պայքարողներ, պայքարողներ դուք գազազած», 1961-ին՝ «Թուղթ զաւակներուս», 1963-ին՝ «Տոմար տարագրի», 1964-ին՝ «Երկու նամակներ»։

Իսկ յետ մահու Պոյաճեանի գործերէն տպուած են հետեւեալները. 1967-ին՝ «Դէմքեր», 1968-ին՝ «Երկեր Ա. հատոր», 1984-ին՝ «Ծննդավայր կորուսեալ», 1994-ին՝ «Ընտրանի», Երեւանի մէջ, 1955-ին՝ «Կեանքի ափերէն», 2005-ին՝ «Դուն» եւ «Միտք պահէ», Երեւան:

Եդուարդ Պոյաճեանի ժառանգութիւնը, սակայն, միայն այսքանը չէ, որովհետեւ մինչեւ այսօր անոր հեղինակութիւնները՝ բանաստեղծութիւններ, արձակ, գրական քննադատական եւ վերլուծական գրութիւնները կը շարունակեն մնալ գրական պարբերականներու եւ օրաթերթերու էջերուն վրայ ցիր ու ցան:

Եդուարդ Պոյաճեանի ստեծագործութիւններուն մէջ յստակօրէն կ՚արտացոլան հայրենիքէն տարագիր եղած հայուն տառապանքները, դժուարութիւնները, յոյզերը, յուսախաբութիւնները, տանջանքները, հայրենիքի կարօտը:

Եդուարդ Պոյաճեան ապաժամ հեռացած է աշխարհէն, 13 հոկտեմբեր 1966-ին, 51 տարեկան հասակին:

«Բագին»ի 1966 նոյեմբեր թիւի երկրորդ էջին մէջ հետեւեալը կը կարդանք.

«Հոկտեմբեր 13-ին, իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Եդուարդ Պոյաճեան՝

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ, որ երգեց սէրը, վիշտը, հայրենիքը, մարդը, մահը ու կտակեց բանաստեղծական բոլորովին ինքնատիպ վաստակ մը.

ԳՐԱԳԷՏԸ, որ իր գրչին լուսեղէն արօրով հողը պեղեց եւ հայ գրականութեան մէջ կանգնեց պայծառ յուշարձան մը նոյնինքն հողին աստուածութեան.

ՏԱՐԱԳԻՐ ՀԱՅԸ, որ տեւական տագնապի մը վերածեց իր բովանդակ կեանքը եւ վիրաւոր սրտով կազմեց տարագիրներուն տագնապահար «Տոմար»ը:

ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԴԷՄՔԸ, որ խորաթափանց իր մտքին պայծառ լոյսով լուսագրեց հայ գրականութեան պայծառանուն դէմքերը եւ կոթող կանգնեց անոնց փառքին:

Երգեց, գրեց, քանդակեց՝ նուիրումով, մոլեռանդութեամբ, թարմութեամբ եւ իր տարիքին ու տաղանդին լիութեան մէջ կը գտնուէր տակաւին, երբ ինկաւ թեւաբեկ:

«Բագին» դառն կսկիծով կ՚ողբայ իր խմբագիրին կորուստը» («Բագին», Ե. տարի, թիւ 11, նոյեմբեր 1966, Պէյրութ, էջ 2):

 

Կարօ Սասունին «Խռովայոյզ բանաստեղծը» գրութեամբ արտայայտուած է Պոյաճեանի մահուան մասին՝ գրելով.

«Մեզմէ յաւէտ կը բաժնուի փոթորկալի բանաստեղծը, որ ծնած է Ճեպէլ Մուսայի ժայռերէն: Այդ երկրին հրաբխային գալարումներով դարբնուած էր անոր հոգին եւ սիրտը, որ անշունչ կը մարի, այնքա՜ն կրակ ու բոց ժայթքելէ յետոյ:

Եդուարդ Պոյաճեան՝ բանաստեղծը խորհուրդներու, մտածումներու, վիշտի ու յուզական ապրումներու, կայծակնացայտ ամպամրրիկ մը եղաւ սփիւռքահայ գրական հորզիոնին վրայ:

Բանաստեղծ ու մտածող, դժգոհ ու ըմբոստ իր ներաշխարհը հորիզոնէն երբեմն ոսկեզօծ շառագունումներով, երբեմն ալ թուխպ ամպերով ծանրացաւ մեր հոգիին վրայ: Խռովքի եւ յուզումի մատնեց իր ընթերցողները, որոնք քալեցին այս հեղինակին հետ ու մտածման գալարումներու մէջ մնացին, երբ հեղինակուած գիրքը շատոնց մէկ կողմ նետուած էր:

Լաւագոյն յիշատակներ կ՚արթննան մէջս, բաժանման այս պահուն, երբ վերապրումով կը յիշեմ բանաստեղծի եռանդուն աշխատակցութիւնները «Ազդակ շաբաթօրեակ»ին: Ստեղծագործ անսպառ աղբիւրի մը պէս, Եդուարդ Պոյաճեանի բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները կը զարդարէին գրական այս շաբաթօրեակին էջերը, մեծ ու վաւերական գրագէտի մը յայտնութիւնը բերելով մեզի:

1944-էն ասդին մեր գրական եղբայրակցութիւնը շարունակուեցաւ անընդհատ, ու բանաստեղծի բեղմնաւորութիւնը երբեք կանգ չառաւ:

Այդ գործակցութիւնը աւելի լայն հորիզոններ ընդգրկեց, երբ «Բագին» գրական ամսաթերթը լոյս տեսաւ: Շիջող բանաստեղծը եղաւ գլխաւոր սիւնը մեր արդի գրականութեան: Սակայն ծաւալուն իր աշխատանքները չկրցան սպառել այն մեծ հրաբուխը, որ կը գալարուէր այս գրագէտին ներաշխարհէն ներս:

Աչքը հեռաւոր հորիզոններուն, խաւարէն անդին՝ լոյսը որոնեց, ու անոր որոնող հոգին անցաւ խորհրդաւոր այն աշխարհը, ուրկէ մենք այլեւս իր ճառագայթումը պիտի չտեսնենք:

Սակայն իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, գալիք սերունդները, ներկայ եւ ապագայ խորհուրդներով՝ իրենց գլուխը պիտի հակեն Եդուար Պոյաճեանի գրքերուն վրայ:

Բանաստեղծը միշտ մեզի հետ պիտի ապրի…» («Ազդակ», Խ. տարի, թիւ 189, ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 1966, Պէյրութ, էջ 1):

 

Իսկ Պօղոս Սնապեան «Մնաս բարով…» վերնագիրին տակ կը գրէ.

«Բանաստեղծ էիր, մտածող ու սովորականներէն չէիր, էիր այդ բոլորը ամէնուն համար, բայց այդ բոլորին հետ տարբեր բան մը կար, որ ինծի կը պատկանէր, թերեւս միայն ինծի, մտերմութիւնդ էր, եղբայրութիւնդ: Ատոր համա՞ր էր արդեօք, կեանքիդ վերջին երկու ամիսներուն, երբ իմացայ հիւանդութեանդ անողոք լուրը, սկսայ փախուստ տալ ես ինձմէ, չէի ուզեր հոգիիս հետ առանձին մնալ, որովհետեւ հոգիիս հետ առանձին ըլլալ կը նշանակէր առանձին չըլլալ, հե՛տդ ըլլալ, ու հետդ ըլլալը ահաւոր էր այս երկու ամիսներուն: Մենք այլեւս նոյն ձեւով չէինք ապրեր, մաշող տառապանք մը կար քու դէմքիդ, դիմակ մը կար իմ դէմքիս, պաղատանք մը կար աչքերուդ մէջ, անզօրութեան ահաւոր գիտակցութիւն մը՝ իմ մէջ, ու կը ջանայի փախուստ տալ ես ինձմէ, դիմակ կրելու հարկադրանքէն, անզօրութեան զգացումէն:

Բայց կարելի՞ էր միթէ այդ փախուստը: Ո՞ւր կրնայի երթալ ու առանձին մնալ, ինքզինքս մոռնալ, ինքզինքիս մէջ քե՛զ մոռնալ: Բոլոր գիրքերը, քու ներկայութեանդ կը յուշէին, բարեկամներս աչքերուս մէջ քեզ կը տեսնէին, սրճարանները, փողոցները, ամէնը քու մասին կը խօսէին: Այս քանի տարի է այսպէս էր, այպէս անցան օրերը: Ուսուցիչ եղար ինծի, գործակից եղայ քեզի, զինակից եղանք իրարու, տարիներ, տասնամեակներ, կեանքիս քսանըեօթը տարին անցաւ այսպէս ու այսօր քու տառապանքներուդ բաժինը աւարտած դուն կը մեկնիս, բայց կ՚ըմբռնե՞ս արդեօք մեր տառապանքը, ի՛մ տառապանքը, որ կը սկսի հոս, անզօրութեանս տառապանքին հետեւող երկրորդ տառապանքը, որ կու գայ քեզմէ դարձեալ եւ կը կոչուի առանձնութեան տառապանք:

Դուն շատ օրէքն չէիր սիրեր, ես շատ օրէնք չեմ սիրեր, բայց անգամի մը համար թող գործադրուի օրէնքը ու ըսեմ երթաս բարով, սիրելի՛ Եդուարդ, մնաս բարով, դուն կը մնաս բարով իմ բոցաշատ բարեկամ («Ազդակ», Խ. տարի, թիւ 189, ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 1966, Պէյրութ, էջ 1):

 

«Ազդակ» օրաթերթը իր 15 հոկտեմբեր 1966-ի թիւի խմբագրականին մէջ՝ «Գաղափարապաշտ գրագէտը» վերնագիրին տակ կը գրէ.

«Աստղ մը մարեցաւ հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ, իր լոյսին պայծառութեամբ լուսաւորելէ ետք հայրենազուրկ սերունդի մը տխրութեան ժամերը:

Եդուարդ Պոյաճեան եղաւ քառասունական թուականներուն յայտնութիւնը: Ժայթքեց անսպառ յորդահոս աղբիւրի մը պէս: Երգեց տխրութիւն, երգեց սէր, երգեց վիշտ, երգեց մահ, բայց երգեց նաեւ պայքար, գեղեցկութիւն, հայրենիք: Երգեց մանաւանդ հող, հողին հետ կապուած բոլոր սրբութիւնները: Վերջապէս, եղաւ գերազանցապէս գաղափարական մարդը, գաղափարապաշտ գրագէտը:

Եթէ հարկ ըլլար գաղութահայ գրականութեան մէջ փնտռել իսկապէս բանաստեղծական խառնուածքի տէր գրող մը, անիկա Եդուարդ Պոյաճեանը պիտի ըլլար անպայման: Ու երբ բանաստեղծի խառնուածք կ՚ըսենք, պէտք է այդ տարազը բանալ իր բովանդակ, կարելի լայնութեամբ հոն մտցնել զգայուն հոգիի մը, խորաթափանց մտքի մը, գերզօր երեւակայութեան մը բոլոր ապրումները ունենալու համար իսկական Պոյաճեանը, որ միայն իր «Ժանտ օրագիր»ը չէ, է նաեւ իր «Դանի», առաւել եւս՝ «Տուները», «Ինք եւ իր ծխամորճը»:

Ամբողջական Եդուարդ Պոյաճեանը կը գտնենք իր իւրաքանչիւր պատմուածքին մէջ, այսինքն մարդը, որ յարափոփոխ վիճակներու յաճախանքը կ՚ապրի, խորապէ՛ս, բանաստեղծի մը ուժգնութեամբ իր էութեան բոլոր կարելիութիւններով, մաշեցնող, բայց եւ այնպէս զմայլանքի տանող յուզականութեամբ մը:

«Հայաստանը իրեն համար ուժին եւ գեղեցիկին արուեստն էր» կ՚ըսէ Պոյաճեան, ներկայացնելով իր ամենէն աւելի սիրած հերոսներէն մէկը՝ Դանին, որ այս պարագային ի՛նքն է, գաղափարապաշտ եւ հայրենասէր գրագէտը, օտարութեան մէջ աչքերը բացած եւ հասակ նետած հայ մարդը, որուն համար «հայրենի գերեզմանն է ամենէն գեղեցիկը», զինք իր ժողովուրդին, անոր պատմութեան, անոր մեծութեան, տառապանքին ու ցաւին կապող ամենէն շօշափելի իրականութիւնը: 

Մահուան հետ տարօրինակ մտերմութիւն մը հաստատած գրագէտը «տխուր բաներէն եւ թախիծէն» անդին, ուրիշներուն համար, օտարութեան մէջ ամայացած հոգիներուն համար, եղաւ գեղեցիկին վսեմ նկարիչը, գաղափարին վեհադրոշմ քանդակագործը: Ամպրոպի մը պէս փայլատակեց յուսահատութեան, ուրացումի, լքումի ժամերուն, եղաւ յափշտակութեամբ կարդացուող մատեան, եղաւ պայքարի յաղթերգ, ազատութեան ճամբաներու լուսարձակ:

Զրկանքի ու տառապանքի մութ օրերուն, մեր կեանքին վրայ ծանրացող համայնալոյծ տեսանողը թուխպ ամպերէն անդին, պայծառ հորիզոններու տեսանողը եղաւ, առոյգ բանաստեղծը ժողովուրդի մը, որ Պոյաճեանի խռովայոյզ հոգիին մէջ փնտռեց ու գտաւ իր ապրումներուն հարազատ արտայայտիչը, իր լոյսին ու հաւատքին տեսլապաշտ կռանողը:

Կրնար դեռ շա՜տ արտադրել, դեռ շա՜տ գործեր տալ՝ հարստացնելով մեր գրականութեան գանձարանը: Ստեղծագործութիւնը, իրեն համար, անդիմադրելի պահանջ մըն էր, հոգին պարպելու անդիմադրելի մղում մը, որ շարունակ տառապանքի մէջ պահեց զինք, քաղցր տառապանքին մէջ բանաստեղծին, որ թուղթին, իր ժողովուրդին կը յանձնէ իր ամենէն մտերիմ զգացումները, ամենէն խոր ապրումները:

Ինչ որ կորնչելի էր Եդուարդ Պոյաճեանէն, պիտի երթայ իրեն հետ, քաղցր ժպիտի մը, սրտամիտ ակնարկի մը, յախուռն մտածումի մը գեղեցիկ յիշատակը ձգելով մեզի: Բայց ինչ որ անկորնչելին է, ժամանակի մաշումին, մտայնութիւններու եւ հոգեվիճակներու փոփոխութեան դիմացող իր գործը պիտի ապրի յաւիտեան, իր անունին կապելով մեր մշակոյթին ամենէն գեղեցիկ նուաճումներէն մէկը:

Պիտի ապրի՛ գաղափարապաշտ գրագէտը՝ գաղափարի զօրութեան հաւատացող ժողովուրդի մը համար» («Ազդակ», Խ. տարի, թիւ 190, շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 1966, Պէյրութ, էջ 1):

 

12 հոկտեմբեր 2017-ի «Ազդակ» օրաթերթի մէջ, «Ն.» ստորագրութեան տակ Պոյաճեանի մասին հետեւեալը կը կարդանք.

* «Հայրենի կորուսեալ հողին ու անով շաղախուած հայ մարդոց, անոնց շնչաւորած ազգային ու տոհմիկ արժէքներուն եւ խորհուրդներուն ինքնատիպ երգիչն է Մուսա լերան Խըտըրպէկ գիւղի ծնունդ Եդուարդ Պոյաճեան։

«Հողը ամէ՜ն բան» է անոր համար. թէ՛ շօշափելի գեղեցկութիւններու եւ հմայքներու անպարագիծ աշխարհ մըն է, թէ՛ կորսուած ճշմարտութեան եւ խոցուած էութեան որոնումով աշխարհին ու ժամանակներուն բացուած մարդոց թանձրացեալ տարերքն է, թէ՛ անանց արժէքներու կենսատու աղբիւրն է եւ թէ, մա՛նաւանդ, համապարփակ խորհուրդ է, անծայրածիր հորիզոններու եւ խորագոյն թափանցումներու ընդգրկո՜ւն, տարողունա՛կ խորհուրդ։ Իր ողջ էութեամբ բանաստեղծ է Պոյաճեան ո՛չ միայն իր խոհուն քերթուածներով, այլեւ՝ կեանքը իր բարդութեամբ վերծանող արձակ էջերով, հողի մարդոց ներաշխարհը պեղող ու վերծանող պատմուածքներով, հայ մտքի, մշակոյթի եւ գրականութեան մեծամեծները դիմաքանդակող իր իմացապաշտ վկայութիւններով»։

Նոյն յօդուածին մէջ դարձեալ կը կարդանք.

* «Աւանդապահութիւնն ու նորարարութիւնը, զգացականութիւնն ու խոհականութիւնը, անցելապաշտութիւնը եւ վերաթարմացումը, հայրենաբաղձութիւնն ու մարդկայնապաշտութիւնը եզակի համադրումի արժանացան իր գրականութեան մէջ։

Ընկալեալ իմաստով գիւղագիր մը չեղաւ, այլ հողի մարդիկը ապրեցուց եւ շնչաւորեց Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդած մարդկային մեծ հոգերով ու խնդիրներով։

Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան եւ մշակութային կենսունակութեան պատգամաբերը դարձաւ, առանց որ անձնատուր ըլլայ անցեալի մեծ ժառանգութիւնը պարզապէս ըմբոշխնելու եւ սպառելու փորձութեան։

Անցեալին նայեցաւ ու փարեցաւ՝ ներկայի խնդիրները ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու, ինքնահաւատարմութեամբ առաջնորդուելու եւ նոր ժամանակներուն համահունչ գալիքի ուղին հարթելու հաստատակամութեամբ։ Բայց մանաւանդ անխոնջ պայքարող մը եղաւ ընդդէմ կեղծ արժէքներուն եւ հայ մշակոյթի, գրականութեան ու ազգային աւանդներու փարիսեցիական պաշտամունքին։

Հայ լեզուն իր ամբողջ հմայքով ու գանձերով ճառագայթեց Եդուարդ Պոյաճեանի գրականութեան էջերէն, ուր բանաստեղծական շունչն ու պատկերաւոր խոհականութիւնը ամբողջապէս կը գրաւեն ու իրենց հմայքով կը պարուրեն ընթերցողի միտքն ու հոգին։ 

Ապաժամ իր մահով մեծ կորուստ ունեցաւ հայ գրականութիւնը»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2025