ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԱՊԱԳԱՅ, ԱՅԼԵՒ ՆԵՐԿԱՅ…
Հայայստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նոր սերունդին ուղղեալ խտացեալ աշխատանք կը տարուի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ հովանաւորուած այս նախաձեռնութիւնները կը համախմբեն շուրջ երեք հազար ամերիկահայ երիտասարդ։
«Մեր երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն եկեղեցւոյ ապագան է, այլեւ ներկան։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս երիտասարդներու ներկայութիւնը անոնց ներուժն ու յանձնառութիւնը նոր ներշնչում, մղում ու կեանք կու տայ մեր համայնքներուն։ Երիտասարդները մեր ազգի ժառանգութիւնն ու խոստումն են», համոզուած է Նորին Սրբազնութիւնը։
Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով՝ Արեւմտեան թեմը կեդրոնացած է հայ հաւատացեալի հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեան-քը առաւել հարստացնելու ուղղեալ գործունէութեան վրայ՝ պահպանելով Հայայստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները եւ ամրապնդելով հաւատքի ու հայկական ժառանգութեան միջեւ կապը։