ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պաքըրգիւղի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ուրախառիթ է, որ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին պատկառելի տոկոսը հանգանակուեցաւ՝ շնորհիւ նուիրատուութիւններուն, որոնք կեդրոնացուեցան Տատեան վարժարանին ի նպաստ։ Անցեալ շաբաթ Կեդրոնական վարժարանի պարագային արձանագրուած դրական արդիւնքէն վերջ, երէկուան ողջունելի արդիւնքն ալ եկաւ համայնքէն ներս ընդհանուր տրամադրութիւնը բարձրացնել՝ մասնաւորապէս բոլորը ամրապնդել այն համոզման մէջ, թէ համայնքը միշտ պատրաստ է առաւելագոյն զոհողութիւնը ընելու կրթական հաստատութիւններու կայունութեան ի նպաստ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քարոզին հաւատացեալները հետեւեցան անմիջական ուշադրութեամբ։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից Տատեան վարժարանի «Եթգին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ հոգեւոր հայրերը։ Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Այշէկիւլ Օվալըօղլու, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց սիրոյ սեղանի մասնակիցները, որոնց շարքին էին յայտնի բարերարներ, համայնքային վարիչներ, հասարակական գործիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը անթերի սպասարկութիւն մը կազմակերպած էր բոլորին համար՝ մինչ սիրոյ սեղանին ժամանակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։

Թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը հաւաքոյթի ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ՝ մասնաւորապէս դպրոցի կացութեան կապակցութեամբ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան զանազան երեսակներուն։

Գեղարուեսական բաժնին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան Տատեան վարժարանի սաները, որոնք յաջող խմբերգներով հանդէս եկան՝ Սէրճան Կազէրօղլուի մականին ներքեւ։

Երէկուան սիրոյ սեղանի մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան վկայելու, թէ հիմնադրի ներկայացուցիչ Ելիզ Էօղրէթի եւ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի գլխաւորութեամբ Տատեան վարժարանէն ներս իսկապէս միջինէն շատ աւելի բարձր մակարդակով կրթադաստիարակչական աշխատանք կը ծաւալուի։ Այս կրթօճախը ներկայիս պոլսահայ ամենաշատ թիւով աշակերտներով դպրոցն է, որու գործունէութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Համայնքի ինքնուրոյն կրթօճախներէն մին է Տատեան վարժարանը, որու համար կատարուած զոհողութիւնները միշտ կ՚արդարանան լիուլի։

Այս համայնապատկերին վրայ երէկուան սիրոյ սեղանի արդիւնքը խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ թէ՛ ներկաներուն եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին կարեւոր տոկոսը կարելի եղաւ փակել, ինչ որ Տատեան վարժարանին տեսակէտէ ամուր հիմք մը կը ստեղծէ՝ տարի մը եւս աշխատանքը կայուն հունի մէջ շարունակելու եւ եռանդով կրթական գործին նուիրուելու տեսակէտէ։

Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ օրհնեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքը՝ յղելով յարատեւութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ։

Ներկաները արձակուեցան միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքէն վերջ։

  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025