ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլը, որ իրեն ցաւակցութիւններ յայտնեց հօրը՝ Յակոբճան Մաշալեանի մահուան կապակցութեամբ։ Կուսակալ Կիւլ Գումգաբու փութացած էր՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարոյական զօրակցութիւն յայտնելու եւ արտայայտելու իր վշտակցութիւնները։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։ Զրոյցի տեւողութեան ան կուսակալին քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան մաղթանքներ յղեց, նաեւ յաջողութիւն՝ իր գործունէութեան մէջ։
Կուսակալի ցաւակցական այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները։