ՉԵՄ ՀԱՐՑՆԵՐ ԱՅԼԵՒՍ

Այս կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցուեցաւ Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ։ Ինչպէս նախորդ կիրակիները, մեր վարչապետին դիմատետրի էջին վրայ ուղիղ հեռարձակուեցաւ այս պատարագը, որուն ներկայ էր նաեւ Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդ Տ. Արամ Արք. Մկրտչեան։ 

Տարբերութիւն մըն էր այս կէտը այս անգամուան պատարագին մէջ, ինչպէս նկատեցին ու նկատել տուին լրագրողներն ու լրատուական միջոցները։ Ճի՛շդ է։ Տարբերութիւն ու իմաստաւոր քայլ մըն է, անկասկած, որ նորոգման պատարագներէն այս մէկուն մէջ, պատարագը մատուցող հոգեւորականին, սարկաւագ ու դպիրներուն կողքին հոն ըլլայ նաեւ թեմին առաջնորդը։

Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ եւ ո՞ւր կը տանի այս ընթացքը։ 

Այսպէս պիտի շարունակուի՞ն «միթինկ»ի նմանող նորոգման այս պատարագները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերուն մէջ։ 

Վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ 

Սաղմոս, աղօթք, նախաճաշ, պատարագ, խոստովանանք, հաղորդութիւն... չեմ գիտեր, չեմ ալ ուզեր գուշակել, քանի որ ազնիւ հիմք ու նպատակներու վրայ հիմնուած մրցակցութիւն ու խաղ մը չէ այս կատարուածը։ Որեւէ ատեն, նոր քար մը կրնայ յայտնուիլ, անդին կեցած քար մը կրնայ շարժիլ, քարերը կրնան խառնուիլ ու խաղը կրնայ ցրուիլ ու բոլորովին ուրիշ խաղ մը կրնայ սկսիլ։ 

Խաղին/երուն յարափոխոխ աս կանոններուն մէջ միշտ հո՛ն են մրցոյթին մէջ նշանակութիւն ունեցող՝ տեսարանը լրացնող, անհրաժեշտ թիւը կազմող ժողովուրդը, ամբոխը։

Խաչիկի պատարագին մասնակցող դպրաց դասին մէջ մանուկներ ալ կային այս կիրակի։ Պատարագի մեներգները կատարող մեծահասակներուն քով կեցած էին տասը թէ աւելի աղջիկներ, իրենց անուշիկ շապիկներով, ճերմակ գլխաշորերով։ 

Սիրտս ցաւեցաւ այդ աղջնակները դիտելով։

Ինչո՞ւ հոն էին անոնք։ 

Անոնց հոն գտնուիլը նշանակութիւն, պատճառ կամ նպատակ մը ունի՞։

Որո՞ւն, ի՞նչ փաստած եղան այդ աղջնակները հոն բերողները։ 

Պիտի չտայի այս հարցումները, եթէ պատարագի շարականներուն լիապէս ծանօթ ըլլային այդ մանուկները, բայց այդպէս չէր։ Անոնք ուղղակի կեցած էին, բեմին վրայ դրուած գեղեցիկ աթոռ-սեղաններուն, գեղեցիկ ծաղիկ, կախիչ ու նկարներուն պէս։ 

Երգող չկա՞ր գիւղին մէջ, օրինակ։ Քով-քովի եկան գիւղին խելացիները, հոսկէ-հոնկէ բերենք մեր աղջիկները, ըսին, գիտցողը թող երգէ, չգիտցողը թող կենայ։ 

Ի՞նչ վնաս ունի։ 

Ճի՛շդ է. ի՞նչ վնաս ունի։ Ուրախ էին անոնք։ Նոյնիսկ մաս-մաքուր ամչկոտութեամբ կը ծիծաղէին, երբ յստակօրէն յայտնի կ՚ըլլար անոնց երգել չգիտնալը։ 

Այո՛, ի՞նչ վնաս ունի, թող ուրախանան «երեխէքը»... 

Կը հարցնեմ. 

Ի՞նչ ըսուեցաւ այս «երեխէքին» այդ պատարագէն առաջ։

Ի՞նչպէս բացատրուեցաւ անոնց՝ երգել չգիտնալով հանդերձ հոն կենալու անհրաժեշտութիւնը։

Պատարագէն վերջ ի՞նչ ըսին անոնց։ Վարչապետին էջին արձանագրուած ուղիղ հեռարձակումը դիտեցի՞ն այդ մանուկներուն ծնողները, մանուկներուն ալ դիտել տուին, հպարտացան, ուրախացան ու «Ապրի՞ք» ըսին անոնց։ 

Քանիերորդ անգամն է կը հարցնեմ. 

Ա՞ս ենք մենք։ 

Ուրիշ պատկերի մը տակ ալ հաւաքուած «մենք» մը տեսայ. 

Պաքուի մէջ ընթացող, մեր գերիներուն՝ Արցախի պետական գործիչներուն անցած շաբթուան դատավարութեան ընթացքին, ատրպէյճանցի գլխաւոր դատախազը ցմահ բանտարկութիւն առաջարկեց Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանին, Արցախի այլ նախագահներուն՝ 20 եւ 16-19 տարի բանտարկութիւն պահանջեց աւելի տարեց մեր գերիներուն։ 

Մենք ի՞նչ ըրինք։ 

Երանի ոչինչ ընէինք։ 

Հայաստանի գիւղերուն մէջ բացառիկ չափանիշներով վերանորոգուած մանկապարտէզներ ցուցադրեցինք։

Երեխայի մը «ֆիզքուլթուրա» չընելու հոգեկան վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին խօսեցանք։ 

Երեկոյեան մեր շորերը ցուցադրեցինք։ 

«Շտապ, շատ շտապ պէտք եղաւ»՝ մեր զէնք գնելը յայտարարեցինք։ 

«Արմսաթ1»ին առաքելութեան աւարտը յայտնեցինք։ 

Իր շուրջ հաւաքուած մարդոց պատճառած լարուածութեան չդիմանալով անկած ձագուկ լուսանը նկարեցինք։ 

Հեռուստաաշտարակին նոր լուսաւորման մասին աւետեցինք։ 

«Աղօթքի նախաճաշ»ի գացինք։ 

Գիւղի մեր աղջնակները live-ով եթեր հանեցինք եւ մեր գերիներուն նկարին տակ՝ «Ամէն դաւաճան Աստծուց թող վախենայ։ Արժանի են», «Կերել են, հիմա էլ գտնում են» եւ «օրէ օր ծերանում են...» գրեցինք։ 

Մենք չդատէի՞նք մեր «դաւաճանները», երբ թշնամիի ճաղերուն ետեւ իրենց ո՛չ թէ դաւաճանութեան, այլ՝ պարզապէս հայ ըլլալնուն համար կը դատուին անոնք։ 

Ի՛նչ ալ ըրած ըլլան, արժանի՞ են, արժանի ե՞նք այս անպատուութեան։

Ժամանակի՜ն, մէկ-մէկ ես ինծի կը հարցնէի. 

Ա՞ս ենք մենք։ 

Այսօր, մնջախաղի պուպրիկներուն պէս հագցուած, թելով շարժող մեր աղջիկները, անարժանապատիւ կացութեան մէջ յայտնուած մեր գերիներուն նկատմամբ մեր ու մեր իշխանութեան անտարբերութիւնը եւ ուրիշ շա՜տ բաներ կը դիտեմ ու չեմ հարցներ. կը հաստատեմ՝ 

Ա՛ս ենք մենք։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025